Բուերը ցերեկին ինչո՞ւ կը պահուըտին անտառին մէջ
Ատենօք, բուն վարպետ նկարիչ էր։ Անտառին բոլոր թռչունները իրեն կը դիմէին, որպէսզի գունաւորէր անոնց հագուստները։
Բուերը ցերեկին ինչո՞ւ կը պահուըտին անտառին մէջ
Ատենօք, բուն վարպետ նկարիչ էր։ Անտառին բոլոր թռչունները իրեն կը դիմէին, որպէսզի ան գունաւորէր անոնց հագուստները։ Ան ծիածանի գոյներով կը ներկէր եւ կը զարդարէր թռչուններուն թեւերն ու պոչերը, եւ շատ գեղեցիկ հագուստներ կը պատրաստրէր:
Այդ օրերուն, ագռաւները ունէին ձիւնագոյն փետուրներ։ Անոնք կը սիրէին իրենց ճերմակ հագուստները: Կը հպարտանային իրենց ձիւնի պէս մաքուր երեւոյթով եւ չէին ուզեր, որ բուն անոնց վրայ փորձէ իր նկարչական արուեստը:
Բայց ագռաւը հետզհետէ սկսաւ նեղուիլ իր հագուստէն: Օր մը այցելեց բուին եւ խնդրեց որ ան նոր հագուստ մը պատրաստէ իրեն համար։
– Բայց,- ըսաւ ագռաւը,- այն հագուստը, զոր պիտի ներկես ինծի համար, ուրիշ ոեւէ թռչուն մը հագած պիտի չըլլայ:
Բուն, երկա՜ր ու երկար մտածեց որոշելու համար թէ այս մեծամիտ ագռաւին նոր հագուստը ի՞նչ գոյնով պէտք է ներկէր։ Գրեթէ բոլոր գոյները աշխատուած էին միւս թռչուններուն վրայ։ Վերջապէս որոշեց սեւով ներկել։
– Ահաւասի՛կ, հագուստդ պատրաստեցի: Տե՛ս, աշխարհի վրայ չկայ թռչուն մը որ հագած ըլլայ այս գոյնով հագուստ մը,- ըսաւ բուն։
Ագռաւը երբ տեսաւ սեփ-սեւ հագուստը, շա՜տ զայրացաւ։
Կարծես ածխանոցէն ելած էր: Ան բարկացաւ. բարկացաւ, բա՜յց ի զուր։ Ստիպողաբար հագաւ զայն, որովհետեւ ատկէ զատ հագնելիք չունէր։
Այդ օրէն ի վեր ահա ագռաւները սեւ կը հագնին, եւ երբեք չեն ներեր բուերը իրենց սեւ հագուստին պատճառով։ Ուր որ տեսնեն, կը յարձակին անոնց վրայ, կը ծակծկեն իրենց կտուցներով ու կը հալածեն զանոնք։
Ճիշդ այս պատճառով է, որ բուերը ցերեկին ագռաւներէն կը պահուըտին անտառին մէջ, որովհետեւ անոնք արթուն կ’ըլլան այդ ժամերուն։
Իսկ գիշերը, երբ ագռաւները կը քնանան, բուերը դուրս կու գան իրենց պահուըտած տեղէն եւ կը փորձեն որսալ։