Ընթերցասէր Որդը
Երբ սորվեցաւ «Ա»ով սկսող բառերը կարծեց որ ամէն բան գիտէ, սակայն երբ բառարանէն դուրս ելաւ, տեսէ՛ք թէ ի՛նչեր պատահեցաւ մեր ընթերցասէր որդին:
Ընթերցասէր Որդը
Որդը ծնած էր Հայերէնէ Հայերէն բառգիրքի մը առաջին էջին վրայ: Ծնած մէկ օրէն սկսած էր յառաջանալ Այբ-ով սկսող բառերուն մէջէն:
Թուղթը համով կու գար իրեն. եւ մելանը անուշահոտ. հազարաւոր բառ…, կատարեալ երջանկութիւն: Մանաւանդ որ ան թէ՛ փորը կը կշտացնէր, թէ՛ միտքը, որովհետեւ ան մէկ կողմէ կը կրծէր, մէկ կողմէ ալ բառերուն իմաստները կը սորվէր:
Եւ օր մը հասաւ Այբ-ով սկսող բառերուն վերջաւորութեան. «Բաւական մեծցայ եւ գիտուն դարձայ: Երթամ տեսնեմ թէ բառարանէս դուրս ի՞նչ կայ չկայ», ըսաւ եւ բառարանէն ելաւ, գնաց ծառերով զարդարուած կանանչ դաշտ մը:
Հոն թիթեռնիկներ, թռչուններ կային: Բայց որդը չէր գիտեր թէ ի՞նչեր էին այս բոլորը, որովհետեւ իր սորված բառերուն մէջ, այդպիսի բաներ չկային: Երբ սակայն ան հանդիպեցաւ արեւածաղիկին, անմիջապէս ճանչցաւ զայն:
Արեւածաղիկը ժպտելով ըսաւ որդին.
– Բարե՛ւ, նո՞ր եկած ես, հոս:
Որդը ուզեց երկար բարակ պատմել իր բնակարանին, այսինքն բառարանին եւ իր ճամբորդութեան մասին: Բայց միայն կրցաւ ըսել.
– Այո՛, առաջին այցելութիւն:
– Այսօր օդը շատ նեղացուցիչ է,- շարունակեց արեւածաղիկը:
– Այո՛, ամպոտ, անհամ:
Արեւածաղիկը զարմանքով նայեցաւ որդին ու հարցուց.
– Ինչո՞ւ այդպէս կը խօսիս:
Որդը յուզուած էր: Ան կ’ուզէր ուրիշ շատ նիւթերու մասին խօսիլ իր նոր բարեկամին հետ: Բայց չէ՞ որ միայն Այբ-ով սկսող բառերը գիտէր: Ինչպէ՞ս կարելի էր խօսակցիլ միայն Այբ-ով սկսող բառերով: Վերջապէս տխուր ձայնով մը ըսաւ.
-Ա՜խ, ազնիւ արեւածաղիկ… այս անգամ այսքան: Աւելին՝ անկարելի…
Այդ օր, որդը աճապարանքով վերադարձաւ իր տուն: Մտաւ բառարանին մէջ եւ համբերութեամբ շարունակեց կարդալ: Մեն-ին երբ հասաւ, կարդաց Մեսրոպ Մաշտոցին անունը որուն դիմաց հետեւեալ բացատրութիւնը կար.
«Ան՝ որ գտաւ Հայերէն գիրերը 406ին՝ եղաւ առաջին դասատուն Հայերէն լեզուի»: Պահ մը խորհեցաւ բացատրութեան վրայ. «Հապա՛», ըսաւ ինքնիրեն. «Այս բոլոր բառերուն գիրերը Մեսրոպ մեծհայրիկին գտած գիրերն են», եւ աւելի մեծ փափաքով շարունակեց իր ընթերցումը:
Մէկը միւսին ետեւէն լափեց մնացեալ տառերով սկսող բառերը, մինչեւ Օ եւ Ֆէ:
Հիմա՛ ան կրնայ խօսակցիլ որո՛ւն հետ որ ուզէ, ո՛ր նիւթի մասին որ փափաքի: