Մաման Գոհ Չէ
Անահիտ Կարմիրեանէն սիրուն ոտանաւոր մը. «Մաման գոհ չէ, պապան գոհ չէ. ինչպէ՞ս ընեմ յիշեցնեմ, ես պզտիկ եմ, դեռ մեծցած չեմ»:
Մաման Գոհ Չէ
Այս մէկը աջ, այդ մէկը ձախ
Աջս ձախս կը սխալիմ,
Այս մէկը վեր, այդ մէկը վար
Վերս վարս կը շուարիմ:
Այս մէկը ձա, այդ մէկը ցո
Այբ ու բենս կը ձախողիմ
Մաման գոհ չէ, պապան գոհ չէ
Ինչպէ՞ս ընեմ յիշեցնեմ
Ես պզտիկ եմ, դեռ մեծցած չեմ:
Հաւիկը հիւն, կովիկը վեւ
Գրել կարդալ բնաւ պարզ չէ
Նստած երկար, անխօս անշարժ
Դասեր ընել միշտ դիւրին չէ
Ճաշի պահուն չուզած բանս
Ուտել խմել շատ համով չէ:
Մաման գոհ չէ, պապան գոհ չէ
Ինչպէ՞ս ընեմ յիշեցնեմ
Ես պզտիկ եմ, դեռ մեծցած չեմ:
Խօսիլ կ’ըլլայ, պոռալ չկայ
Քալել կ’ըլլայ, վազել չկայ
Ընկերներս նեղել չկայ
Խաղին մէջ միշտ շահիլ չկայ
Ինչ որ ուզեմ այսօր չկայ
Վստահ իսկ չեմ վաղը կ’ըլլա՞յ:
Մաման գոհ չէ, պապան գոհ չէ
Ինչպէ՞ս ընեմ յիշեցնեմ
Ես պզտիկ եմ, դեռ մեծցած չեմ:
Բայց լաւ որ կայ մեծ մայրիկս
Որ զիս շատ լաւ կը հասկնայ
Համբերեցէ՛ք կ’ըսէ անվերջ
Օրը կու գայ ու կը մեծնայ
Ի՞նչ շուտ մոռցաք որ դեռ երէկ
Դուք ալ էիք պզտիկ տղեկ:
Մաման գոհ չէ, պապան գոհ չէ
Ինչպէ՞ս ընեմ յիշեցնեմ
Որ մօտ օրէն ես ալ նոյնպէս
Շուտ կը մեծնամ
Այս օրերը շուտ կը մոռնամ:
Բայց մինչեւ այդ, թէ ինչ ընեմ
Պատմելով ձեզ հիմա
Գիտեմ վազեմ վազեմ
Ձեզմէ մէկուն գիրկը ցատքեմ: