Թօթօ եւ Արեւ
Հէ՜յ, լաւ նայէ՛, այս սենեակին մէջ կարեւոր փոփոխութիւն մը կայ: Լուսաւորութեան պատճառը, ո՛չ խաղալիքները, ո՛չ ալ յօտուած ծառերն են: Ուրիշ բան մը:
Թօթօ եւ Արեւ
Այդ առաւօտ Թօթօ, շատ կանուխ արթնցաւ եւ անմիջապէս սենեակը հաւաքեց:
Մայրը, Թօթօն արթնցնելու նպատակով երբ սենեակ մտաւ, շուարեցաւ:
– Օօօ՜… սենեակդ որքան լուսաւորուեր է: Պատուհանին առջեւի ծառերը յօտեր են, արեւը սենեակը լեցուցեր է :
Պատուհանները բացաւ, բարձերը ուռեցուց: Լոյսին պատճառը չէր կրցած հասկնալ: Կը կարծէր, որ պատճառը յօտուած ծառերն էին:
Շատ չանցած հեւ ի հեւ Սելօն եկաւ:
– Օ՛ն Թօթօ,- ըսաւ,- Դուրս ելլենք, օդը շատ աղուոր է:
Զօրաւոր լոյսը Սելոյին ալ աչքերը շլացուցած էր:
– Աաա՜, հոս որքա՞ն լուսաւոր է, աչքերս շլացան: Իրապէս սենեակդ ինչո՞ւ այսքան լուսաւոր է: Արդեօք պատուհանին առջեւի խաղալիքներ՞ը վերցուցիր:
– Հէ՜յ, լաւ նայէ՛, այս սենեակին մէջ կարեւոր փոփոխութիւն մը կայ: Ու լուսաւորութեան պատճառը, ո՛չ խաղալիքները, ո՛չ ալ յօտուած ծառերն են: Ուրիշ բան մը:
Սելօ զարմացած մնացած էր: Աչքերը դէպի ձեղուն բարձրացուց եւ յետոյ սկսաւ չորս կողմը դիտել:
– Հըը… չկրցայ գտնել:
– Սենեակս, այլեւս միշտ լուսաւոր պիտի ըլլայ: Գիշերներն իսկ մութ պիտի չըլլայ:
Սելօն շուարած Թօթոյին նայեցաւ:
– Ի՞նչ է պատճառը:
Թօթօն մատովը պատը ցոյց տուաւ:
– Սա բանին կը նայի՞ս:
Սելօն դէպի պատկեր մօտեցաւ:
– Ի՞նչ է աս:
– Արեւ, արեւուն պատկերը գծեցի, պատին կախեցի: Այլեւս, սենեակս միշտ լուսաւոր պիտի ըլլայ:
Գրեց: Սէվիմ Ագ
Թարգմանեց: Սիլվա Ճէրանեան