Ինչո՞ւ Ընկոյզ եւ Ոչ Դդում

Մեղա՜յ Աստուծոյ,- գոչեց գիւղացին,- պատիժս առի, ի՞նչ պիտի ըլլար խեղճ քիթս՝ եթէ ընկոյզի տեղ դդում մը իյնար վրան:

Ինչո՞ւ Ընկոյզ եւ Ոչ Դդում

Ամառուան տաք կէսօր մը, գիւղացիին մէկը ընկուզենիի շուքին տակ նստած կը զովանար:

Վեր նայեցաւ ու ծառին վրայ շատ ընկոյզներ տեսաւ. իսկ ծառին տակն ալ մեծամեծ դդումները կը տարածուէին գետնին վրայ:

«Զարմանալի բան», մտածեց գիւղացին, սա ծառին մեծութեա՞ն նայինք՝ թէ պտուղներուն պզտիկութեան. արմատը ահագին, ճիւղերը բազմաթիւ, ու տերեւները լայն, կարծես թէ խոշոր բլուր մըն է, բայց պտուղները այնքան պզտիկ են որ հազիւ կը տեսնուին. մինչդեռ սա դդումը տես, մարդու գլուխէն աւելի մեծ է, գետնի վրայ կը բուսնի, բարակ ցօղուններ ունի.

Եթէ ես Աստուծոյ տեղ ըլլայի, ճիշդ ասոր հակառակը կը ստեղծէի:

Խօսքը հազիւ վերջացուցեր էր, յանկարծ ընկոյզ մը ծառէն վար ինկաւ եւ այնպէս ուժով զարկաւ գիւղացիին քիթին՝ որ անոր քիթէն սկսաւ արիւն գալ:

– Մեղա՜յ Աստուծոյ,- գոչեց գիւղացին,- պատիժս առի, ի՞նչ պիտի ըլլար խեղճ քիթս՝ եթէ ընկոյզի տեղ դդում մը իյնար վրան:

Անանուն հեղինակ