Չաստուածները Կ'արթննան... / Ա

Կ’ուզէ՞ք թանգարան մը այցելել եւ հայոց հին չաստուածներու արձաններուն հետ ծանօթանալ: Ուրեմն, զգոյշ ըլլանք եւ տեսնենք թէ ինչեր պիտի պատահի թանգարանին մէջ::

Չաստուածները Կ’արթննան… / Ա

Ծովինար, այդ առտու, ինքնիրեն՝ կանուխէն արթնցաւ: Ան, շատ ուրախ էր, որովհետեւ ընկերներով՝ դպրոցական պտոյտի մը պիտի երթար:

Ծովինար, արագ քայլերով մտաւ եղբօրը սենեակը:

– Արա՜, Արա՜, շուտ արթնցի՛ր, ուշ պիտի մնանք:

Արան, արթննալուն պէս՝ յիշեց պտոյտը: Քոյր ու եղբայր նախաճաշի ընթացքին ուրախութեամբ խօսակցեցան իրենց պտոյտի մասին:

Իրականութեան մէջ թանգարան մը այցելել շատ հաճելի չէր իրենց համար, սակայն այսօրուան այցելութեան իմաստը տարբեր էր, որովհետեւ այսօր, Հայոց չաստուածներու արձանները պիտի տեսնէին:

Անոնք երբ հասան դպրոց, իրենց ընկերներէն Հայկը, Վահագնը, Անահիտն, ու Սեւակը արդէն իսկ հոն էին: Քիչ վերջ միասնաբար ճամբայ ելան դէպի թանգարան:

Ահաւասի՛կ, հասեր էին, հոն ուր պիտի ծանօթանային հայոց չաստուածներու արձաններուն հետ: Տղաքը երբ կարդացին մուտքի ցուցատախտակին վրայ գրուած «Հայոց Չաստուածներու Թանգարան» անունը, առաջին վայրկեանէն սկսան կախարդուիլ: Շունչերը բռնած ներս մտան: Շշուկով իսկ խօսելու ըլլային, կ’արձագանգէին ձայները:

Տղաքը, խումբերու բաժնուելով՝ սկսան յառաջանալ թանգարանին մէջ: Արան, Հայկը, Սեւակը, Ծովինարը, ու Վահագնը միասին կը պտտէին: Երբ կ’ուսումնասիրէին հազարաւոր տարիներէ մնացած՝ նուիրական անասուններու արձանները, տարիքոտ պաշտօնեայ մը մօտեցաւ իրենց ու հարցուց:

– Բարեւ տղա՜ք, դուք ո՞ր դպրոցէն կու գաք, ի՞նչ են ձեր անունները: Արան պատասխանեց.

– Բարեւ Պարոն, մենք Սանասարեան Վարժարանէն կու գանք, իմ անունս Արա է, իսկ ընկերներս՝ Հայկ, Վահագն ու Սեւակ, եւ քոյրս՝ Ծովինար:

Պաշտօնեան ժպտեցաւ.

– Շատ գոհ մնացի, տղա՛ք, ըսէ՛ք տեսնեմ, դուք գիտէ՞ք ձեր անուններուն իմաստը:

Տղաքը շուարած ուս թօթուեցին:

– Ուրեմն, ինծի հետեւեցէ՛ք , որպէսզի լուսաբանեմ ձեզ:

Անոնք հետեւեցան պաշտօնեային. յառաջացան դէպի հսկայ արձաններով լեցուն բաժին մը: Պաշտօնեան սկսաւ բացատրութիւններ տալ, տղոց:

– Արա, քու անունդ գարնան չաստուածի մը անունն է, որ խորհրդանիշն է կեանքի: Իսկ Ծովինար, քու անունդ կու գայ քեզի նման գեղեցիկ չաստուածուհիէ մը, որ ան անձրեւի, ծովու եւ ջուրի չաստուածուհին է:

– Վահագն, մանչս քու անունդ կու գայ որոտումի եւ կայծակի չաստուածէն: Ան այդքան քաջ է, որ կրնայ պատերազմիլ նոյնիսկ հրէշներու հետ: Իսկ Հայկ, քու անունդ ալ կու գայ նետաձիգ զինուորէ մը:

– Հապա՛, իմ անունս,- ըսաւ Սեւակ:

– Դժբախտաբար սիրելի Սեւակ, քու անունովդ չաստուած մը չունինք:

Տղաքը այս տեղեկութիւնները ստանալէ ետք, զարմացած՝ առանձնացան անկիւն մը:

Քիչ ետք Ծովինար գնաց, հետաքրքրութեամբ կեցաւ իր անունը կրող արձանին առջեւ, ու նայուածքը սեւեռեց անոր աչքերուն վրայ: Աչքերը սկսան մթագնիլ, գլուխը դարձաւ ու կարծես ինքզինքը գտաւ մութ տեղ մը… Միմիայն կը զգար անձրեւը, որ կը տեղար անդադար:

Սկսաւ քալել մութին մէջ, եւ յանկարծ տեսաւ փայլուն լոյս մը: Աչքերը շլացան, «Ասիկա, արդեօք չաստուածուհիի՞ն լոյսն է» մտածեց…:

– Բարեւ, պզտիկ օրիորդ, ինձմէ մի՛ վախնար, հիմա քեզի կարեւոր բան մը պիտի ըսեմ, զիս լաւ մտիկ ըրէ, դուն՝ ինքդ եւ ընկերներդ պէտք է պահպանես չար ուժերէ:

– Բայց չեմ հասկնար թէ ի՞նչեր են այդ չար ուժերը… Ի՞նչ կրնամ ընել, չեմ գիտեր…

Այդ պահուն, չաստուածուհին փայլուն առարկայ մը երկարեց Ծովինարին ու ըսաւ անոր.

– Ասիկա մանեակ մըն է: Առ եւ լաւ մը պահէ: Ասիկա, քեզ պիտի լուսաբանէ քու ամենադժուար պահերուդ: Ուրեմն, արթնցի՛ր հիմա…»

Ծովինար երբ արթնցաւ, գետինը պառկած էր: Մտահոգ, իրեն կը նայէին ընկերները: Դանդաղօրէն ոտքի ելաւ ու «Ես լաւ եմ, ես լաւ եմ», ըսաւ: Ըսաւ, բայց մէկ կողմէն ալ կը խորհէր, որ արդեօք, քիչ առաջ ապրածները՝ իրակա՞ն էին թէ երազ…

Յանկարծ մանեակը յիշեց, ձեռքը գրպանին տարաւ, այո՛, մանեակը հոն էր:
…………………
Շարունակելի

Գրեց: Աքսէլ Թոփալօղլու
Թարգմանեց: Ժագլին Էրմէն