Ինչ կու գայ զոքանչէն կու գայ
Մարդ մը չի հաւնիր իր կնոջ եփած ճաշերը եւ կ’երթայ զոքանչին տունը գանգատ յայտնելու:
Սակայն վերադարձին՝ ճամբան՝ այնպիսի փորձանքներ կ’ապրի որ չէք կրնար երեւակայել:
Ի՛նչ Կու Գայ, Զոքանչէն Կու Գայ
Կար ու չկար, մարդ մը կար: Մարդուն կինը ամէն օր, կամ աղի, կամ լեղի կերակուր կ’եփէր: Այս պատճառով անոնք միշտ կը կռուէին իրարու հետ:
Օր մը, մարդը կ’ելլէ, կ’երթայ զոքանչին մօտ:Կինըկը տեսնէ որ փեսան կու գայ, անմիջապէս կը հասկնայ որ աղջիկը գանգատելու կու գայ: Փեսան ներս մտնելուն պէս, բարկացկոտ կ’ըսէ.
– Վարնո՛ց, կործանի՛ս դուն, անիկաի՞նչ գիտնայ, դուն պիտի ըսես՝ շատին՝ շատ, քիչին՝ քիչ:
Մարդը զարմացած ետ կը դառնայ: Ճամբան կը տեսնէ երկու եղբայրներ, որոնք կը վիճաբանէին ցորենի կոյտերու առջեւ: Մեծ եղբայրը կ’ըսէ պզտիկին. «Մենք թիւով աւելի շատ ենք, պէտք է աւելի ըլլայ իմ բաժինս»: Պզտիկը կ’ըսէ. «Հաւասար կ’աշխատինք, հաւասար պիտի բաժնենք»:Մարդը չի կրնար զսպել ինքզինքը, եւ կը միջամտէ.
– Շատին՝ շատ, քիչին՝ քիչ,- կ’ըսէ:
– Քեզի ի՞նչ,- կը պոռայ պզտիկ եղբայրը,- «Աստուած առատութիւն տայ» ըսէիր գոնէ»:
Մարդը,հոնկէ անմիջապէս կը հեռանայ: Ճամբան կը տեսնէ թագաղ մը դէպի իրեն կը բերեն: Կը մօտենայ մեռելատէրերուն:
– Աստուած առատութիւն տայ,- կ’ըսէ:
Մարդիկ թագաղը կը ձգեն վար, կը յարձակին անոր վրայ ու կ’ըսեն.
– Դուն խե՞նդ ես: Պէտք է ըսէիր. «Աստուած հոգին լուսաւորէ»:
Մարդը ա՛խ-վախ ընելով ճամբայ կ’իյնայ: Կ’երթա՜յ, կ’երթայ. կը հասնի գիւղի մը, ուր կը տեսնէ քանի մը մարդ, որոնք սատկած շունի մը դիակը կը քաշքշեն, կը տանին:
– Աստուած հոգին լուսաւորէ,- կ’ըսէ:
Շունը քաշքշողները դիակը կը ձգեն, կը յարձակին մարդուն վրայ եւ կ’ըսեն.
– Պիտի ըսէիր «Վա՜յ, աս ի՛նչ հոտ է»:
Մարդը այդ տեղէն ալ շուտով կը հեռանայ: Ճամբան կը հանդիպի հարսանիքի խնջոյքի մը, ուր տհոլը կը դմբար, զուռնային ձայնը բռնած էր աշխարհը, իսկ մարդիկ ծափ կու տային, կը պարէին, քէֆ կ’ընէին: Մարդը անմիջապէս կը մօտենայ հարսին, եւ անոր երեսին կ’ըսէ.
– Վա՜յ, այս ի՛նչ հոտ է:
Հարսին հայրը մարդուն այս խօսքը լսելուն պէս, կը դադրեցնէ տհոլը եւ զուռնան:Հիւրերը կը թողուն ծափն ու պարը, նախ կը յարձակին մարդուն վրայ, յետոյ կ’ըսեն.
– Մարդ մը երբ հարսանիքի խնջոյքի մասնակցի, ապուշ ապուշ չի խօսիր, կ’երգէ եւ կը պարէ:
Մարդը անոնց ձեռքէն ալ կ’ազատի: Կ’երթա՜յ, կ’երթայ. Կը հասնի տեղ մը:
Կը տեսնէ որսորդ մը որ հրացանը ուղղած էր դէպի թռչունի մը, ուր որ է պիտի կրակէր: Ճիշդ այդ պահուն կը տեսնէ որ մարդ մը կը պարէ. իսկոյն ուշադրութիւնը կը խանգարուի: Անշուշտ չի կրնար որսալ թռչունը: Որսորդը այնքան կը բարկանայ որ, կը քալէ մարդուն վրայ ու կ’ըսէ.
– Ծօ՛ ապուշ, որսորդը որ տեսար, գլխարկը ձեռքդ՝ կուզեկուզ պիտի երթայիր, դէպի վեր-վեր պիտի չցատքէիր:
Մարդը այդ տեղէն ալ կ’ազատի, եւ կը սկսի քալել ծռելով: Սակայն, այս անգամ ալ, մարդիկ գող կը համարեն զինքը եւ կը հալածեն «Գող կա՜յ» ըսելով:
Ի վերջոյ, մարդը կը հասնի իր տունը: Կինը որ կը տեսնէ մարդուն վիճակը, մէկ կը ծիծաղի, մէկ կու լայ, իսկ մարդը բարկացկոտ կ’ըսէ.
– Ի՛նչ կու գայ, զոքանչէն կու գայ: