Փոքրիկը այցելեց  դպրոցները ՝  2016-2017

ՓՈՔՐԻԿը2016-17 ուսումնական տարեշրջանինայցելեց Պոլսահայ վարժարանները, որպէսզի մօտիկ յարաբերութիւն կազմէ աշակերտներուն եւ ուսուցիչներուն հետ: ՓՈՔՐԻԿը այս առիթով անոնցմէ ստացաւ մեկնաբանութիւններ եւ առաջարկներ կայքէջի մասին:

Յանուն ՓՈՔՐԻԿի, այցելութիւնը կատարուեցաւ՝ Պոլսահայ յայտնի դերասաններ՝ Պօղոս Չալկըճըօղլուի եւ Պերճուհի Պէրպէրեանի գլխաւորութեամբ, որոնց երբեմն ընկերակցեցան ձայնագրողներ՝ Գարօլին Սարը, Թալին Չորթան Կարիպկիւն եւ Գարօլին Մամիկոնեան: Անոնք ստեղծեցին մտերիմ մթնոլորտ դպրոցներուն հանդիսասրահներուն մէջ, պատմելով՝ իրենց ձայնագրած հեքիաթները նաեւ երգելով եւ շուտասելուկներ արտասանելով աշակերտներուն հետ:

ՓՈՔՐԻԿի 15 վարժարաններու այս առաջին այցելութիւնը տեւեց Հոկտեմբերէն մինչեւ Մարտ:

Հեքիաթներով ու երգերով ՝ 2017-2018

ՓՈՔՐԻԿը 2017-2018 ուսումնական տարեշրջանին երկրորդ անգամ այցելեց Պոլսահայ վարժարանները, որպէսզի նախապէս ՓՈՔՐԻԿի եւ փոքրիկներու միջեւ հաստատուած կապը շարունակելի դառնայ:

Այս տարուան այցելուներն էին՝ յայտնի բեմադրիչ եւ դերասան Արամ Կոստանեանեւ ինչպէս նաեւԳարօլին Մամիկոնեան եւ Թալին Չորթան Կարիպկիւն:Անոնք այս տարի եւս, ՓՈՔՐԻԿէն սիրուն հեքիաթներ պատմեցին, երգեցին եւ զրուցեցինաշակերտներու հետ:

Այս այցելութիւններու շնորհիւ աւելի ջերմ յարաբերութիւններ հաստատուեցաւ, Դեկտեմբերէն մինչեւ Մարտ,14 վարժարանի մօտ՝ 865 աշակերտներու եւ ՓՈՔՐԻԿի միջեւ: