Ջատուկ Սարային Վիճակահանութիւնը
Ջատուկները, վիճակահանութեան կը մասնակցին: Անմիջապէս կը սկսին երազել: Ի՞նչ պիտի շահին արդեօք: Նոր աւել մը, իրենց ընկերացող ագռաւ մը, ուրիշ ինչե՜ր ինչեր… :
Ջատուկ Սարային Վիճակահանութիւնը
Հեռաւոր երկրի մը ամենամեծ ջատուկը՝ Ջատուկ Սարա վիճակահանութիւն մը կը կազմակերպէ:
– Միայն երեք սարդի ոտք վճարելով կաթսայէն թիւ մը կրնաք քաշել.-կ’ըսէ:
Ջատուկ Սարա իր խրճիթին առջեւ կեցած միւս ջատուկներուն կ’ըսէ՝
– Իւրաքանչիւր թիւին նուէր մը պիտի տրուի:
Ջատուկները, անմիջապէս կը սկսին երազել: Ի՞նչ պիտի շահին արդեօք: Նոր աւել մը, իրենց ընկերացող ագռաւ մը, ուրիշ ինչե՜ր ինչեր…:
Բոլոր ջատուկները մէկ մէկ իրենց թիւերը կը հանեն կաթսային մէջէն:
Կարգը պզտիկ ջատուկ Անիին կու գայ: Ան երբ կը կարդայ իր թիւը՝
– Ապրիս փոքրիկ աղջիկ,- կ’ըսէ Ջատուկ Սարա,- Մամոնտ մը շահեցար:
Անի շատ կը շուարի, որովհետեւ իր շահածը, հսկայ եւ մազերով ծածկուած իրական մամոնտ մըն է:
– Անոր խնամք տար,- կ’ըսէ տարեց ջատուկը, կարմիր անուր մը երկարելով Անիին:
Ամենափոքրիկ ջատուկ Անի, ստիպուած՝ այդ խոշոր մամոնտը առնելով կը մեկնի դէպի անտառ: Իսկ միւս ջատուկները խնդալէն կը մարին Անիին այս վիճակին վրայ:
Անի ուրիշ ճար չունի, քանի որ Ջատուկ Սարային նուէրը չի կրնար մերժել: Որովհետեւ ան շատ լաւ գիտէ, որ եթէ մերժելու ըլլայ Ջատուկ Սարա սաստիկ կը բարկանայ:
Անի եւ մամոնտ տուն կը հասնին, մամոնտը Անիին հետեւելով ներս կը մտնէ: Գռաագ:
– Հէ՜յ դուռս կոտրեցիր, յանուն օձի մրգանոյշի : Օ՛ն պառկէ, բազկաթոռին վրայ պիտի քնանաս:
Եւ Սգրօօօգ: Բազկաթոռը շոքոլայի նման կը ճզմուի:
Մամոնտը թէ տան մէջ շատ տեղ կը գրաւէ եւ թէ կը խռկայ: Ինչ տարօրինակ նուէր մըն է այս: Բայց Անին հասարակ ջատուկ մը չէ: Փոխանակ անկէ ազատելու, կը խորհի զայն կերակրելու մասին:
Յաջորդ օրերուն անոր հետ կը հետաքրքրուի, մարմինը կը խոզանակէ, կերակուրներ կը պատրաստէ, նոյնիսկ անոր բարի գիշեր մաղթելով՝ պաչիկ մը կու տայ:
Եւ Դրիինգ:
Կռահեցէ՛ք տեսնենք, մամոնտը ինչի՞ վերածուած կրնայ ըլլալ:
Այս Ջատուկ Սարան ալ, որքա՜ն կատակասէր է: