Երջանիկ Իշխանը / Ա

Երջանիկ Իշխանին արձանը կանգնած էր քաղաքին բոլոր շէնքերէն ու աշտարակներէն աւելի բարձր դիրքով, երկար սիւնի մը վրայ:  Ամէն մարդ կը հիանար այս արձանին գեղեցկութեան վրայ: Աշխարհի ամէնէն յուսահատ մարդն անգամ կրնար այս արձանին նայիլ եւ ըսել…

Երջանիկ Իշխանը / Ա

Երջանիկ Իշխանին արձանը կանգնած էր քաղաքին բոլոր շէնքերէն ու աշտարակներէն աւելի բարձր դիրքով, երկար սիւնի մը վրայ: Անոր մարմինը ամբողջովին ոսկիով պատուած էր: Աչքերուն տեղ զետեղուած էին զոյգ մը թանկագին քարեր: Իսկ սուրին վրայ դրուած էր խոշոր ու կասկարմիր զմրուխտ մը, որ կրակի կտորի մը նման կը փայլէր:
Ամէն մարդ կը հիանար այս արձանին գեղեցկութեան վրայ: Աշխարհի ամէնէն յուսահատ մարդն անգամ կրնար այս արձանին նայիլ եւ ըսել. «Որքա՜ն լաւ է, որ աշխարհի վրայ երջանիկ մարդ մըն ալ գոյութիւն ունի»:
Գիշեր մը քաղաքին վերեւ փոքրիկ ծիծեռնակ մը երեւեցաւ: Ծիծեռնակին ընկերները վեց շաբաթ առաջ արդէն ճամբայ ելած էին դէպի Եգիպտոս:
Բայց այս փոքրիկ ծիծեռնակը չէր գացած իր ընկերներուն հետ, որովհետեւ ան սիրահարած էր աշխարհի ամէնէն գեղեցիկ սէզին, որ բուսած էր գետի մը եզերքը:

– Կրնա՞մ քեզ սիրել, հարցուցած էր ծիծեռնակը կանանչ խոտին, եւ անմիջապէս սկսած էր դառնալ անոր շուրջ:

Սէզը մեղմօրէն խոնարհած ու բարեւած էր ծիծեռնակը: Անկէ վերջ, ամէն օր եկած էր սէզին քով եւ դարձած էր անոր շուրջ: Այսպէս օրերը անցած էին եւ վերջացած էր ամառը:

Երբ բոլոր ծիծեռնակները գաղթեցին, ծիծեռնակը ինքզինք շատ առանձին զգաց եւ հետզհետէ սկսաւ ձանձրանալ իր սիրելի սէզէն, որովհետեւ սէզը բնաւ չէր խօսեր եւ կարեւորութիւն չէր տար ծիծեռնակին: Ծիծեռնակը հասկցաւ, որ սէզը իրեն յարմար ընկերուհի մը չէր, որովհետեւ ան միշտ իր տեղը անշարժ կը մնար, մինչ ինք կը սիրէր թռչտիլ ու սաւառնիլ երկինքին մէջ:

– Ինծի հետ կու գա՞ս դէպի հեռաւոր երկիրներ,- հարցուց օր մը, ծիծեռնակը սէզին: Սէզը գլուխը շարժեց ու մերժեց, անգամ մը եւս հաստատելով, թէ ան իր տեղէն հեռանալ չէր ուզեր:

– Քեզի հետ պարապ տեղ ժամանակ կորսնցուցի,- ըսաւ ծիծեռնակը. ես այլեւս կը մեկնիմ դէպի շատ հեռու, դէպի բուրգերու երկիրը Եգիպտոս: Մնաս բա՜րով:

Այս խօսքերը արտասանելէ վերջ, ծիծեռնակը թռաւ գնաց:
Երբ քաղաք հասաւ, արդէն իրիկուն եղած էր:

– Արդեօք ո՞ւր թառիմ,- ըսաւ ան եւ շուրջը դիտեց թառելիք տեղ մը գտնելու համար:

Այդ միջոցին, տեսաւ արձանը:
«Ահաւասիկ տեղ մը, ուր կրնամ թառիլ», մտածեց ուրախութեամբ: Օդասուն ու մաքուր վայր մըն է այդ:
Գնաց ու թառեցաւ Երջանիկ Իշխանին ոտքերուն միջեւ: Բայց շատ զարմացաւ, երբ տեսաւ, որ արձանը շինուած էր ոսկիէ:

– Ասիկա ոսկեայ բոյն մըն է,- մրմնջեց ուրախութեամբ:

Յետոյ փորձեց քնանալ ու հանգչիլ: Բայց ճիշդ այն պահուն, երբ իր գլուխը պիտի առնէր իր թեւին տակ, զգաց որ ջուրի խոշոր կաթիլ մը ինկած էր գլխուն վրայ:
«Զարմանալի բան», մտածեց: «Երկինքին վրայ հատ մը իսկ ամպ չկայ, աստղերը փաս-փայլուն են: Այս անձրեւի կաթիլը ո՞ւրկէ եկաւ»:

Մտածեց, որ կարելի չէ վստահիլ Հիւսիսային Եւրոպայի կլիմային: Այդ միջոցին կաթիլ մը եւս ինկաւ գլխուն վրայ:

– Եթէ այս արձանը պիտի չկարենայ պաշտպանել զիս անձրեւէն, ի՞նչի կը ծառայէ ան,- մրմնջեց ծիծեռնակը: Լաւ կ’ըլլայ, որ երթամ ծխնելոյզ մը գտնեմ անձրեւին դէմ պաշտպանելու համար:

Բայց տակաւին իր թեւերը չէր բացած, երբ երրորդ կաթիլ մըն ալ ինկաւ գլխուն վրայ: Ծիծեռնակը բարկութեամբ վեր նայեցաւ: Եւ ի՜նչ տեսնէ: Երջանիկ Իշխանին աչքերը արցունքով լեցուն էին եւ անոր ոսկեայ այտերէն մարգրիտի նման արցունքներ կը թափէին: Երջանիկ Իշխանին գեղեցիկ դէմքը լուսնի լոյսին տակ այնքան տխուր երեւոյթ մը ունէր, որ ծիծեռնակը մեղքցաւ ու հարցուց.

– Ո՞վ ես դուն:

– Ես Երջանիկ Իշխանն եմ,- պատասխանեց արձանը:

– Լաւ, բայց ինչո՞ւ կու լաս,- հարցուց ծիծեռնակը: Նայէ՛, ես թափթաց եղայ քու արցունքներէդ: Երջանիկ Իշխանը պատմեց իր կեանքի պատմութիւնը:

– Ատենօք, երբ տակաւին կ’ապրէի եւ երբ բոլոր միւս մարդոց նման սիրտ մը կը տրոփէր) կուրծքիս տակ, ես չէի գիտեր, թէ արցունքը ի՞նչ է:

Որովհետեւ ես կ’ապրէի պալատի մը մէջ, ուրկէ ներս միայն ուրախութիւն եւ երջանկութիւն կը տիրէր: Օրուան ընթացքին պալատին պարտէզներուն մէջ ընկերներուս հետ կը զուարճանայի, գիշերներն ալ պալատին մեծ սրահին մէջ կը պարէինք: Պալատին պարտէզը շրջապատուած էր բարձր պարիսպներով: Շուրջս ամէն ինչ այնքա՜ն գեղեցիկ էր, որ բնաւ չէի մտածեր հարցնել, թէ ի՞նչ կ’անցնի կը դառնայ պատերէն անդին: Պալատին ժողովուրդը զիս Երջանիկ Իշխան կը կոչէր: Եթէ պերճանքը կարելի է երջանկութիւն անուանել, այո՛, կրնամ ըսել որ երջանիկ էի: Ահաւասիկ այդպէս ապրեցայ եւ օր մըն ալ մեռայ: Հիմա մեռեալ մըն եմ եւ զիս հոս զետեղեցին, որպէսզի հոսկէ կարենամ տեսնել իմ քաղաքի բոլոր տգեղութիւններն ու ժողովուրդիս կրած տառապանքը: Իրականին մէջ, սիրտս կապարի կտոր մըն է, բայց տակաւին լալու կարողութիւն ունիմ, եւ լալէ ուրիշ բան չեմ կրնար ընել:

Երջանիկ Իշխանը շարունակեց իր կակուղ ու թաւշանման ձայնով.

– Շատ հեռուն, փոքրիկ, նեղլիկ փողոցի մը մէջ, աղքատ ընտանիք մը կ’ապրի: Տան պատուհաններէն մէկը բաց է: Հոն կը տեսնեմ կին մը, որ սեղանին առջեւ նստած է: Նիհար, ուժասպառ վիճակ մը ունի: Խոշոր, կարմիր ձեռքերը ծակ ծակ եղած են կար կարելէ:

Այո՛, ան կարուհի մըն է: Թագուհիին օգնականներէն մէկուն համար կը կարէ շքեղ հագուստ մը, զոր այդ կինը պիտի հագնի յառաջիկայ պարահանդէսին:
Սենեակին մէկ անկիւնը, անկողինին մէջ իր փոքրիկ որդին հիւանդ պառկած է: Տղեկը սաստիկ տաքութիւն ունի: Ծարաւցած է: Անոր միակ փափաքն է նարինջ մը ուտել: Մինչդեռ մայրը նարինջ մը գնելու չափ իսկ դրամ չունի: Բացի գաւաթ մը ջուրէ, ուրիշ բան չի կրնար տալ իր զաւկին: Այդ պատճառաւ խեղճ տղեկը կու լայ անդադար: Փոքրիկ ծիծեռնա՜կ, քեզմէ խնդրանք մը ունիմ. ես չեմ կրնար տեղէս շարժիլ, քու կտուցով հանէ սուրիս զմրուխտը եւ տա՛ր զայն այդ աղքատ կնոջ: Իմ ոտքերս այս սիւնին կապուած են, չեմ կրնար երթալ:

– Ես ժամանակ չունիմ,- պատասխանեց ծիծեռնակը: Իմ ընկերներս ինծի կը սպասեն Եգիպտոսի մէջ: Հոն օդը գեղեցիկ է եւ ընկերներս Նեղոսի գետին վրայ նունուֆարներու հետ կը սիրաբանին: Իսկ հոս ցուրտ է եւ աւելի երկար չեմ կրնար սպասել ես:

– Ծիծեռնա՜կ, ծիծեռնա՜կ, փոքրիկ ծիծեռնա՜կ,- ըսաւ Իշխանը: Միայն գիշեր մը կեցիր իմ քով: Դուն չես գիտեր, թէ ի՜նչպէս կը տանջուի այդ փոքրիկ հիւանդը եւ որքան տխուր է անոր դժբախտ մայրը:

…………………
Շարունակելի
Գրեց: Օսքար Ուայլտ
Թարգմանեց: Մաքրուհի Պ.Յակոբեան