Աքաղաղը

Ներկայիս, մարդիկ աքաղաղի ձայնով չեն արթննար, սակայն անոր ձայնը կարծես աշխատանքի կը կանչէ մեզ:

Աքաղաղը

Աքաղաղը ամէն առտու կուկուլիկու-կուկուլիկու
Իր ձայնով սուր կուտայ մեզ լուր
Թէ առտու է ելլել պէտք է
Աշխատելու ժամանակ է կուկուլիկու-կուկուլիկու:

Աքաղաղին ձայնն ահարկու կուկուլիկու-կուկուլիկու
Կ՝արթնցնէ այդ իր գործն է տանտիկինը անուշ քունէն
Երբ ուրիշներ դեռ խոր քուն են կուկուլիկու-կուկուլիկու:

Երբոր լսէ կանուխ առտուն աքաղաղին, կուկուլիկուն
Դպրոցական փոքրիկ տղան անկողինէն կ՛ելլէ շուտով
Մանկապարտէզ վազէ փութով կուկուլիկու-կուկուլիկու:

Աքաղաղին կուկուլիկուն չի խանգարեր ծոյլին խոր քուն
Մէկ մը ասդին մէկ մ՛ալ անդին
Անկողնին մէջ ան կը դառնայ
Անհոգ անփոյթ կը քնանայ կուկուլիկու-կուկուլիկու:

«Աքաղաղը » երգը քաղուած է Արա Քէքէճեանի կողմէ ձայնագրուած «Մանկական Երգեր»էն: «Պէյրուդ – 1970-ական թուականներ:»