Մշուշն ու Լոյսը
Ամէն յուզում, անպայման ունի իր լոյսը: Լոյսը այնպիսի յոյս մըն է որ մարդոց սրտերը կը լուսաւորէ:
Ան օգնութեան կը հասնի մարդոց տխուր ու անճար ժամերուն:
Մշուշն ու Լոյսը
Ձմրան առաւօտ մը, Լայջի դպրոց երթալու համար ճամբայ ելաւ: Օդը մշուշոտ էր: Դժուար էր տեսնել ամէն ի՛նչ: Լայջի երբ մշուշի մէջ կը յառաջանար, յանկարծ զգաց, որ բան մը դպաւ ուսին:
Շուրջը նայեցաւ. ոչ ոք կար: Զարմացած՝ անշարժ մնաց պահ մը: Իսկոյն նշմարեց ճամբուն եզերքի ծառին ճիւղերը, որոնք դպած էին իր ուսին: Յանկարծ սկսաւ խօսիլ ծառը:
– Ո՞ւր կ’երթաս փոքրիկ մարդ, անունդ ի՞նչ է,- հարցուց ծառը:
– Անունս Լայջի է, դպրո՛ց կ’երթամ,- պատասխանեց Լայջի:
– Լա՛ւ, բայց մշուշ կայ, պիտի կարենա՞ս գտնել դպրոցի ճամբան,- ըսաւ ծառը, յետոյ լռեց: Ճիշդ այդ պահուն, ծառը կարծես խորո՜ւնկ շունչ մը առաւ եւ իր չոր տերեւներէն երկու հատը սուզուելով գետին ինկան: Լայջի այդ վայրկեանին զգաց թէ ծառը կը յուզուէր իր այն տերեւներուն, որոնք մէկիկ մէկիկ կը թափէին:
– Դո՛ւն, տերեւներուդ կը նեղուի՞ս,- հարցուց Լայջի:
– Ո՛չ երբեք, այս եղանակին տերեւներս միշտ կը թափին: Արդէն իսկ գարնան պիտի ունենամ աւելի դալար, աւելի առատ, աւելի առողջ նոր տերեւներ:
– Շատ լաւ, ինչո՞ւ նեղուած ես: Արդեօք, կը մսի՞ս առանց տերեւի,- հարցուց Լայջին: Սակայն վայրկենական նշմարեց, թէ ծառը շատ հաստ կեղեւ ունէր, կարելի չէր որ մսէր: Ան անմիջապէս հասկցաւ ծառին տխրութեան պատճառը:
– Գտա՜յ, պատճառը մշուշն է,- ըսաւ փոքրիկ տղան:
Լայջիին խօսքերուն վրայ ծառին բոլոր ճիւղերը, միասնաբար դէպի վար շարժեցան կարծես «Այո՛» ըսին:
– Իրաւունք ունիս,- ըսաւ ծառը,- մշուշն է տխրութեանս պատճառը, որովհետեւ ան երբ գոյանայ ամէն ի՛նչ անտեսանելի կը դարձնէ եւ անորոշութեան կ’ենթարկէ: Ես շատ լաւ գիտեմ, ի՛նչ է մշուշը: Կ’ուզե՞ս, քեզի ա՛լ բացատրե՞մ:
– Անշո՛ւշտ…:
– Աշխարհը թախիծով լեցուն է,- ըսաւ տարիքոտ ծառը,- մշուշն ալ մարդոց սրտերէն տարածուող վիշտն է:
Ծառը դեռ իր խօսքերը չէր աւարտած, երբ մշուշը սկսաւ անհետանալ եւ երկինքը լուսաւորուիլ: Արեւուն ճառագայթները հետզհետէ սկսան ալ աւելի փայլիլ: Լայջին հետաքրքրութեամբ հարցուց:
– Հապա՛, լոյսը ի՞նչ է:
– Սիրելի Լայջի, լոյսը յոյս է: Լոյսը այնպիսի յոյս մըն է որ մարդոց սրտերը կը լուսաւորէ: Ան օգնութեան կը հասնի մարդոց տխուր ու անճար օրերուն կամ ժամերուն:
Լոյսը կը ջնջէ տխրութիւնը, եւ կը բերէ ուրախութիւն: Ամէն յուզում, անպայման ունի իր լոյսը: Ինչպէ՛ս քիչ առաջ ապրեցանք, մշուշը ձգեց իր տեղը արեւու շողերուն:
Լայջի, ուրախութեամբ վազեց դէպի դպրոց: Յայտնի չէր թէ ի՛նչ էր պատճառը իր ուրախութեան: Անոր սիրտն ու հոգին լուսաւորուած եւ հրճուանքով լեցուած էր: