Սուտլիկ Որսորդը
Հաթին էր, Հիւթին էր, Չաթի էր, Մաթին էր, հայրս էր, ես էի, գացինք մենք որսի…: Լեռ ու ձորերէն մենք շիտակ գացինք՝ հոն, ուր որս տեսանք, լուռ ու մունջ գացինք:
Սուտլիկ Որսորդ
Հօրս կնունքով, մօրս հարսնիքով
ելանք ու օր մը հինգ-վեց հոգիով,
սուրով ու վեց զէնքով մենք որսի գացինք:
Հաթին էր, Հիւթին էր, Չաթի էր, Մաթին էր,
հայրս էր, ես էի, գացինք մենք որսի…:
Լեռ ու ձորերէն մենք շիտակ գացինք՝
հոն, ուր որս տեսանք, լուռ ու մունջ գացինք, վախնալիք տեղեր ծռելով գացինք…:
Գացի՜նք, գացի՜նք շատ թէ քիչ,
մէյ մըն ալ տեսանք երեք լիճ,
երկուքը ցամքած , մէկուն մէջն ալ ջուր չկար:
Նայեցանք, տեսանք՝ անջուր լիճին մէջ
կը լողային–կը կանչէին երեք ճերմակ բադեր,
երկուքը սատկած, մէկն ալ ողջ չէր բնաւ:
– Հաթի՛, զա՛րկ ատոնց:
– Ես զէնք չունիմ:
– Հիւթի՛, հիմա դուն քու զէնքդ պարպէ՛:
– Ես ալ զէնք չունիմ:
– Չաթի՛, Մաթի՛…:
– Մենք ալ չունինք…:
Ծօ՛, ի՞նչ ընենք…:
Հօրս ձեռքը կարճ ու երկար,
հաստ ու բարակ փայտ մը կար:
Նշան առաւ:
Մէյ մըն ալ պո՛ւմ, կրակեց գլխուն:
Ինք կրակեց, մէյ մըն ալ ես:
Զարկի բադին. ան փռուեցաւ,
թեւը ըսես ճիշդ մեթր ու կէս…:
– Հաթի՛, դանակ:
– Ես դանակ չունիմ:
– Հիւթի՛, իսկ դուն:
– Ես ալ չունիմ:
– Չաթի՛, Մաթի՛…:
– Մենք ալ չունինք…:
Ծօ՛, ի՞նչ ընենք…:
Հայրս ալ ունէր դանակ մը բութ :
Քաշեցինք այդ բութ դանակը:
Հաթին մորթեց չկրցաւ,
Հիւթին մորթեց չկրցաւ,
Չաթին չկրցաւ, Մաթին չկրցաւ,
հայրս ալ չկրցաւ: Ես քաշեցի, զայն մորթեցի:
Մորթեցի, գետին փռեցի:
Բադն ալ ի՜նչ բադ, գոմէշի չափ:
Հաթին շալկեց չկրցաւ,
Հիւթին շալկեց չկրցաւ,
Չաթին չկրցաւ, Մաթին չկրցաւ,
հայրս ալ չկրցաւ: Ես շալկեցի, ճամբայ ելանք:
Գացի՜նք, գացի՜նք, տեղ մը հասանք:
Մէյ մըն ալ տեսանք երեք հատ գիւղ,
երկուքին տեղը չէր երեւիր,
միւսին մէջն ալ մարդ-մուրդ չկար:
Այս անմարդ գիւղին մէջ, հոս փնտռեցինք,
հոն փնտռեցինք, տուն մը գտանք:
Տան մէջ երեք ծեր կին, երկուքը մեռած,
միւսին փորն ալ շունչ չկար:
– Տղա՛ք ըսինք, եկէ՛ք բադով փիլաւ եփենք:
Անշունչ կինը գնաց տունը,
հոս փնտռեց, հոն նայեցաւ,
երեք կաթսայ մեզի բերաւ,
երկուքը ծակ, երրորդն ալ չունէր յատակ :
Ջուր լեցուցինք կաթսան անտակ,
մէջը դրինք բրինձ ու բադ եւ եփեցինք ճաշն անկրակ:
Եփեցան հոն ու եփեցան, բայց ի՛նչ եղաւ,
միս ու բրինձ թափեցան դուրս,
մէջը մնաց միայն ջուրը:
Որսէն եկած անկուշտ մարդիկ,
վրան ինկանք, կերանք, կերանք:
Ոչ աչքերնիս բան մը տեսաւ,
ոչ բերաննիս բան մը մտաւ: