Անմոռանալի Կաղանդի Գիշեր Մը

Ահաւասի՛կ, ձեզի Կաղանդի նուէր մը… Կաղանդ Պապան ալ երբեմն կրնայ սխալիլ: Գամեր իր երազին մէջ խորհրդաւոր Կաղանդի գիշեր մը կ’անցընէ: Այն երազը, որուն մէջ կ’ապրին Փինոքիօն, Սինտրէլլան, Կարմիր Գլխարկիկը եւ այլ հեքիաթային հերոսներ: Եթէ կ’ուզես տեսնել բոլորը, շուտով սեղմէ՛ «դիտել»ը:

Անմոռանալի Կաղանդի Գիշեր Մը

Թատերախաղ

Ա. արար

Կաղանդի գիշեր մըն էր: Սարեան ընտանիքը հաւաքուած էր տօնածառին շուրջ: Մեծ ուրախութեամբ Կաղանդ Պապային բերած նուէրները կը բանային:

Գամէր – Սեդրակ, Կաղանդ Պապան ուրիշին նուէրը բերեր է ինծի: Ի՞նչ պիտի ընենք հիմա:
Սեդրակ – Կաղանդ Պապային երթանք:
Գամէր – Ի՞նչպէս պիտի երթանք: Մամա՛, մամա՛… Կաղանդ Պապան ինծի սխալ նուէր բերեր է:
Մայրիկ -Ուրկէ՞ հասկցար:
Գամէր – Վրան ուրիշ անուն մը գրուած է, նայէ՛:
Մայրիկ – Այո, քու անունդ չէ, ուրեմն մի՛ բանար:
Սեդրակ – Երթանք Կաղանդ Պապան գտնենք:
Մայրիկ – Կեցէ՛ք մէկ մը խորհինք: Կաղանդ Պապան արդեօք ինչո՞ւ ուրիշին նուէրը հոս ձգեր է:
Գամէր եւ Սեդրակ – Չենք գիտեր:
Հայրիկ – Թերեւս սխալ մը եղած է:
Մայրիկ – Կրնայ ըլլալ, սակայն պէտք է քիչ մը համբերատար ըլլալ, Կաղանդ Պապան անպայման կ’անդրադառնայ եւ իր սխալը կը սրբագրէ:
Գամէր – Բայց ի՞նչպէս համբերեմ, սխալ է նուէրս, սխալ:
Մայրիկ – Վաղը առաւօտ դարձեալ կը նայինք ծառին տակ: Թերեւս սխալը սրբագրուած կ’ըլլայ: Ալ հիմա շիտակ սենեակ գացէք, շուտ շուտ:
Սեդրակ – Վայրկեան մը, մեզի պատմութիւն պիտի չպատմե՞ս:
Մայրիկ – Հարկաւ պիտի պատմեմ եւ թէ Յիսուս Մանուկին պատմութիւնը պիտի պատմեմ: Լաւ այն ատեն նստեցէք, պատմեմ:

Բ. արար

Մայրիկ – Շատ տարիներ առաջ Յովսէփ եւ Մարիամ Բեթղեհէմ կը հասնին, այդ գիշեր շատ զօրաւոր աստղ մը կը փայլի, հրեշտակները լուր կը բերեն որ մանուկ մը ծնաւ, ան սպասուած Թագաւորը, Փրկիչն է: Յիսուս կը կոչուի: Մոգերը, հովիւները թագաւոր մանուկին նուէրներ կը յանձնեն:
Սեդրակ – Անոր տարեդարձը կը տօնե՞ն:
Մայրիկ – Այո զաւակս, մենք ալ ամէն տարի Յիսուս Մանուկին ծնած օրը Ծնունդին եկեղեցի կ’երթանք: Ուրեմն ալ գիշեր բարի:
Սեդրակ – Գամէր երթանք պառկինք, քալէ՛:
Գամէր եւ Սեդրակ – Գիշեր բարի մայրիկ, գիշեր բարի հայրիկ, երջանիկ տարիներ:

Երկու եղբայր յուզուած դէպի սենեակ կ’երթան եւ կ’որոշեն որ եթէ յաջորդ օր նուէրը փոխուած չէ, Կաղանդ Պապային երթան եւ իրենց նուէրը փնտռեն: Կը պառկին ու կը քնանան: Գամէրը երազ մը կը տեսնէ:

Գ. արար

Գամէր – Ա՜ա, բարեւ դուք ովքե՞ր էք:
Գաճաճներ – Մենք գաճաճներն ենք, անտառ փայտ կոտրելու եկանք:
Բարկացկոտ գաճաճ – Ես բարկացկոտ գաճաճն եմ:
Քնացող գաճաճ – Ես ալ քնացողը:
Գամէր – Ես Կաղանդ Պապան կը փնտռեմ, դուք տեսա՞ք զինքը:
Գաճաճներ – Մենք ո՞ւրկէ գիտնանք:
Բարկացկոտ գաճաճ – Փինօքիօն գիտէ՞ արդեօք:
Քնացող գաճաճ – Այո՛, այո՛, գնա՛ անոր հարցուր:
……….
Գամէր- Զիս գաճաճները ղրկեցին, ինծի կրնա՞ս օգնել:
Փինօքիօ – Ի՞նչպէս պիտի օգնեմ:
Գամէր – Ես Կաղանդ Պապան կը փնտռեմ:
Փինօքիօ – Լաւ, քեզ Կաղանդ Պապային կրնամ տանիլ: Բայց նախ իմ հարցումներուս պիտի պատասխանես: Ես դպրոցը բնաւ չէի սիրած, բայց հիմա որոշեցի այլեւս բարի եւ աշխատասէր աշակերտ մը ըլլալ: Կ’ուզե՞ս որ դուն ալ այդպէս ըլլաս:
Գամէր – Շուտ հարցո՛ւր շուտ:
Փինօքիօ – Ըսէ՛ նայիմ 4+2
Գամէր – 6
Փինօքիօ -Ճիշդ է: 5+3
Գամէր – 8
Փինօքիօ – Ապրիս՝, դուն շատ խելացի տղայ մըն ես, հիմա ուշադրութեամբ մտիկ ըրէ: Անտառին մէջ դէպի աջ գնա՛ եւ Սինտրէլլան գտիր: Անոր հարցո՛ւր, ան կրնայ քեզի օգնել:
Գամէր – Կարծեմ ճիշդ ըսիր: Նայէ՛ քիթդ չերկարեցաւ:
……….
Ջատուկ – Ի՞նչ գործ ունիս հոս: Չե՞ս վախնար ջատուկներէն: Կորսուէ՛ շուտ, թէ ոչ մուկի պիտի վերածուիս:
Գամէր – Ինչ կ’ըլլայ, ինծի գէշութիւն մի՛ ըներ. կարծեմ ես ճամբաս կորսնցուցի, Սինտրէլլան կը փնտռէի:
Ջատուկ – Սինտրէլլան ես ալ կը փնտռեմ: Եթէ գտնես ինծի ալ լուր տուր: Հիմա շուտ կորսուէ աչքիս առջեւէն:
Գամէր – Լաւ, լաւ, հիմա կրնամ՞ երթալ:
Ջատուկ – Կորսուէ՛
……….

Գամէր – Բարեւ, ես Կաղանդ Պապան կը փնտռեմ: Դուն տեսա՞ր:
Սինտրէլլա – Ո՛չ չտեսայ: Ետեւի տան մէջ կարմիր գլխարկով աղջիկը կ’ապրի: Անոր հարցո՛ւր, բայց աճապարէ՛, մեծ մայրիկին կարկանդակ պիտի տանէր, քիչ մը շուտ եղի՛ր:
……….
Գամէր – Ես ալ քեզի պիտի գայի, Կաղանդ Պապան տեսա՞ր:
Կարմիր գլխարկիկ – Այո՛, այո՛ կարծեմ Ռափունզէլին տան ծխնելոյզին վրայ տեսած էի: Մէկ մը անոր հարցուր: Զիս ալ հանգիստ ձգէ՛ որպէսզի մեծ մայրիկիս կարկանդակը տաք տաք տանիմ:
Գամէր – Լաւ շնորհակալ եմ: Դուն ալ ուշադիր եղիր գայլը քեզ չխաբէ:
……….
Գամէր – Որքան գեղեցիկ ես: Ըսէ ինծի Կաղանդ Պապան տեսա՞ր:
Ռափունզէլ – Ոչ, ես երկար մազերս կը սանտրեմ, Կաղանդ Պապան չտեսայ: Բայց քիչ առաջ Հանզել եւ Կրեթէլը հոսկէ անցան, կարծեմ Կաղանդ Պապան անոնց պիտի երթայ եղեր:
Գամէր – Կ’երեւի թէ մօտեցայ:
……….
Հանզել եւ Կրեթէլ – Դուն ով ե՞ս:
Գամէր – Ես Կաղանդ Պապան կը փնտռեմ: Կարծեմ ձեզի պիտի գայ եղեր:
Հանզել եւ Կրեթէլ – Այո՛, բայց մենք ալ մեր տունը կորսնցուցինք: Զայն կը փնտռենք:
……….
Գամէր – Դուն գիտե՞ս թէ Կաղանդ Պապան ուր է:
Մոյկով կատու- Ես շուկան կը պտըտէի: Դեռ նոր եկայ: Սա տուտուկին ձայնը կը լսես՞:
Գամէր – Այո՛…
Մոյկով կատու – Հոն կրնայ ըլլալ, գնա՛, անոր հարցո՛ւր:
……….
Գամէր – Կաղանդ Պապան տեսա՞ր:
Տուտուկահար – Ո՛չ, ես տուտուկ նուագելով գիւղին տղաքը կը հաւաքեմ: Կաղանդ Պապան չտեսայ:
……….
Գամէր – Օֆ՜ֆ, օֆֆ՛, ո՞վ պիտի օգնէ ինծի:
Դեռ չգրուած հերոսներ – Մենք…
Գամէր – Դուք ալ ո՞վ էք:
Դեռ չգրուած հերոսներ – Մենք դեռ չգրուած հեքիաթներուն հերոսներն ենք:
Դեռ չգրուած հերոս Ա- Ո՞վ գիտէ, երբ պիտի կարդաս այդ հեքիաթը:
Դեռ չգրուած հերոսներ – Բայց մենք գիտենք տեղը Կաղանդ Պապային:
Գամէր – Ո՞ւր է, ո՞ւր է, ըսէ՛ք, շուտ ըսէ՛ք:
Դեռ չգրոած հերոս Ա – Նայէ՛ սա հեռուն երկու ճամբայ կայ: Դուն աջէն գնա՛:
Դեռ չգրուած հերոս Բ – Ո՛չ, ձախ:
Դեռ չգրոած հերոս Ա – Ո՛չ, աջ:
Դեռ չգրուած հերոս Բ – Ո՛չ, ձախ:
Դեռ չգրոած հերոս Ա – Ո՛չ, աջ:
Գամէր – Կը բաւէ դուք դեռ աջը ձախը չէք գիտեր: Ի՞նչպէս պիտի օգնէք ինծի:

Դ. արար

Կաղանդ Պապան կու գայ, նուէրը կը ձգէ, յետոյ Տայքը կու գայ նուէրը ձեռքը կ’առնէ:

Տայք – Այս իմ նուէրս չէ: Մամա՛, ինծի ուրիշին նուէրը բերեր է Կաղանդ Պապան:

Կաղանդ Պապա – Տէր Աստուած, մեծ սխալ գործեր եմ, Գամէրին նուէրը Տայքին, Տայքին նուէրը Գամէրին տուեր եմ: Երթամ շուտ մը փոխեմ:

Ե. արար

Մայրիկ – Նախաճաշը պատրաստ է:
Գամէր – Մամա՛, մամա՛, գիտե՞ս ինչ եղաւ: Ամբողջ գիշերը երազիս մէջ նուէրս գտնելու համար Կաղանդ Պապան փնտռեցի:
Մայրիկ – Ծառին տակ այսօր ալ նայեցա՞ր:
Գամէր – Չէէ, մէկ մը նայիմ: Հոս է, Կաղանդ Պապան նուէրս փոխեր է:
Մայրիկ – Տեսա՞ր, Գամէր դուն համբերութեամբ սպասեցիր եւ վարձատրուեցար:
Գամէր – Այո՛, շատ երջանիկ եմ:

Շնորհաւոր Նոր Տարի ձեր բոլորին:

Գրեցին: Թալին Չորթան Կարիպկիւն – Արշալոյս Ունճու

Ընթերցողներ:

Գամէր: Գամէր Աղտաղ (Վիեննական Մխիթարեան Վարժարան – Բ. դասարան)
Փինօքիօ: Մէլիք Ճավաք (Գարակէօզեան Վարժարան – Ե. դասարան)
Սեդրակ, Տայք: Ռոնի Քօլուքըսաեան (Գարակէօզեան Վարժարան – Ե. դասարան)
Մայրիկ, Ռափունզէլ, Դեռ չգրուած հերոս Բ: Թալին Չորթան Կարիպկիւն
Պատմող, ջատուկ, մոյկով կատու, կարմիր գլխարկիկ, դեռ չգրուած հերոս Ա: Պերճուհի Պէրպէրեան
Հայրիկ, գաճաճներ, տուտուկահար, Հանզել, Կաղանդ պապա: Պօղոս Չալկըճըօղլու
Սինտրէլլա, Կրեթէլ: Սէրտայ Արսլան

Տղոց ընթերցանութեան աշխատութիւն:

Պերճուհի Պէրպէրեան, Պօղոս Չալկըճըօղլու

Այս թատերախաղը բեմադրուած է Վիեննական Մխիթարեան Վարժարանի մէջ 2012 թուականին: