Կիրակոս Երազային Հերոս
Կիրակոսը ամէ՛ն գիշեր, Ֆութպոլ կը խաղար երազին մէջ: Հռչակաւոր խաղացող էր. երբ դաշտ կ’իջնէր ժողովուրդը կը ծափահարէ՜ր ու կը կանչէր. -Կիրակո՜ս, Կիրակո՜ս…
Կիրակոս Երազային Հերոս
Կիրակոսը ամէ՛ն գիշեր, Ֆութպոլ կը խաղար
երազին մէջ:
Հռչակաւոր խաղացող էր. երբ դաշտ կ’իջնէր
ժողովուրդը կը ծափահարէ՜ր ու կը կանչէր.
-Կիրակո՜ս, Կիրակո՜ս…
Հազիւ խաղը սկսէր, Կիրակոսը գնդակին
ուժգի՛ն կը հարուածէր…
Գնդակը դաշտին մէկ ծայրէն միւսը կը թռէ՜ր,
Ուղղակի հակառակորդին բերդը կը մտնէր…
Բերդապահը անակնկալի եկած,
գետին կը փռուէր քիթը բերանը մէկ եղած.
իսկ գնդակը բերդին ցանցը ծակելով
տակաւին կը թռէ՜ր դաշտէն մղոննե՜ր, փարսախնե՜րվե՜ր…
Ժողովուրդը խենթացած, կը կանչէր խելագարած.
-Կիրակո՜ս, մե՛ծ հերոս…Կիրակո՜ս, կրա՛կ հերոս…
Կիրակոսը ձեռքերը բարձրացուցած, կուրծքը ուռեցուցած, հպա՜րտ հպարտ դաշտին շուրջը կը վազէր,
երբ յանկա՛րծ մայրիկը զինք կ’արթնցնէր:
Չէ՜, չէ՜ …
Արթննալու ժամանակը չէ՜ր…
Մայրիկը զինք հանգի՛ստ թող ձգէր.
խաղին լաւագո՛յն պահն էր.
բուռն ծափահարութիւնը պէտք էր վայելէ՜ր…
Ամէ՛ն առտու նո՛յն պատմութիւնն էր:
Մայրիկը կը զարմանա՜ր…
Սա Կիրակոսին անկողնին մէջ ամէ՛ն գիշեր
երկրաշա՞րժ կ’ըլլար… Բարձը բզքտուած՝
մէջի փետուրները դուրս թափած,
վերմակը պատռուած՝ մէջի բամպակները դուրս թափած,
սաւանը ճմռթկուած, անկողինն ալ մահճակալէն վար սահած…
Մայրիկը ինչպէ՞ս գուշակէր, թէ Կիրակոսին երազին մէջ
ի՛նչ կը պատահէր. Իրականութիւնը ամբողջովին հակառակն էր:
Կիրակոսը երբ ֆութպոլ խաղար,
տաբատը մի՛շտ վար կ’իյնար:
Մինչեւ տաբատը վեր քաշէ՜ր, հակառակորդը գնդակը կը փախցնէր:
Տաբատը բռնելով հակառակորդին ետեւէն կը վազէր.
սակայն այս անգամ կօշիկը ոտքէն կ’ելլէր…
Մինչեւ ծռէ՜ր, կօշիկը փնտռէ՜ր ու գտնէ՜ր,
մէկը վրայէն կը տապալէ՜ր…Յետոյ մի՛ւսը,
եւ ուրի՛շ մը, եւ անիկա՛, եւ ասիկա՛, եւ ատիկա՛,
մէկը միւսին վրայ, բոլորը իրարու վրայ,
տակնուվրա՜յ…
Իրաւարարը մազը փետտելով կը սուլէր,
խաղը կը դադրեցնէր, իսկ ժողովուրդը կը կանչէր.
-Կիրակո՜ս, ի՞նչ կ’ընես հոս…
Կիրակոսը՝ կօշիկը գտած, տաբատը բռնած,
դաշտէն դուրս կ’ելլէր ժպտելով…
Հոգը չէ՜ր… Ան շա՛տ լաւ գիտէր, թէ նո՛յն ժողովուրդը
զինք «Հերո՛ս» պիտի կոչէր գիշերը երազին մէջ:
Մի՛այն թէ, միմիայն թէ, մայրիկը զինք կանուխ չարթնցնէ՜ր…