Քաջ Նազար
Նազար զարմացած կը նայի ճանճերուն: Կ’ուզէ համրել թէ մէկ զարնելով քանի՞ հատ սպաննած է, բայց չի կրնար, որովհետեւ համրել չի գիտեր: Յետոյ կը մտածէ թէ՝ հազարէն պակաս պէտք չէ ըլլայ…:
Քաջ Նազար
Կար ու չկար, խեղճուկրակ մարդ մը կար, Նազար անունով: Այս Նազարը ծոյլ, անճարակ եւ վախկոտ մարդ մըն էր: Օրը մինչեւ իրիկուն՝ կնոջը քովէն չէր զատուեր. անոր հետ դուրս կ’ելլէր, անոր հետ տուն կու գար: Այս պատճառով՝ անունը Վախկոտ Նազար դրած էին:
Գիշեր մը, Վախկոտ Նազարն ու կինը դրան սեմին կը նստէին: Յանկարծ Վախկոտ Նազար գոչեց.
– Ա՝խ կնիկ, ճիշդ ճամբայ կտրելու գիշեր է ասիկա…: Սատանան կ’ըսէ՝ ելի՛ր, գնա՛ Հնդկաստանէն եկող Շահին կարաւանը կողոպտէ, բե՛ր տունը լեցո՛ւր ի՜նչ որ կայ…:
– Ձայնդ կտրէ՛, նստէ՛ տեղդ,- չախեց կինը,- սա ճամբայ կտրողին նայեցէք…:
Նազարը բարկացաւ.
– Անմիտ կին, ինչո՞ւ չես ձգեր որ երթամ կարաւան մը կողոպտեմ, բերեմ տունը լեցնեմ: Ես այր մարդ չե՞մ…ինչի՞ կը ծառայէ մօրուքս, եթէ դուն պիտի համարձակիս խօսիլ ինծի դէմ…:
Երբ կինը տեսաւ որ խօսքը կ’երկարի, տուն մտաւ եւ դուռը երեսին գոցեց, ըսելով.
– Աղե՛մ այդ վախկոտ գլխուդ որ չհոտի…գնա՛ հիմա ճամբայ կտրէ՛ եթէ կրնաս…:
Նազար կը մնայ դրան առջեւ՝ սաստիկ վախցած: Կ’աղաչէ, կը պաղատի, որ կինը դուռը բանայ, բայց ան մտիկ չ’ըներ, չի բանար: Ստիպուած, կ’երթայ պատի մը տակ կը քաշուի, դողալով կ’անցընէ գիշերը մինչեւ լուսաբաց: Յետոյ, արեւուն մէջ պատին տակ կը պառկի մտահոգ, ու կը սպասէ որ կինը գայ, զինք տուն տանի:
Ամառուան տաք օր է. ճանճերը կը բզզան: Մարդը այնքան ծոյլ է, որ քիթը սրբելու իսկ կը ծուլանայ: Ճանճերն ալ կու գան, քթին վրայ կը նստին, քիթին ծակերէն ներս կը մտնեն: Երբ շատ անհանգիստ կ’ընեն, ձեռքը կը վերցնէ վերջապէս ու երեսին կը զարնէ: Ճանճերը վար կը թափին՝ սատկած:
Նազար կը նայի անոնց, զարմացած: Կ’ուզէ համրել թէ մէկ զարնելով քանի՞ հատ սպաննած է. բայց չի կրնար, որովհետեւ համրել չի գիտեր: Յետոյ կը մտածէ թէ՝ հազարէն պակաս պէտք չէ ըլլայ…:
– Ա՛խ,- կ’ըսէ ինքնիրեն,- ես այսպէս էրիկմարդ եմ եղեր ու մինչեւ այսօր չեմ գիտցեր… ես որ մէկ զարնելով հազար շունչ կը մարեմ… դեռ ի՞նչ կեցեր՝ այս անպիտան կնոջ կը սպասեմ:
Տեղէն վեր կը ցատկէ, կ’երթայ շիտակ իրենց գիւղի քահանային:
– Օրհնեցէ՛ք Տէր Հայր:
– Աստուած օրհնէ, որդի:
– Տէր Հայր, գիտե՞ս թէ ինչ պատահեցաւ:
Ու կը պատմէ իր քաջագործութիւնը, աւելցնելով որ իր կնոջմէն պէտք է բաժնուի այլեւս: Կը խնդրէ միայն Տէր Հօրմէն, որ գրի առնէ իր արկածախնդրութիւնները, որպէսզի անյայտ չմնայ, ամէն ոք կարդայ ու գիտնայ…:
Տէր Հայրն ալ լաթի կտորի մը վրայ կը գրէ իբր կատակ.
Անյաղթ հերոս Քաջն Նազար,
Որ մէկ զարկով ջարդէ հազար:
Նազար այս լաթի կտորը կ’անցընէ բարակ փայտի մը ծայրը, մէջքին ժանգոտած երկաթէ կտոր մը կը կապէ եւ դրացիին իշուն վրայ նստելով կը հեռանայ գիւղէն:
Իրենց գիւղէն դուրս ելլելէ վերջ ճամբայ մը կը բռնէ ու կ’երթայ: Ինքն ալ չի գիտեր թէ այդ ճամբան ո՞ւր կը տանի: Կ’երթա՜յ կ’երթա՜յ, մէյ մըն ալ ետ կը նայի որ գիւղը հեռու մնացեր է: Երբ ասիկա կը տեսնէ՝ սիրտը դող կ’ելլէ: Վախը թեթեւցնելու համար կը սկսի երգել, քթին տակէն մրմռալ, ինքնիրեն խօսիլ եւ էշը յանդիմանել:
Երբ անտառ կը մտնէ, իրեն այնպէս կը թուի թէ ամէն մէկ ծառի տակէն, ամէն մէկ թուփի մէջէն կամ քարի ետեւէն գազան մը կամ աւազակ մը պիտի յարձակի իր վրայ, եւ սարսափած՝ կը սկսի պոռալ կանչել. ա՛յնպէս պոռալ կանչել որ՝ ականջդ կը խլանայ…:
Այդ միջոցին, անտառի ճամբէն գիւղացի մը կու գար՝ ձին իր ետեւէն քաշելով, ամէն բանէ անտեղեակ: Երբ այս զարհուրելի ձայնը կը լսէ, տեղն ու տեղը կը մնայ:
– Վա՜յ,- կը գոչէ,- աւազակներն են…: Աստուած վկայ՝ ասոնք գլուխս ուսերուս վրայ չեն ձգեր…:
Կը թողու ձին, կը մտնէ անտառ եւ առանց ետեւը նայելու կը փախչի:
Բախտը ի՞նչպէս կ’ըլլայ…: Քաջ Նազար պոռալով կանչելով կու գայ որ ի՞նչ տեսնէ. թամբուած ձի մը ճամբուն մէջտեղ իրեն կը սպասէ: Անմիջապէս էշէն վար կ’իջնէ, կը հեծնէ ձիուն վրայ ու կը շարունակէ ճամբան:
Շատ կ’երթայ, քիչ կ’երթայ, կ’իյնայ գիւղի մը վրայ, գիւղը իրեն անծանօթ, ինքը գիւղին: Որո՞ւ դիմէ, ո՞ր դուռը զարնէ:
Յանկարծ տունէ մը զուռնայի ձայն մը կը լսէ, ձին կը քշէ դէպի այդ կողմը եւ կը տեսնէ տուն մը՝ ուր հարսանիք կայ: Շիտակ ներս.
– Բարե՛ւ ձեզ:
– Աստուծոյ բարին, բարի եկար հազար բարով, հրամէ՛, Աստուծոյ հիւրը մեր գլխուն վրայ է:
Եւ կը տանին, սեղանին գլուխը կը նստեցնեն Նազարը իր դրօշակով: Ուտողին սիրողին անուշ ըլլայ ի՛նչ որ կը բերեն իր առջեւ… տեսակ տեսակ ուտելիք թէ խմելիք…:
Հարսնեւորները հետաքրքիր են հասկնալու թէ ո՞վ է այս տարօրինակ անծանօթը: Սեղանին վարի ծայրէն մէկը կը հրէ իր քովը նստողը եւ կը հարցնէ. ան ալ իր քովը նստողը կը մշտէ, այսպէս կարգով զիրար հրելով, փսփսալով, հարցը կը հասնի մինչեւ վերի ծայրը նստած տէրտէրին, որ վերջապէս ձեւով մը կը կարդայ դրօշակին վրայ գրուածը.
Անյաղթ հերոս Քաջն Նազար,
Որ մէկ զարկով ջարդէ հազար:
Կը կարդայ, եւ զարհուրած՝ կը յայտնէ քովը նստողին, ան ալ՝ իր քովինին, ան ալ՝ երրորդին, երրորդը՝ չորրորդին, եւ այսպէս՝ լուրը կը հասնի մինչեւ դրան տակը: Ամբողջ հարսնետան մէջ կը շրջի մրմունջ մը՝
Անյաղթ հերոս Քաջն Նազար,
Որ մէկ զարկով ջարդէ հազար:
Հարսնեւորները, կը սկսին պատմել անոր քաջագործութիւնները, եւ խօսիլ՝ իրենց հին ծանօթութեան եւ միասին անցուցած օրերուն մասին: Եւ ապշած հիւրերը ոտքի կ’ելլեն ու կը խմեն Քաջ Նազարի կենացը:
Աշուղն ալ, որ հոն կը գտնուէր, յանկարծ երգ մը կը շինէ ու կը սկսի երգել.
Բարով եկար, հազար բարի,
Մեր սարերու արծիւ արի,
Թագ ու պարծանք մեր աշխարհի,
Անյաղթ հերոս քաջն Նազար,
Որ մէկ զարկով ջարդես հազար:
Դուն տկարին տէր, ապաւէն,
Կը հասկնաս անոր ցաւէն,
Մեզ կը փրկես անիրաւէն,
Անյաղթ հերոս քաջն Նազար,
Որ մէկ զարկով ջարդես հազար:
Հարսնեւորները կը պատմեն անոր զարմանալի քաջագործութիւնները, կը նկարագրեն անոր վախազդու կերպարանքը: Եւ ամէն տեղ մարդիկ իրենց նորածին զաւկին անունը Քաջ Նազար կը դնեն:
Նազար հարսնիքի տունէն կը մեկնի եւ կը շարունակէ ճամբան: Կ’երթայ, կ’երթայ եւ կը հասնի կանանչ դաշտ մը: Ձին ազատ կը ձգէ, որպէսզի արածի դաշտին մէջ, ինքն ալ դրօշակը գետին կը տնկէ եւ կը պառկի, կը քնանայ դրօշակին շուքին տակ:
Բայց այս տեղերը կը պատկանէին եօթը հսկայ եղբայրներու, որոնց բերդը մօտակայ լերան գագաթին վրայ էր: Անոնք, երբ կը տեսնեն Նազարին գալը, շատ կը զարմանան՝ խորհելով որ այդ ի՜նչ համարձակ մարդ պէտք է ըլլայ, որ առանց վախնալու եկեր՝ իրենց հողերուն վրայ պառկեր է եւ ձին ալ ձգեր է որ արածի:
Երբ կը մօտենան մարդուն կը տեսնեն որ գլխուն վերեւ դրօշակ մը տնկուած, որուն վրայ գրուած է.
Անյաղթ հերոս Քաջն Նազար,
Որ մէկ զարկով ջարդէ հազար:
Վա՜յ Քաջ Նազարն է…: Հսկաներուն արիւնը կը սառի, գամուած կը մնան իրենց տեղերը: Գինով հարսնեւորներուն տարածած լուրը մինչեւ անոնց հասեր էր: Այդպէս կը սպասեն մինչեւ որ Նազար քունէն արթննայ:
Նազար աչքերը կը բանայ որ ի՞նչ տեսնէ. գլխուն վերեւ եօթը ահռելի հսկաներ:
Ասիկա տեսնելուն պէս Նազար վեր կը ցատքէ, կը մտնէ դրօշակին տակ ու կը սկսի դողալ աշնան տերեւի նման:
Հսկաները երբ կը տեսնեն որ ան կը դողայ, կը խորհին թէ՝ բարկացաւ, հիմա ուր որ է մէկ հարուածով մեր եօթն ալ կը սպաննէ. եւ անոր առջեւ գետին կը փռուին ու կը սկսին աղաչել.
Անյաղթ հերոս Քաջն Նազար,
Որ մէկ զարկով ջարդէ հազար:
– Մենք լսեր էինք քու ահաւոր անունդ: Որքա՜ն
բախտաւոր ենք որ դուն պատիւ բերիր մեր
հողերուն: Մենք, քու խոնարհ ծառաներդ, եօթը
եղբայրներ ենք. մեր բերդն ալ ահա՛ հոն՝ լերան
գագաթն է: Հոն է նաեւ մեր գեղեցիկ քոյրը: Կը
խնդրենք որ բարեհաճիս գալ եւ մեր աղն ու հացը
ուտել…:
Այս խօսքերը լսելով Նազար կը հանդարտի. կը նստի ձին, հսկաներն ալ դրօշակը առած՝ պաշտօնական կերպով զինքը կ’առաջնորդեն իրենց պալատը: Իսկ պալատին մէջն ալ թագաւորի վայել պատիւներ կ’ընեն իրեն եւ ա՝յնքան կը գովեն, ա՜յնքան կը խօսին անոր քաջագործութիւններուն մասին, որ իրենց գեղեցիկ քոյրը կը սիրահարի Նազարին:
Այդ ատենները վագր մը մէջտեղ ելած էր այդ երկրին մէջ, եւ կը սարսափեցնէր ժողովուրդը: Ո՞վ կրնայ սպաննել վագրը, ո՞վ կը համարձակի վագրին դէմ ելլել. անշուշտ միա՛յն Քաջ Նազարը: Ամէն մարդ Նազարին բերնէն կախուած է. վերը՝ Աստուած, վարը՝ Քաջ Նազար…:
Վագրի խօսքը լսելուն պէս Նազար վախէն դուրս կը վազէ, կ’ուզէ փախչիլ ու պահուըտիլ իր տան մէջ. իսկ ներկաները կը կարծեն, թէ ան կը վազէ վագրը սպաննելու: Նշանածը կը հասնի ետեւէն, կը կեցնէ.
– Ո՞ւր կը վազես այդպէս առանց զէնքի,- կը գոչէ հսկաներուն գեղեցիկ քոյրը:
Զէնք կը բերէ եւ կու տայ անոր, որպէսզի երթայ եւ իր համբաւին վրայ փայլ մը եւս աւելցնէ:
Նազար կ’առնէ զէնքը, կ’երթայ անտառ եւ ծառի մը վրայ կը բարձրանայ, որպէսզի ո՛չ ինք վագրին հանդիպի, ո՛չ ալ վագրը իրեն: Ծառին վրայ կը կծկտի ու կը նստի անշարժ: Բայց հակառակ պիտի ըլլայ՝ վագրն ալ կու գայ ճիշդ այդ ծառին տակ կը պառկի:
Նազար երբ վագրը կը տեսնէ՝ լեղին ջուր կը կտրի, աչքերը կը սեւանան, ձեռքերն ու ոտքերը կը թուլնան ու կը գլտորի եւ կ’իյնայ վագրին վրայ: Գազանը սարսափած վեր կը ցատքէ, Նազարն ալ վախէն անոր մէջքին կը փաթթուի: Այսպէս՝ անխելք Նազարը քամակին, սաստիկ վախցած վագրը կը փախչի՝ ամբողջ ոյժը ոտքերուն տուած: Ան չի վազեր, կարծես կը թռչի քարերուն, ժայռերուն, լեռներուն, ձորերուն վրայէն:
Մարդիկ մէյ մըն ալ կը նային, ի՞նչ տեսնեն. Քաջ Նազարը վագրին վրայ նստած կը սուրայ…:
– Հէ՜յ, եկէ՛ք, եկէ՛ք, տեսէ՛ք Քաջ Նազարը վագրին վրայ նստած ձիու պէս կը քշէ… զարկէ՛ք, հա՛զարկէք…:
Ամէնքն ալ քաջութիւն կ’առնեն, պոռալով կանչելով կը յարձակին վագրին վրայ, քարով, փայտով, դանակով, սուրով կը զարնեն, կը սպաննեն գազանը:
Նազար երբ ինքզինքը կը գտնէ քիչ մը, լեզուն կը բացուի.
– Ա՛խ,- կ’ըսէ,- ինչո՞ւ սպաննեցիք… հազիւ ինծի յարմար ընտիր ձի մը գտեր, նստեր էի…:
Լուրը մինչեւ բերդ կը հասնի: Այր, կին, մեծ, պզտիկ, ժողովուրդ դուրս կը թափին Նազարը դիմաւորելու համար:
Եւ Քաջ Նազարը կ’ամուսնացնեն հսկաներուն գեղեցիկ քրոջը հետ: Եօթը օր, եօթը գիշեր հարսնիք կ’ընեն, երգերով կը հիւսեն գովեստը թագաւորին ու թագուհիին:
Բայց եկուր տե՛ս որ դրացի երկրի թագաւորը նախապէս ուզած է եղեր այդ աղջիկը: Երբ կը լսէ թէ իրեն չեն տուած եւ ուրիշի մը հետ ամուսնացուցած են, բանակը կը ժողվէ եւ պատերազմի կու գայ եղբայրներուն վրայ:
Եօթը հսկաները կ’երթան Քաջ Նազարին կը հաղորդեն պատերազմի լուրը, եւ խոնարհելով անոր առջեւ՝ հրամանի կը սպասեն:
Պատերազմի խօսքը լսելուն պէս կը վախնայ Նազար. տեղէն կը ցատկէ, դուրս կը փախչի, կ’ուզէ երթալ պահուըտիլ իրենց գիւղը: Իսկ մարդիկ կը կարծեն, թէ ան կ’ուզէ իսկոյն յարձակիլ թշնամի բանակին վրայ: Ետեւէն կ’իյնան, կը բռնեն ու կը խնդրեն.
– Ո՞ւր կ’երթաս, ի՞նչ կ’ընես, առանց զէնքի զրահի մինակդ ո՞ւր կը վազես, խե՞լքդ թռցուցիր ինչ է…:
Կը բերեն զէնք ու զրահ, կինն ալ եղբայրներէն կը խնդրէ, որ չձգեն Նազարը քաջութենէն տարուած՝ մինակը երթայ յարձակի թշնամի բանակին վրայ:
Այս լուրը կը տարածուի բանակին եւ ժողովուրդին մէջ, լրտեսներու միջոցով ալ կը հասնի թշնամիին՝ թէ Քաջ Նազար առանձին կը վազէր պատերազմի դաշտ, թէ հազիւ կարողացած են զսպել, ու հիմա զինուորներով շրջապատուած կը բերեն՝ որպէսզի աշխարհը տակնուվրայ չընէ…:
Պատերազմի դաշտին վրայ անհնազանդ ու վայրի ձի մը կը քաշեն Նազարին տակ, կը նստեցնեն վրան: Զինուորներն ալ կը քաջալերուին աշտանակած տեսնելով Նազարը, եւ ահագին աղմուկով կը գոռան.
– Կեցցէ՜ Քաջ Նազար.. մա՛հ թշնամիին…:
Վայրի ձին, երբ կը զգայ թէ անպիտանին մէկն է հեծած վրան, կը խրխնջայ, կը վրնջէ ու գլուխը կ’առնէ կ’երթայ դէպի թշնամի բանակը: Զինուորները կը կարծեն թէ Քաջ Նազար յարձակման անցաւ, «հուռռա՜» կը պոռան ու իրենց ամբողջ թափով յառաջ կը նետուին:
Նազար, որ չի կրնար զսպել վայրի ձին, վար չիյնալու համար կ’ուզէ փաթթուիլ ծառի մը ճիւղին. բայց եկո՛ւր տես որ ծառը փտած է եղեր, ահագին գերանի չափ ճիւղը կը կոտրի, կը մնայ ձեռքը…:
Թշնամի զինուորները, որոնք արդէն նախապէս անոր համբաւը լսած էին եւ վախը փորերնին էր, երբ իրենց աչքերով կը տեսնեն պատահածը՝ բոլորովին կը վախնան ու երես կը դարձնեն կռիւէն:
– Փախի՛ր, հա՛ փախիր. ով որ կրնայ՝ թող ազատէ իր հոգին… Քաջ Նազարը կու գայ ծառերը արմատախիլ ընելով… վա՜խ:
Այդ օրը թշնամիէն ջարդուելիքը ջարդուեցաւ. ըստ բախտի ազատողները իրենց սուրերը դրին Քաջ Նազարի ոտքին տակ:
Արիւնահեղ պատերազմի դաշտէն հսկաներու բերդը վերադարձաւ Քաջ Նազար: Անբացատրելի ուրախութեամբ, հուռռաներով, կեցցէներով, երաժշտութիւնով, դիմաւորեցին զինքը: Այդքան փառք ու պատիւի դիմաց՝ Նազար մնաց ապշած ու շշմած:
Յետոյ, մեծ շուքով եւ ուրախութեամբ զինքը անուանեցին թագաւոր եւ նստեցուցին թագաւորական գահին վրայ: Կ’ըսեն թէ՝ մինչեւ այսօր ալ դեռ կ’ապրի ու կը թագաւորէ Քաջ Նազարը: Ու երբ իր քով կը խօսին քաջութեան, խելքի, հանճարի մասին, ան կը խնդայ ու կ’ըսէ.
– Ի՜նչ քաջութիւն, ի՜նչ խելք, ի՛նչ հանճար. պարապ բաներ են ատոնք: Կարեւորը՝ մարդուս բախտն է: Բախտ ունի՞ս… գործդ կարգին է:
Եւ կ’ըսեն թէ՝ մինչեւ այսօր ալ Քաջ Նազարին գործը կարգին է եւ կը ծիծաղի աշխարհի սուտ ու փուտ բաներուն վրայ: