Հեքիաթափօր: Անահիտ Թագուհին / Ա.
Անի մեծ մայրիկէն հեքիաթ մտիկ ընել, շատ հաճելի պիտի ըլլայ: Ղազարոս Աղաեանի հեքիաթին մէջ Անահիտը կ’ըսէ.«Արհեստը այնպիսի բան մըն է, որ ամէն մարդ պէտք է գիտնայ, ըլլայ՝ տէր թէ՛ ծառայ, իշխան թէ՛ թագաւոր»:
Անահիտ Թագուհին / Ա
Ժամանակին Հայոց աշխարհի մէջ թագաւոր մը կ’ապրէր, անունը Վաչէ էր: Ան կ’ուզէ իր միակ որդին՝ Վաչականը ամուսնացնել, բայց Վաչական անտեղացի չեր:
Ան Սուրբ Մեսրոպին աշակերտն էր : Մանկութենէն կրօնական ուսում ստացած էր եւ կ’ուզէր վանք քաշուիլ, Աստուծոյ նուիրուիլ:
Վաչական իր հօրը պնդումներէն ազատելու համար որսորդութեամբ կը զբաղէր եւ օրերով կը հեռանար պալատէն:
Օր մը, Վաչական իր մտերիմ ընկերոջը նաեւ ծառային՝ Վաղինակին հետ որսէն կը վերադառնար: Յոգնած, քրտնած ու ծառաւ, գիւղ մը կը հասնին: Երկուքը կը նստին աղբիւրին մօտ որպէսզի հանգստանան: Աղբիւր եկող աղջիկներէն ջուր կը խնդրեն: Անոնցմէ մէկը բաժակը չորս-հինգ անգամ կը լեցնէ ու կը պարպէ, յետոյ կը տանի անծանօթ որսորդին:
Աղջիկը իր այս տարօրինակ վարմունքը սա պէս կը բացատրէ: «Ես տեսայ որ դուք յոգնած ու քրտնած էք, ձեր այդ վիճակին մէջ պաղ ջուրը վնասակար է, ուզեցի որ քիչ մը հանգչիք »:
Անոր խելացի խօսքերը եւ գեղեցկութիւնը, իր աչքերուն գրաւիչ նայուածքը կը զարմացնեն Վաչագանը :
– Անունդ ինչ՞է,- կը հարցնէ Վաչական:
– Անահիտ,- կը պատասխանէ աղջիկը:
– Դուն որո՞ւն աղջիկն ես:
– Մեր գիւղացի Առանին,- կը պատասխանէ Անահիտ եւ
արագօրէն կը հեռանայ:
Բայց մեր զգայուն Վաչականին սիրտը գրաւուած է արդէն: Անահիտին սեւ-սեւ, խոշոր աչքերը, կարծես վրձինով գծուած յօնքերը, երկայն հասակը հոգեպէս կը ցնցնէ Վաչագանին հոգին:
Օր մը, Վաչական իր ամուսնութեան մասին թագաւորին ու թագուհիին շարունակուող պնդումներուն վերջ տալու համար կ’ըսէ.
– Եթէ դուք անպայման կ’ուզէք որ ես ամուսնանամ,
գիտցէ՛ք որ սիրածս միայն ու միայն՝ Անահիտն է:
Թագաւորը Վաչականի մտերիմ ընկերոջ Վաղինակին կը հարցնէ թէ ո՞վ է այդ Անահիտը: «Ան աստուածուհի մը պէտք է ըլլայ որ կարողացել է Վաչականին սիրտը գրաւել»:
– Տէր թագաւոր, Հացիկ գիւղէն է,- կը պատասխանէ Վաղինակ: Թէ՛ գեղեցիկ է, թէ խելացի եւ թէ աշխատասէր. գիւղացիներուն գրել կարդալ կը սորվեցնէ:
Յաջորդ օրը, ամբողջ քաղաքին մէջ բամբասանքը կը սկսի:
Շատերը կը չարախօսեն «Կ’երեւի թագաւորին տղան խենդեցած է, ոչ թէ իշխաններուն աղջիկներուն հետ այլ գիւղացիին աղջկան հետ ամուսնանալ կ’ուզէ»:
Թագաւորն ու թագուհին տեսնելով որ կարելի չէ որեւէ ձեւով իրենց որդիին միտքը փոխեն: Կ’որոշեն Վաղինակը նուէրներով երկու իշխաններու առաջնորդութեամբ Անահիտին գիւղը ղրկել հարսնախօսութեան համար:
Անոնք թագաւորին փափաքը Անահիտին հօրը կը տեղեկացնեն:
– Սիրելի հիւրեր, ես շատ շնորհակալ եմ որ մեր Տէր թագաւորը իր ճոխ պալատին համար իմ աղքատիք տունէս զարդ մը կ’ուզէ տանիլ,- կ’ըսէ Անահիտին հայրը,-Բայց իմ ձեռքս չէ տալն ու չտալը: Ահա՛ կու գայ աղջիկս, խնդրեմ իրեն հարցուցէ՛ք:
Անահիտ ներս կը մտնէ, գլխով կը բարեւէ հիւրերուն, անձայն անշշուկ կ’երթայ ու կը սկսի գործել իր գորգը:
– Տե՛ս, օրիորդ, Տէր թագաւորը քեզի ինչ նուէրներ ղրկեր է,- կ’ըսէ իշխան մը:
– Շատ շնորհակալ եմ,- կը պատասխանէ Անահիտ. գիտնալ կ’ուզեմ թէ այս պատիւը թագաւորը ինչու համար կ’ընէ ինծի:
– Մեր թագաւորի որդին՝ իշխան Վաչական քեզ տեսեր է աղբիւրին մօտ ու շատ հաւնէր է: Մեզ ղրկեց որ քեզ նշանենք իր որդուին հետ:
– Ուրեմն, իմ տեսած երիտասարդը թագաւորին որդի՞ն էր:
– Այո՛:
– Շատ լաւ երիտասարդ է, բայց արդեօք որեւէ արհեստ գիտէ՞:
– Ան թագաւորին որդին է, Անահիտ: Ի՞նչ պէտք ունի
արհեստի: Ամբողջ երկրին տէրն է:
– Ճիշդ կը խօսիք,- կ’ըսէ Անահիտ: Բայց ո՞վ գիտէ,
աշխարհ է, այսօր ծառայ ունեցողը կրնայ ինք վաղը
ծառայ ըլլալ, նոյնիսկ եթէ թագաւոր է: Արհեստը
այնպիսի բան է, որ ամէն մարդ պէտք է գիտնայ, ծառայ
ըլլայ թէ՛ տէր, իշխան, թէ՛ թագաւոր: Եթէ Վաչական
կ’ուզէ, որ ես իր կինը դառնամ, թող նախ եւ առաջ
արհեստ մը սորվի կ’ըսէ Անահիտ:
Վաչական խելացի գտնալով Անահիտին խօսքերը մէկ տարուան մէջ գորգ գործել կը սորվի, յետոյ ծածկոց մը կը հիւսէ եւ նուէր ըլլաով Անահիտին կը ղրկէ:
Անահիտ «Այլեւս բան չունիմ ըսելու, յայտնեցէ՛ք թագաւորի որդիին իմ հաւանութիւնս եւ իմ կողմէս ալ նոր գործաց գորգս տարէ՛ք իրեն որպէս նուեր է» -կ’ըսէ թագաւորին մարդոցը:
Թագաւորն ու թագուհին ուրախացած այդ լուրէն, եօթն օր ու եօթը գիշեր հարսնիք կ’ընեն ինչպէս սովորութիւն էր թագաւորական ընտանիքներուն մօտ եւ Վաչականն ու Անահիտը կ’ամուսնացնեն:
Թագաւորը, որպէս հարսանիքի նուէր, գիւղացիներուն բոլոր տուրքերը կը ջնջէ, եւ անոնք ալ ուրախութեամբ երկար ժամանակ կ’երգեն.
Անահիտի հարսանիքին ոսկի արեւ փայլեցաւ,
Մեր հարկերը անհետացան, մեր ցաւերը վերացան,
Շատ ապրի Ոսկեծղին,
Մեր մայր թագուհին:
…..
Տղաք այս գեղեցիկ հարսանիքեն ետք արդեօք ինչեր պիտի պատահին պալատին մէջ:
Կ’ուզէք մտիկ ընել: Այո պիտի պատմեմ բայց երբ: Բնաւ յոգ մի ընեք, միջոց մը վերչ:
Շարունակելի