Տոն Քիշոթ
Տոն Քիշոթ շարունակ ասպետներու վէպերը կը կարդար: Այդ պատճառով գլուխը խառնաշփոթ՝ զանազան արկածախնդրութիւններ կ’երեւակայէր:
Եւ բոլորն ալ իրական կը կարծէր:
Տոն Քիշոթ
Տոն Քիշոթ տարիքոտ ազնուական մըն էր: Ան շարունակ կը կարդար ասպետներուվէպերը, հետեւաբար գլուխը խառնաշփոթ՝ զանազան արկածախնդրութիւններ կ’երեւակայէր: Եւ բոլորը իրական կը կարծէր: Ան ունէր հաւատարիմ ծառայ մը, Սանշօն, որ պարապ տեղ կը ջանար արգիլել տիրոջը սխալները:
Տոն Քիշոթի այլանդակութիւններէնամէնէն նշանաւորն էր հողմաղացներունդէմ անոր կռիւը: Այդ հողմաղացները մէկմէկ հսկայ կը կարծէր ան: Եւ օր մըն ալ Տոն Քիշոթ դաշտագետնին ծայրը նշմարեց քառասունի մօտ հողմաղացներ:
– Բարեկամ,- ըսաւ ան Սանշոյին,- մեր բախտը բանեցաւ: Կը տեսնե՞ս սա սարսափելի հսկաները: Պիտի յարձակիմ անոնց վրայ, պիտի մեռցնեմ ամէնքն ալ: Ահագին հարստութիւն ձեռք պիտի ձգենք:
– Ո՞ր հսկաները,- հարցուց Սանշօ:
– Սա՛, դիմացինները, որոնք իրենց ահարկու բազուկներով դիմացդ կեցած են:
– Բայց, Տէ՛ր իմ, զգուշացէ՛ք, անոնք հողմաղացներ են եւ ինչ որ դուք բազուկ կը կարծէք, անոնց թեւերն են:
– Դուն ոչ մէկ գաղափար ունիս արկածախնդրութիւններու մասին: Ինծի՞ պիտի սորվեցնես: Ասոնք հսկաներ են: Եթէ կը վախնաս, մէկ կողմ քաշուէ՛ եւ աղօթէ՛, մինչ ես պիտի մղեմ այս վտանգաւոր պայքարը:
Այս ըսելով հեծաւ ձին առանց ականջ տալու Սանշոյի խօսքերուն:
– Հսկաներ չեն ասոնք, հողմաղացներ են,- կը պոռար Սանշօ իր ամբողջ ուժով:
Մեր ասպետը հողմաղացներուն մօտեցած էր:
– Սպասեցէ՛ք, վատ աւազակնե՛ր, մի՛ փախչիք, ձեր վրայ յարձակողը առանձին ասպետ մըն է,- կը գոռար ան:
Նոյն պահուն քիչ մը հով փչեց եւ հողմաղացին թեւերը սկսան դառնալ:
– Օ՜հ, պարապ տեղը իրար կ’անցնիք, ձեռքէս ազատում չունիք, պիտի պատժուիք,- գոռաց Տոն Քիշոթ եւ վահանը բարձր բռնած, ձին վազցուց եւ գնաց նետուիլ դէմի առաջին հողմաղացին վրայ: Քիչ վերջ հողմաղացին թեւէն կախուած բարձրացաւ օդին մէջ եւ ձիուն հետ մէկտեղ նետուեցաւ դէպի քսան քայլ հեռուն:
Սանշօ, իր իշուկը կարելի եղածին չափ վազցնելով հասաւ տիրոջը քով: Անկումը այնքան ուժգին եղած էր, որ Սանշօ մեծ դժուարութեամբ է որ վերցուց զայն գետնէն:
– Չէ՞ի ըսած ձեզի,- աղաղակեց Սանշօ: Հողմաղացներ ըլլալը չէի՞ ըսած: Ասիկա չտեսնելու համար մարդ իսկապէս փախուկ ըլլալու է:
– Հանդարտէ՛, հանդարտէ՛, Սանշօ՛ բարեկամ,- ըսաւ մեր հերոսը բախտի գործ է պատերազմ ըսածդ, մանաւանդ երբ թշնամիդ սարսափելի կախարդ մըն է: Կը կարծես թէ ըրածը չհասկցա՞յ. ան՝ հսկաները փոխակերպեց հողմաղացներու, յաղթանակի փառքը ձեռքէս առնելու համար: Համբերութիւն սակայն: Օր մը սուրս պիտի յաղթանակէ:
– Աստուած տայ,- պատասխանեց Սանշօ, զայն ոտքի հանելով եւ վազեց գնաց անոր վիրաւոր ձին ալ վերցնելու: Եւ ճամբայ ելան անոնք նոր արկածախնդութիւններու համար: