Հեքիաթափօր: Անահիտ Թագուհին / Բ.
Անահիտ եւ Վաչագան իրար սիրահարուած էին եւ ամուսնացած: Տարիներ կ’անցնին… Վաչագան, իր ծնողքին մահէն ետք արդէն թագաւոր եղած է:
Եկէք շարունակենք մեր հեքիաթը:
Անահիտ Թագուհին / Բ
Տարիներ կ’անցնին… Վաչագան, իր ծնողքին մահէն ետք արդէն թագաւոր եղած է:
Օր մը, Վաչագան շինականի հագուստով ծպտուած, իրեն օտար բանուորի մը պէս ձեւացնելով, իր մշակներուն հետ կ’երթայ Պերոժ քաղաք, ուր կը բնակէին կռապաշտ պարսիկներ: Այդ շրջանին մէջ շատ հայեր կորսուած էին եւ ոչ ոք գիտէր թէ ուր էին եւ ինչպէս անհետացեր էին: Վաչագան կը կասկածէր որ աւազակներ զանոնք գողնային ու կը ծախէին որպէս գերի: Վաչագան եւ իր մշակները մէկու մը խօսքին խաբուելով թակարդի մէջ կ’իյնան ու կը բանտարկուին: Վաչագան չի յայտներ ով ըլլալը: Երկար ժամանակ հոն կը մնան որպէս բանտարկեալ:
Բանտին չար պահակները անդադար կ’աշխատցնեն արհեստ գիտցողները:
Օր մը, մէկը ներս կը մտնէ. Վաչագան եւ իր ընկերներուն կը հարցնէ.
– Ո՞վ արհեստ գիտէ:
– Բոլո՛րս,- կը պատասխանէ Վաչագան:
Ան կը բացատրէ, թէ իրենք հայ են եւ ոսկեթել մետաքսէ կերպաս կրնան գործել: Մարդը բերել կու տայ պէտք եղած նիւթեղէնները, գործիքներն ու ասեղները, դերձանները եւլն:
Վաչագան Անահիտին իմաստուն խօսքերը կը յիշէ «Ամէն մարդ պէտք է արհեստ մը գիտնայ, տէր թէ՛ ծառայ, իշխան թէ՛ թագաւոր»:
Վաչագանն ու հայ շինականները շատ գեղեցիկ ոսկեթել կերպաս մը կը գործեն: Քուրմը շատ գոհ կը մնայ այս աշխատանքէն: Վաչագան քուրմին կ’ըսէ.
– Կտաւին մէջ հիւսած ենք կախարդական խօսքեր որպէսզի հագնողը միշտ ուրախ եւ զուարթ ըլլայ:
Վաչագան քուրմը կը համոզէ թէ «Կերպասին արժէքը միայն Անահիտ թագուհին կը հասկնայ» եւ անոնցմէ մէկուն միջոցաւ կերպասը թագուհիին կը ղրկէ: Անահիտ հիւսուածքը ուշադրութեամբ կը քննէ եւ իր աչքերուն առջեւ հետզհետէ որոշ ձեւով կ’երեւի սա գրութիւնը:
Իմ աննման Անահիտս, ես ինկեր եմ սոսկալի բանտի մը մէջ: Այս կերպասը բերողը նոյն բանտին պահակներէն մէկն է: Եթէ շուտ օգնութեան չհասնիս, ես կորսուած եմ յաւիտեա՜ն:
Երկու, երեք անգամ Անահիտ կը կարդայ Վաչագանին գրութիւնը, յետոյ կ’ըսէ.
– Բերած կերպասդ ինծի յայտնեց քու ով ըլլալդ: Բռնեցէ՛ք այս մարդը եւ զինք բանտ դրէ՛ք,- կ’ըսէ: Կը հրամայէ իր ծառաներուն:
Այնուհետեւ կ’երթայ եւ կ’ազատէ Վաչագանը:
Վաչագան այս ձեւով, իր արհեստին շնորհիւ կ’ազատի այդ դժոխքէն կ’ազատին նաեւ հոն բանտարկուած հայ շինականները:
Վաչագան եւ Անահիտ երկար տարիներ կ’ապրին, կը թագաւորեն եւ միշտ ժողովուրդին բարիքին համար կ’աշխատին: Երկուքը միասին մեր աշխարհը դրախտի կը վերածեն: