Ժողվռտուք

Մայրիկը շատ լաւ գիտէր, թէ
Կիրակոսին մէկ բանը
Հազա՛ր անգամ պէտք է կրկնէր,
Մինչեւ բերանը մա՛զ բուսնէր…: 

Ժողվռտուք

Ամէն գիշեր ընթրիքէն ետք
Մայրիկը անպայման կ’ուզէր
Որ Կիրակոսը սենեակը հաւաքէ՜ր,
Թափած թափթփած գիրք-միրք
Խաղալիք գուլպայ կօշիկ
Տաբատ շապիկ…:

Կիրակոսը բնաւ չէր հասկնար
Թէ գիրք-միրք խաղալիք
Գուլպայ կօշիկ
Տաբատ շապիկ
Ինչո՞ւ հաւաքէր
Եթէ յաջորդ օրը
Նորէն պիտի թափէր թափթփէր…
Հաւաքելը իմաստ ունէ՞ր…:

Մայրիկը մէկ կողմէն
Ընթրիքի սեղանը կը հաւաքէր,
Միւս կողմէն
Խոհանոցէն կը կանչէ՜ր…
Ան շատ լաւ գիտէր, թէ
Կիրակոսին մէկ բանը
Հազա՛ր անգամ պէտք է կրկնէր,
Մինչեւ բերանը մա՛զ բուսնէր…:

Տակաւի՜ն
Հազար անգամ կրկնելէն ետք,
Մայրիկը շա՜տ լաւ գիտէր,
Վստա՛հ էր,
Որ Կիրակոսը գիրք-միրք
Խաղալիք գուլպայ կօշիկ
Տաբատ շապիկ
Բոլո՜րը մահճակալին տակ
Կը թխմէր,
Իր կարճ խելքով
Կը կարծէր իբր թէ
Սենեակը հաւաքած էր…:

Մայրիկը խոհանոցէն
Կը կանչէ՜ր ու կը կանչէ՜ր,
Իսկ հայրիկը
Ականջներուն մէջ
Բամպակ թխմած,
Բազկաթոռին հանգի՜ստ նստած,
Ոտքերը երկնցուցած,
Օրաթերթը կը կարդար,
Քանզի գիտէր
Թէ այս ժողվռտուքին պատմութիւնը
Ամէն գիշեր
Շա՜տ երկար կը տեւէր…: