Յիսուսի Ծնունդը

 Աստուած խոստացած էր Փրկիչ մը ղրկել իր ժողովուրդին: Մարդ չէր գիտեր թէ երբ պիտի գար Ան , բայց շատեր կը սպասէին անհամբեր:

Յիսուսի Ծնունդը

Աստուած խոստացած էր Փրկիչ մը ղրկել իր ժողովուրդին: Մարդ չէր գիտեր թէ երբ պիտի գար Ան, բայց շատեր կը սպասէին անհամբեր:

Աստուած, Գաբրիէլ հրեշտակը ղրկեց Նազարէթ քաղաքը որ Մարիամին /աւետէ/(աւետել- ուրախալի լուր բերել), թէ Աստուած զինք ընտրած է յատուկ նպատակով: Ան զաւակ մը պիտի ունենար եւ անունը պիտի դնէր՝ Յիսուս:

Այդ զաւակը Աստուծոյ որդին է: Ան շատ մեծ անձ մը պիտի ըլլայ,-ըսաւ հրեշտակը:
Մարիամ ամուսնացաւ Յովսէփին հետ: Այդ օրերուն Հռոմի կայսրը հրամայեց որ ամէն մարդ իր ծննդավայրը երթայ ընդհանուր մարդահամար մը կատարելու համար: Ստիպուած՝ Մարիամ եւ Յովսէփ գացին Բեթղեհէմ՝ իրենց անունը արձանագրելու համար մարդահամարի ցանկին վրայ:

Շատ յոգնեցուցիչ ճամբորդութենէ մը ետք, երբ անոնք հասան Բեթղեհէմ, գիշերելու տեղ չկրցան գտնել եւ ստիպուեցան քարայրի մը մէջ ապաստանիլ, կենդանիներուն հետ: Թէեւ անկողին չկար հոն, սակայն այն յարդը որ կը գտնուէր մսուրին մէջ, չոր ու տաքուկ էր:

Աստուծոյ որդին՝ Յիսուս ծնաւ հոն: Մարիամ զինք դրաւ մսուրի մը մէջ:

Գիշերուան մութին՝ հովիւները, երբ իրենց ոչխարներուն հետ էին, յանկարծ փայլուն լոյս մը տեսան: Հրեշտակ մը երեւցաւ ու ըսաւ անոնց՝

Մի՛ վախնաք, ձեզի աւետիս մը պիտի տամ, այս գիշեր մանուկ մը ծնաւ Բեթղեհէմի մէջ, ան Քրիստոս Փրկիչն է, անմիջապէս գացէ՛ք եւ գտէ՛ք զայն: Զինք պիտի տեսնէք՝ խանձարուրով փաթթուած եւ մսուրի մը մէջ դրուած:

Ու երկինքէն խումբ մը հրեշտակներ երգեցին. «Բարձունքներուն մէջ Աստուծոյ փառք, խաղաղութիւն երկրի վրայ եւ մարդոց միջեւ հաճութիւն»:

Հովիւները շուտով գացին դէպի քաղաք ու գտան Յիսուս մանուկը: Ապա դուրս եկան եւ ժողովուրդին աւետեցին Քրիստոսի Ծնունդը:

Արեւելքէն իմաստուն մոգերն ալ, երբ տեսան փայլուն աստղը երկինքին մէջ, անմիջապէս գիտցան որ ժողովուրդին համար նոր Թագաւոր մը ծնած էր: Անոնք՝ հետեւելով աստղին հասան Բեթղեհէմ, գտան մսուրը, տեսան Յիսուս մանուկը ու Անոր նուիրեցին ոսկի, կնդրուկ եւ զմուռս:

Յիսուս այսպէս ծնաւ, որպէսզի հոգեւոր լոյս սփռէ եւ փրկութիւն բերէ մարդոց:

Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ, օրհնեալ է յայտնութիւնն Քրիստոսի, ձեզի եւ մեզի մեծ աւետիս: