Մշոյ Հեքիաթներով՝ Բ. Հեքիաթատօն
ՓՈՔՐԻԿին Բ. Հեքիաթատօնը, այս տարի եւս իր սիրուն հեքիաթներով եւ ուրախ երգերով հաճելի ժամանցի միջոց դարձաւ փոքրիկներուն համար:
15 Մայիս 2019-ին, Շիշլիի Մշակութային Հանդիսասրահը Պոլսահայ նախակրթարաններու աշակերտներով լեփլեցուն էր:
Մօտ՝ 500 աշակերտներ, Մշոյ ժողովրդական հեքիաթներ լսեցին եւ շատ զուարճացան երգերով: Հեքիաթատօնի աւարտին՝ ամէն մէկ աշակերտ առաւ խնձոր մը, որ երկինքէն ինկած էր իրեն համար:
Հեքիաթատօնը այս տարի ունէր «5» հեքիաթախօս պարիկներ: Կարգով պատմեցին՝ Թագուհի Թովմասեան Զաման՝ «Լուսեղէն՝ Ջուրերու Թագաւորին Աղջիկը», Սօսի Ճընտոյեան՝ «Մարգարտաշար Շապիկը», Պերճուհի Պէրպէրեան՝ «Կախարդական Գլխարկը», Թալին Չորթան Կարիպկիւն՝ «Վո՜ւյ Նռնօ, Ա՜խ Դռնօ» եւ Պօղոս Չալկըճըօղլու՝ «Ի՛նչ Կու գայ Զոքանչէն Կու գայ» հեքիաթները:
Օրուան բեմադրիչն էր՝ Պօղոս Չալկըճըօղլու: Կիթառով՝ Արի Հերկել, երգերով՝ Լարա Նարին ընկերակցեցան հեքիաթներուն:
Հեքիաթատօնը ձօնուեցաւ Յովհաննէս Թումանեանի 150-րդ տարեդարձին: