Ոսկի Հաւկիթ
Եկէ՛ք տղա՛ք, աղջիկներ, ներկենք գոյն-գոյն հաւկիթներ. ի՜նչ լաւ է Զատիկ տօնել, գոյն-գոյն հաւկիթներ շարել:
Ոսկի Հաւկիթ
Մամիկ մը եւ պապիկ մը ունէին շէկ հաւիկ մը. ամէն առտու հաւիկը կ’ածէր պզտիկ հաւկիթ մը, մամիկն ու պապիկը կ’ուտէին այդ հաւկիթը:
Օրին մէկն ալ հաւիկը ածեց ոսկի հաւկիթ մը:
Զարկաւ, զարկաւ մամիկը, չկոտրեցաւ հաւկիթը:
Զարկաւ, զարկաւ պապիկը, չկոտրեցաւ հաւկիթը:
Լացաւ մամիկը, լացաւ պապիկը:
– Ես ի՞նչ ընեմ ոսկի հաւկիթ, իրաւ հաւկիթ կ’ուզէի, կոտրէի
եւ ուտէի,- ըսաւ մամիկը, ըսաւ պապիկը:
Այս որ լսեց հաւիկը, շատ տխրեցաւ սրտիկը, գնաց մտաւ հաւնոցը, ածեց ճերմակ հաւկիթ մը, կէսը կերաւ մամիկը, միւս կէսն ալ՝ պապիկը: Բայց այս ոսկի հաւկիթը, ի՞նչ ընենք այս հաւկիթը.
իրաւ այսօր ԶԱՏԻԿ է, այս Զատկի հաւկիթ է:
Եկէ՛ք տղա՛ք, աղջիկներ, ներկենք գոյն-գոյն հաւկիթներ. ի՜նչ լաւ է Զատիկ տօնել, գոյն-գոյն հաւկիթներ շարել: