Կօշիկները

Կէս գիշերուան մօտ արթնցաւ Զարմինէ, եւ միտքը եկաւ թէ Ծնունդի գիշեր էր:  Խորհեցաւ առջի իրիկուընէ վառարանի քով շարուած կօշիկները, որոնց մէջ Յիսուսը նուէրներ պիտի լեցնէր:

Կօշիկները

Կէս գիշերուան մօտ արթնցաւ Զարմինէ, եւ աչուկները շփելով, խոշոր խոշոր բացաւ մութին մէջ: Միտքը եկաւ թէ Ծնունդի գիշեր էր: Խորհեցաւ առջի իրիկուընէ վառարանի քով շարուած կօշիկները, որոնց մէջ Յիսուսը նուէրներ պիտի լեցնէր: Այդպէս պատմած էին մայրիկն ու անգլիացի վարժուհին: Աչքին առջեւ եկաւ գոմի մը մսուրին մէջ ծնած փոքրիկ Յիսուսը, որուն առջեւ ծունկի կու գային Մոգերը: Ու երեւակայեց Մանուկ Յիսուսին լուսեղէն ճաճանչով պսակուած վարդագեղ դէմքը:

Գլուխը դեռ լեցուն էր եւ հոգին ալ՝ շատ յուզիչ պատմութիւններովը Յիսուսին, որ թեւերը կը բանար աղքատներուն եւ մանուկներուն: Արդեօք ի՞նչ նուէր պիտի ղրկէր իրեն: Ան, որ առտու իրիկուն մտիկ կ՛ընէր երկինքէն խելօք տղոց աղօթքը, հարկաւ լսեր էր իր սրտին փափաքը:

Շատ բան չէր ուզեր, միայն ոսկի մազերով աղուորիկ պուպրիկ մը կապոյտ հագուած, որ մամա, պապա ըսէր:
Եւ ա՛լ ասիկա պիտի չկոտրէր առջի տարուան խամաճիկին պէս: Աչքին լոյսին պէս պիտի խնամէր, ինչպէս մայրիկը զինքը կը խնամէր: Յետոյ կնունք պիտի ընէր, ու մայրիկին անունը պիտի դնէր անոր՝ Լուսիկ…:

Յանկարծ ժամացոյցին հնչումովը ցրուեցաւ. «Կէս գիշեր է», խորհեցաւ, «Հիմայ նուէրները եկած ըլլալու են»:
Ու ելաւ անկողնին մէջ նստաւ, ականջ դնելով անծանօթ, խորհրդաւոր շշուկներու: Ցուրտ սենեակին մէջ քնացող փոքրիկ քրոջը եւ վարժուհիին շնչառութիւնը միայն կը լսուէր:

Զարմինէ մէկդի ըրաւ սաւանները, եւ կամացուկ մը վար իջաւ անկողինէն: Ձիւնի պէս ճերմակ գիշերանոցին մէջ, բոպիկ, ոտքին մատներուն վրայ կոխելով, քանի մը քայլ առաւ, մատը բերնին վրայ դրած, լռութիւն պատուիրելով ինք իր անձին,
կանթեղին մօտեցաւ, առաւ զայն, դուռը բացաւ եւ սենեակէն դուրս ելաւ:

Սանդուխին գլուխը՝ խոշոր պատուհանէ մը ներս կը յորդէր լուսինին եւ ձիւնապատ տանիքներուն ճառագայթը:

Այս գիշերային քաջութիւնը միս մինաւորիկ՝ քնացող տան մը մէկ յարկէն միւսը, փոխանակ վախցնելու, կը զուարճացնէր զինքը: Ան անպատճառ կ՛ուզէր հասկնալ թէ ի՛նչ բերեր էր իրեն Ծնունդը:

Մեծ սրահին առջեւ հասնելով, դուռը հրեց իսկոյն, բայց երբ ներս մտաւ, անբացատրելի վախ մը պատեց զինքը: Պատուհանները, պատերը սեփ սեւ էին: Հոն գամուած մնաց վայրկեան մը: Յետոյ ետին դարձաւ, եւ ձեռքի կանթեղին լոյսը հայելիի մը մէջ, իր պատկերը տեսաւ:
Շուրջը կը տեսնէր ամենօրեայ առարկաները, թիկնաթոռները, փոքրիկ սեղանը մայրիկին կարի կողովը վրան, յետոյ վառարանը:

Հիմա նորէն արթնցաւ իր տղայական հետաքրքրութիւնը: Ծռեցաւ մարմարէ բարձր վառարանին եզերքին վրայ: Կօշիկները կարգաւ շարուած էին: Բայց ի՛նչ սքանչելի ուրախութիւն մը կը սպասէր իրեն:

-Ա՜խ, իմ անուշի՛կ Յիսուսս,- աղաղակեց յուզմունքով:

Հիանալի պուպրիկ մը դրեր էին իր կօշիկին մէջ, կապոյտ հագուած եւ անանկ աղուոր էր ո՜ր, խենդենալո՜ւ բան…:

Քրոջը՝ Արմինէին պզտիկ ջութակ մը տուեր էին ծաղիկներով լեցուն կողովի մը մէջ: «Բարի՛ Յիսուս, ինչպէս ալ ամէնուն սրտին ուզածը գտեր բերեր էր»:

Զարմինէ կանթեղը վար դրաւ, ու ինք ալ գետինը նստաւ: Մոռցեր էր քիչ առաջուան վախը, ահագին սրահին մէջտեղը մինակ գտնուիլը: Ձեռքին մէջ սկսաւ դարձնել իր գեղեցիկ պուպրիկը, որ շարժումներ կ՛ընէր, քայլեր կ՛առնէր, մամա, պապա կ՛ըսէր: Իր պզտիկ կեանքին բոլոր երազն էր ատիկա: Մատերովը կը փայփայէր անոր գլխարկին կապոյտ փետուրներէն դուրս թափող խոպոպները ու կը համբուրէր զայն գրկած: Բայց, ի՜նչ էր վառարանին մէկ քովը դրուած սա աղտոտ առարկան: Տեղէն ելաւ: Զոյգ մը կօշիկներ էին ցեխոտ, մաշած, ծակծկած: Քիչ մը գարշանքով, ոտքին ծայրովը մէկդի ըրաւ զանոնք իրենց նոփ նոր փայլուն մուճակներուն քովէն, եւ վեր առնելով փէշը, նայեցաւ թէ ոտքը աղտոտե՞ր էր:
Այդ վայրկեանին, յանկարծ միտքը ինկաւ Նունիկը, իրենց սպասուհիին աղջիկը, զոր որբանոցէն եկեր էր Ծնունդը մօրը քով անցընելու համար:

Յիշեց անոր նիհար վախկոտ դէմքը, եւ մայրիկին պատուէրը՝ իրենց վարժուհիին որ տղոց կօշիկներէն զոյգ մը տայ անոր: Կասկած չունէր, Նունիկինն էին անոնք:
Տեսնենք Յիսուս ի՞նչ նուէր տուեր էր անոր:

Ու ապշած մնաց անմեղ աղջնակը: Թեւերը ոտքերը կոտրած հին խաղալիք մը: Հապա՜ Յիսուս որ կը սիրէր աղքատները եւ մանուկները, ա՞ն ալ զրկանք կ’ընէր այդ խեղճին:

Ձեռքը առաւ այդ տխուր նուէրը: Այն ատեն զարմանքով նշմարեց որ նախորդ տարուան իր խամաճիկն էր կոտրած, կոտրտած, մէկդի ձգուած: «Ուրեմն իրենց նուէրներն ալ երկինքէն ու ամպերէն իջած չէին» խորհեցաւ, աչքերը արցունքով թաց: Մե՜ղք…:

Մինչեւ էութեանը խորը ցնցուեցաւ: Գեղեցիկ շարժումով մը, տարաւ կապոյտ պուպրիկը Նունիկին կօշիկներուն մէջ զետեղեց, ու թեւատ խամաճիկը դրաւ իր նոր մուճակին մէջ:

Յիսուս, որ աղքատները եւ մանուկները կը սիրէր, պիտի ներէր իրեն այս խուլ բողոքը իր ծնողքին կամ վարժուհիին անիրաւութեան դէմ: Եւ առանց ետին դառնալու, կանթեղը առաւ վեր ելաւ:

Գրեց: Զապէլ Ասատուր