Թէ Ինչու Ձուկերը Չեն Խօսիր Երբեք
Կատուները կը մլաւէին, շուները կը հաջէին, առիւծները կը մռնչէին, մեղուները կը բզզային, թռչունները կը ճռուողէին, գորտերը կը կռկռային…:
Թէ Ինչու Ձուկերը Չեն Խօսիր Երբեք
Շա՛տ, շատ երկա՜ր տարիներ առաջ, երբ տակաւին գոյութիւն չունէր մարդ արարածը, բազմատեսակ անասուններ կ’ապրէին Երկրին վրայ: Անոնց բոլորը՝ նոյնիսկ ձուկերը ունէին իրենց յատուկ հաղորդակցութեան լեզու մը:
Կատուները կը մլաւէին, շուները կը հաջէին, առիւծները կը մռնչէին, մեղուները կը բզզային, թռչունները կը ճռուողէին,
գորտերը կը կռկռային…:
Մայր Բնութիւնն ալ ունէր իր լեզուն՝ գետերը կը գլգլային,
ծովը կը շառաչէր, ջուրը կը կարկաչէր, սքանչելի էր լսել տերեւներուն սօսափիւնը:
Այսպէս բոլոր շնչաւոր եւ անշունչ էակները, ամբողջ օր՝
ուրախ-զուարթ կ’երգէին միաբերան: Երբեմն երգը կը վերածէին անախորժ աղմուկի:
Յետագային անոնց ձայնին միացաւ նաեւ ձուկերուն ձայնը:
Եւ որովհետեւ ձուկերը կ’ապրէին ծովուն խորութեանը մէջ՝
կը պոռային բարձրաձայն, մեծ ճիգ կը վատնէին իրենց ձայնը լսելի դարձնելու համար: Այնքա՜ն կը պոռային, որ անոնց բերանը հետզհետէ լայնցաւ, մեծցաւ ու ստացաւ տգեղ երեւոյթ:
Նուազեցաւ թիւը՝ անոնց բարեկամներուն, ստիպուեցան ապրիլ առանձինն: Ձուկերը անշուշտ շատ յուզուեցան, բայց յամառօրէն շարունակեցին իրենց ապրելակերպը:
Երազային գիշեր մըն էր. լիալուսնին ցոլքը կը փայլեցնէր ծովուն մակերեսը, ծիրկաթինը՝ կը լուսաւորէր երկինքը, եւ կը փայլէին հազարաւոր աստղեր երկինքի վրայ:
Վարը՝ ձուկերը ժողովի էին. երկա՜ր բարակ կը վիճաբանէին, երբ յանկա՛րծ նկատեցին շրջապատին գեղեցկութիւնը: Նախ շատ հրապուրուեցան, յետոյ ափսոսացին, որ գիշերային պարիկը զրկած էր զիրենք այդպիսի փայլուն զգեստներէ:
Պարիկը ճիշդ այդ պահուն, ձուկերուն մօտէն կ’անցնէր: Լսեց անոնց դժգոհութիւնը, եւ առաջարկեց.
– Դո՛ւք ալ կրնաք ունենալ փայլուն զգեստներ, արծաթ ու ոսկի գոհարներ, եթէ ձեր ձայնը ինծի փոխանցէք: Այո՛, ձեզմէ կը պահանջեմ ձեր ձայնը:
Ձուկերը համաձայնեցան: Անոնց մարմինը ծածկող մաշկերը թէեւ գեղեցկացան ծիածանի եօթը գոյներով, բայց անոնք անձայն դարձան՝ յաւիտեան:
Եւ ահա՜ ա՝յդ օրէն սկսեալ, երբ ամբողջ բնութիւնը կ’երգէ, կ’աղաղակէ՜ ուրախութեամբ, ձուկերը կը մնան լուռ, եւ երբեք չեն կրնար մասնակցիլ բնութեան խրախճանքին: