Մեր Թաղին Լակոտները / Դ
Կաղանդը տարւոյն ամենագեղեցիկ օրն էր՝ ձիւն, զարդարուն տօնածառ, նուէրներ, պէս պէս միրգեր, ուտելիքներ, ընտանեկան ջերմ մթնոլորտ մը եւ հաճելի խաղեր կը նշանակէր:
Մեր Թաղին Լակոտները / Դ
Երազ ուրախութեամբ անկողնէն ելաւ:
Այդ գիշեր ամանոր էր. ընելիք շատ բան ունէր: Սենեակին պատերը, կաղանդի համար, իր գծած նկարներով զարդարել կ’ուզէր: Կաղանդ Պապայէն նուէրներ ուզած եւ անոնց նկարները գծած էր:
Ինչե՜ր, ինչե՜ր, կ’ուզէր… գոյնզգոյն ներկի մատիտներ, սրինգ մը եւ պարի համար սիրունիկ կօշիկներ:
Պահ մը դուրս նայեցաւ, յետոյ պատուհանին մօտեցաւ, ի՞նչ տեսնէ…ձիւնի փաթիլները պարելով դէպի հող կը սուզուէին,
ինքն ալ ձիւնի փաթիլներուն նման սկսաւ սենեակին մէջ պարել:
«Դուրս ելլեմ ու պարող ձիւնամարդ մը շինեմ նկարներս վերջը կը կախեմ» խորհեցաւ, ու անմիջապէս վար իջաւ:
Երբ դուրս ելաւ, տեսաւ որ թաղին լակոտները արդէն իսկ հոն էին: Տիգրանը ու Տիգրիսը ձիւնամարդ մը շինած էին ու կը ջանային զարդարել զայն: Շարժունը ձիւնամարդուն շուրջ դառնալով ուրախութեամբ կը հաջէր: Երազ երբ ուշադրութեամբ նայեցաւ անոր, նշմարեց թէ՝ այդ սիրուն արարածը ձիւնամարդէ մը աւելի ձիւնէ շինուած կնոջ մը կը նմանէր:
Ձեռքը աւել չկար, հայելի մը կը բռնէր, վիզը փոխանակ բուրդէ վզնոցի, մարգարիտէ մանեակ մը կար, իսկ գլուխը ծաղիկներով զարդարուն գլխարկ մը:
Արարատ, Անի եւ Արփի ձիւնագնդակ կը խաղային. Արփիին դէմքին խոշոր ձիւնագնդակ մը եկաւ: Արփի պոռալով կը հալածէր Անին եւ Արարատը: Իսկ Արտէն եւ Գրիգոր աւելի արագ սահելու համար սահնակ մը կը ծրագրէին:
Առէնն ալ տունէն բերած գամ եւ մուրճով անոնց կ’օգնէր:
«Այստեղ շատ բազմութիւն է հոս պիտի չկարենամ պատրաստել ձիւնամարդս, դպրոցին պարտէզը երթամ», խորհեցաւ Երազ:
Երբ հոն գնաց, տեսաւ որ Տերեւը նստած, վերարկուին մէջ բան մը պահել կը ջանար:
– Բարեւ Տերեւ ի՞նչ կը պահես:
– Ասիկա փոքրիկ խեղճ թռչուն մըն է: Պարտէզի շուներուն եւ կատուներուն համար ուտելիք բերած էի: Տեսայ որ նստարանին վրայ կանգնած է պաղէն դողդղացող թռչուն մը, որ ուր որ է պիտի սառի…սա խեղճ անասուններուն նայէ ամէնքն ալ շատ կը մսին, խորհէ՛, այս օր կաղանդ է:
Երազ, Տերեւին ըսածներէն շատ ազդուեցաւ: Կաղանդը տարւոյն ամենագեղեցիկ օրն էր՝ ձիւն, զարդարուած տօնածառ, նուէրներ, համով ճաշեր, պէս պէս միրգեր ու ընտանեկան մտերմիկ հաւաքոյթ, հաճելի խաղեր կը նշանակէր: Մինչդեռ փողոցի բնակիչներուն համար պարագան նոյնը չէր: Երազ յանկարծ ոտքի ելաւ.
– Տերեւ դուն հո՛ս սպասէ, միտքս բան մը եկաւ շուտ մը կը վերադառնամ,- ըսաւ ու վազելով հեռացաւ:
Երազ թաղին լակոտները հաւաքեց ու անցած-դարձածը անոնց պատմեց.
– Այսօր միայն մեր ամանորը չէ՛, անոնց ալ կաղանդն է. իրենց համար բաներ մը պէտք է ընենք:
– Ես մուրճով, տախտակով ու պզտիկ գամերով անոնց համար տնակներ կրնամ շինել,- ըսաւ Առէն:
– Տուն շինելը բաւարար չէ, այդ տուները տաքցնել պէտք է: Գրիգորին հետ «կօօկըլ»էն պիտի պրպտեմ: Միւս ընկերներն ալ դրացիներէն, չորցած հաց, կաթ եւ մեղր թող հաւաքեն, ժամը ճիշդ մէկին պարտէզը գտնուինք,- ըսաւ Արտէն:
Որոշուած ժամուն բոլորն ալ հոն էին:
Արտէն, Գրիգոր եւ Առէն տնակները կը պատրաստէին:
Երազ իրեն հետ, տունէն ներկ եւ վրձին բերած էր, Շարժունն ալ իր պոչիկով տունիկները կը ներկէր:
Լակոտներուն միւս անդամներն ալ հացով, կաթով ու մեղրով համեղ ճաշեր կը պատրաստէին: Ամէն մարդ շատ գոհ էր,
բացի Արփիէն… երբ Արփի «Ասոնք շատ աղտոտ են» ըսաւ, Արարատ անոր ճակտին վրայ ձիւնագնդակ մը նետեց:
Ժամը ճիշդ հինգին տնակները եւ ուտելիքները արդէն իսկ պատրաստ էին: Տերեւ թռչուններուն փոքրիկ վանդակները հսկայ կաղնիին ճիւղերէն կախեց:
Շուներուն եւ կատուներուն համար պատրաստուած տնակներն ալ քովէ քով շարեց եւ ուտելիքներն ալ անոնց մէջ տեղաւորեց:
– Ամէն ինչ պատրաստ է,- ըսաւ Երազ, մեծ ուրախութեամբ:
– Ո՛չ, տակաւին,- ըսաւ Տիգրիս, առանց տօնածառի նոր տարի մը կարելի չէ՛, խորհիլ:
Իր ձեռքի տոպրակին մէջ, ծառը զարդարելու համար, ամէն ինչ բերած էր: Միասնաբար զարդարեցին հսկայ կաղնին:
Երազ, այդ գիշեր իր ընտանիքին հետ շատ հաճելի կաղանդ մը անցուց: Կաղանդ Պապան իրեն համար, գոյնզգոյն նոր մատիտներ, պարի նոր կօշիկ մը եւ սրինգ մը բերած էր: Կաղանդ Պապան լսած էր իր փափաքները:
Երազ երջանկութեամբ իր սենեակը անցաւ ու այս անգամ ուրիշ նոր փափաք մըն ալ աւելցուց Կաղանդ Պապայէն, իր ուզածներուն վրայ:
Ան նոր մատիտներով կ’ուզէր ըսել…«Սէր»: