Քաջ Մատիկներ
Որքա՜ն կարեւոր է բարի ընկերներ ունենալ կեանքի մէջ: Ահաւասի՛կ, մատիկներուն ընկերութիւնը…:
Քաջ Մատիկներ
Բթամատն ըսաւ.
– Եկա՜ն, եկա՜ն:
Ցուցամատն ըսաւ.
– Որո՞նք եկան:
Միջամատն ըսաւ.
– Գայլեր եկան:
Մատնեմատն ըսաւ.
– Շո՜ւտ, շո՜ւտ ելլենք, ու փախչինք:
Ճկոյթն ըսաւ.
– Չստլիկ եմ, պզտլիկ եմ, ո՛չ ոտք ունիմ, ո՛չ թեւեր. ինչպէ՞ս փախչիմ ընկերներ:
Բութ մատն ըսաւ.
– Ո՜չ, չփախչինք, ուս ուսի տանք, դառնանք բռունցք, փախցնենք զանոնք: