Մայրերու Օր
Ատենօք, հեքիաթային աշխարհի մէջ Եանչիքա կոչուած մանուկ մը կ’ապրէր:
Ան, բոլոր իրական մանուկներու նման, թէ՛ շատ բարի էր, թէ՛ ալ շատ չար:
Մայրերու Օր
Ատենօք, հեքիաթային աշխարհի մէջ Եանչիքա կոչուած մանուկ մը կ’ապրէր: Ան, բոլոր իրական մանուկներու նման, թէ՛ շատ բարի էր, թէ՛ ալ շատ չար: Թէ լուռ էր, թէ աղմկարար:
Ան ունէր քարեգնդակ մը գրպանին մէջ, որմէ ոչ ոք ունէր: Այդ գնդիկը կախարդական յատկութիւն ունէր: Եանչիքա, երբ ձեռքը սահեցնէր գրպանին մէջ, նախ կը բռնէր, կը շօշափէր, յետոյ կը յայտնէր իր փափաքը: Ի՛նչ որ ուզէր կ’ըլլար, ո՛ր հագուստը որ ուզէր հագնիլ, այդ կ’ըլլար: Նոյնիսկ շուտասելուկ մը յարմարցուցած էր ինքը, երբ ուզէր անտեսանելի դառնալ եւ կամ կերպարանքը փոխել, անմիջապէս կ’ըսէր.
«խուփ-խոփ-հոս-հիս, շուտով հասնիմ փափաքիս… »
Եւ ի՛նչ որ փափաքէր կ’իրականանար ատիկա: Երբեմն թռչուն կ’ըլլար կը թռէր. երբեմն սկիւռ կ’ըլլար ծառէ ծառ կը պտըտէր, երբեմն ալ եղնիկ կ’ըլլար, որպէսզի ուրախ զուարթ ցատկռտէր ու խաղար դաշտերուն մէջ:
Օր մը, արջուկ ըլլալ փափաքեցաւ: Շօշափեց գնդիկը,
«խուփ-խոփ-հոս-հիս, շուտով հասնիմ փափաքիս»
ըսաւ ե՜ւ յանկարծ արջի ձագուկի մը վերածուեցաւ: Իբրեւ արջուկ՝ երբ կը շրջէր անտառին մէջ, իսկոյն հանդիպեցաւ անտառին ամենածեր արջին:
– Բարի լոյս, յարգարժան ծերուկ ա՛րջ: Զիս իրական արջուկ չկարծես: Ես հեքիաթաշխարհի Եանչիքան եմ:
– Այո՜, քու մասին շատ բան լսած եմ,- ըսաւ ծերուկ արջը:
– Ի՜նչ մեծ երջանկութիւն է ինծի համար որ անտառի
բնակիչները կը ճանչնան զիս: Շատ լա՜ւ, յարգարժան
արջ, արդեօք իմացա՞ծ ես, օր մը ճնճղուկ եղած էի, եւ
կատու մը յարձակեցաւ իմ վրայ:
– Իրա՞ւ կ’ըսե՞ս… շատ լա՛ւ ինչպէ՞ս ազատեցար կատուի ճանկերէն: Անմիջապէս տեղ մը պահուըտած ըլլալու ես:
– Ո՛չ, ո՜չ, չպահուըտեցայ: Անմիջապէս հեքիաթաշխարհի տունս՝ մօրս քով վերադարձայ: Երկու անգամ «թըք-թըք» զարկի պատուհանին ապակիին, եւ մայրս զիս ներս առաւ անմիջապէս: Ես հեքիաթային հերոս մըն եմ: Մայրս միշտ կը պաշտպանէ, ոչ ոք կրնայ վնաս հասցնել ինծի:
– Շա՜տ լաւ, շատ լա՛ւ, ի՜նչ լաւ է մայր ունենալ: – ըսաւ արջը եւ շարունակեց,- Օր մը պզտիկ ձուկ մը եղած էիր: Կը յիշեմ այդ օրը որ…:
– Այո՛, այո՛ շատ հետաքրքրական արկածախնդրութիւն մը ապրած էի այդ օր: Պճըլիկ ձուկ մըն էի, գետերուն, ծովերուն մէջ կը պտըտէի: Յանկարծ ձկնորսի մը ցանցին մէջ գտայ ինքզինքս: Բա՜յց մա՜յրս… մա՛յրս Ճիշդ այդ պահուն հասաւ օգնութեանս: Իսկոյն ցանցը պատռեց եւ ազատեց զիս:
– Այո՛, մէկու մը մայր ունենալը ի՜նչ լաւ է: Դուն ալ շատ բախտաւոր ես, որովհետեւ մայր ունիս, որ միշտ կը հասնի քու օգնութեան:
– Իմ մայրս աշխարհի ամենագեղեցի՛կ, ամենակարո՛ղ, ամենակատարեա՜լ մայրն է: Ուզեմ աստղերուն քով ըլլամ, ուզեմ ծովուն խորերը պտըտիմ, ուզեմ հողին մէջ ապրիմ, մէկ բան շատ լաւ գիտեմ, եթէ վտանգի տակ ըլլամ, մայրս անպայման իմ օգնութեանս կը հասնի եւ կը փրկէ զիս: Երբ տուն վերադառնանք կը փաթթուի ինծի, մազերս կը շոյէ, եւ սիրոյ խօսքեր կ’արտասանէ:
– Քեզի բան մը ըսե՞մ: Կախարդ քարեգնդակ մը ունենալը լաւ բան մը կրնայ ըլլալ, բայց մայր ունենալը շատ մեծ բախտ մըն է: Այդպէս չէ՞: Երանի՜ իմ մայրս ալ…:
Արջը չկրցաւ շարունակել իր խօսքերը. աչքերէն երկու կաթիլ արցունք գլորեցաւ:
Եանչիքան ալ չկրցաւ խօսիլ՝ վար-վեր շարժեց գլուխը, «Այո՛» ըսել ուզեց: Եւ իր մատներով ծերուկ արջին արցունքները սրբեց: