ՓՈՔՐԻԿը տօնեց Երրորդ Տարեդարձը
ՓՈՔՐԻԿը երրորդ տարեդարձը 30 Մայիս 2017-ին տօնեց «ՃԱՇ»ճաշարանինմէջ:
Հաւաքոյթին ներկայ էին ՓՈՔՐԻԿի ընտանիքն ու աշխատիկցները, Գարակէօզեան խնամակալութեան ատենապետ եւանդամները, Մարմարա, Ժամանակ,Ակօս եւ Փարոս թերթերուն ներկայացուցիչները:
Հաւաքոյթին, ՓՈՔՐԻԿի պատասխանատու՝ Աննա Թուրայ հրաւիրեալներուն յայտարարեց, թէ «Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւն»ը ընդունած է այնուհետեւ աջակցութիւն մատուցանել ՓՈՔՐԻԿին:
Հաճելի գեղարուեստական յայտագիրէ ետք բեմ բարձրացան՝ Գարակէօզեան խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան, Մարմարա Օրաթերթի փոխ-խմբագիր եւ ՓՈՔՐԻԿի սրբագրիչ՝ ՄաքրուհիՊ. Յակոբեան, եւ յայտնի դերասանուհի եւ գրագիտուհի, ՓՈՔՐԻԿի ձայնագրութեան ուղեցոյց՝ ՊերճուհիՊէրպէրեան, որոնց յանձնուեցան շնորհակալագրեր:
Հաւաքոյթին«Ոմանք» նուագախումբը,ոգեւորեցհրաւիրեալները նուագով եւ երգերով: