Ծիծեռնակներ

Անոնք հեռաւոր երկիրներէ, երկար ճամբորդութենէ մը վերջ ցուրտէն փախած, ու մեզի եկած էին, Ապրիլի տաք օրերը վայելելու համար: 

Ցեխ եւ շիւղեր կը հաւաքէին կտուցներով ու անոնցմով իրենց նոր բոյն կը հիւսէին:

Ծիծեռնակներ

Ապրիլի առաւօտ մըն էր, երբ մենք երկու եղբայրներ դեռ կը քնանայինք մեր տաքուկ անկողիններուն մէջ, հայրս ուրախութեամբ ներս մտաւ.

– Ծոյլ հաւիկներ, շուտ արթնցէ՛ք, ելէ՛ք անկողնէն: Հիւրեր ունինք պատուհանին առջեւ: Գիշերը եկեր են ու մեզ կը բարեւեն: Ահա՛ մտիկ ըրէ՛ք,- ըսաւ եւ անմիջապէս պատուհանը բացաւ:

Բաց պատուհանէն ներս թռչուններուն ծլվլիկները կը լսուէին.

Ծիկ-ծիկ, ծիկ-ծիկ, ծլվլիկ

Օրերով ճամբորդեցինք

Ահա՛ հասանք նոր երդիք

Բայց անօթի մնացինք

Գտանք համով միջատներ

Կշտացուցինք փորիկը մեր

Ծիկ-ծիկ, ծիկ-ծիկ, ծլվլիկ

Ծիկ-ծիկ, ծիկ-ծիկ, ծլվլիկ

 

Մենք երկու եղբայրներ, անմիջապէս ցատկեցինք մեր անկողիններէն եւ մօտեցանք պատուհաններուն: Տեսանք ծիծեռնակները, որոնք եկեր էին իրենց բոյնը շինելու մեր տանիքի երդիքին տակ:

Անոնք հեռաւոր երկիրներէ, երկար ճամբորդութենէ մը վերջ ցուրտէն փախած, ու մեզի եկած էին, Ապրիլի տաք օրերը վայելելու համար:

Ցեխ եւ շիւղեր կը հաւաքէին կտուցներով ու անոնցմով իրենց նոր բոյն կը հիւսէին: Բոլորն ալ վարպետ որմնադիրներունման կ’աշխատէին: Կարծես շարժումներով կը խօսակցէին իրարու հետ.

– Դեռ ցեխի պէտք ունինք:

– Շատ լաւ, ես կը բերեմ:

– Քիչ մը եւս մօտեցի՛ր:

– Հարկաւ, ա՛ռ:

– Քիչ մը եւս շիւղ պէտք է:

– Հոս կայ, ա՛ռ:

– Յոգնեցանք, ի՞նչ պիտի ուտենք:

– Ի՞նչ կ’ուզես:

– Որդ եւ թրթուր լաւ կ’ըլլայ:

– Ահաւասի՛կ, ես գտայ:

– Օ՜ն ճաշը պատրաստ է:

– Հրամեցէ՛ք ընկերներ:

 

Բոլորը սեղանի շուրջ հաւաքուեցան: Լօփիկ որդերով, թրթուրներով կշտացուցին իրենց փորիկը:

Մէկ շաբթուայ ընթացքին ծիծեռնակները թէ՛ իրենց բոյնը շինեցին եւ թէ բոյսերուն վնաս պատճառող միջատները կերան եւ պարտէզին հողը մաքրեցին:

Ծիծեռնակները մեզի բարիք ալ գործեցին իրենց այցելութեամբ: Անոնց շնորհիւ զանազան բանջարեղեններ պիտի կարենանք տնկել: Այո, մեր պարտէզը այս տարի պիտի լեցուի աւելի առատ կարմիր լոլիկներով, համեղ պղպեղներով ու կանանչ լուբիաներով:

Հունգարական Հեքիաթ