Չաստուածները Կ'արթննան / Գ
Ծովինար եւ ընկերներուն արկածախնդրութիւնները կը շարունակուի: Տղաքը կ’որոշեն դարձեալ թանգարան երթալ: Արդեօք ինչո՞ւ ..:
Չաստուածները Կ’արթննան / Գ
Երբ Ծովինար աչքերը բացաւ, Արան իր քովն էր: Ան շատ շուարած էր Ծովինարին վարմունքին համար եւ մտահոգ էր, շատ ուժաթափ տեսնելով իր սիրելի քոյրը:
– Ի՞նչ պատահեցաւ ինծի,- ըսաւ Ծովինար…
– Գիտես քոյր, դուն շատ հսկայ ու զօրաւոր եղար… այդ արարածն ալ քեզի նման էր եւ դուն անոր դիմադրեցիր, գետին տապալեցիր այդ արարածը, յետոյ դուն դարձար քու նախկին վիճակիդ: Սակայն ի՛նչ մեղք որ յանկարծ մարեցար, գրեթէ երկու ժամ մարած մնացիր, Արային հետ քեզ տուն բերինք,- ըսաւ Վահագնը որ շատ յուզուած էր:
– Չեմ գիտեր թէ ի՛նչ պատահեցաւ. Սակայն քեզի համար շատ մտահոգուեցայ,- աւելցուց Արա,- Աղէկ ես չէ՞…
– Շատ լաւ եմ, շնորհակալ եմ, միայն քիչ մը փորիկս անօթեցաւ.
– Լաւ որ մայրս ու հայրս հոս չեն, Էլիզապէթ թանթիկին գացած են, թէ ո՛չ տան մէջ խոշոր փոթորիկ պիտի պայթէր: Մայրիկս մեզի համար ճաշ պատրաստած էր,- ըսաւ Արա ու խոհանոց գնաց:
Ան պնակի մը մէջ դրաւ ճաշը ու քովն ալ գաւաթ մը պտղաջուր աւելցնելով, Ծովինարին բերաւ:
Ծովինար լաւ մը կշտացուց փորիկը, յետոյ գրպանէն այդ նշանաւոր մանեակը հանեց ու Վահագնին եւ Արային ցոյց տուաւ:
– Ինչ որ պատահեցաւ այս մանեակը պատճառ եղաւ, կը յիշէք հարկաւ. այս մանեակը թանգարանին չաստուածը տուած էր:
– Այսինքն ինչպէս Ծովինարին արձա՞նը տուած էր:
Արան ու Վահագնը շատ շուարած էին:
– Թանգարանի տարիքոտ պաշտօնեային պատմածները, պարապի չէին …
– Այսինքն ինչ կ’ըսես, մեր բոլորին անուններուն իմաստները այդ պաշտօնեային պատմածներուն հետ մասնաւոր կա՞պ մը ունին:
– Չեմ գիտեր,-ըսաւ Ծովինար,- Ամէն բան իրար խառնուեցաւ: Կարծեմ դարձեալ թանգարան երթալ պէտք է:
– Ուրեմն Հայկին եւ Անահիտին ալ լուր տանք, երթամ կանչեմ զանոնք,-ըսաւ Արա:
Ծովինար ու Արա, իրենց հագուստները փոխեցին: Այդ միջոցին Հայկն ու Անահիտն ալ եկան, Ծովինար իրեն պատահածները անոնց ալ պատմեց: Անոնք շատ չհաւատացին պատմուածներուն: Որոշեցին միասնաբար թանգարան երթալ, որպէսզի հասկնան թէ ի՞նչ է իրականութիւնը:
Վահագն առաջարկեց իր եղբօր Յարութիւնին ինքնաշարժովը երթալ:
Կէս ժամ վերջ ամէնքն ալ մտահոգ, ինքնաշարժին մէջ էին:
Յարութիւնը յանկարծ զսպակին կոխեց ու ինքնաշարժը կեցաւ… ճամբուն ճիշդ մէջտեղը տղեկ մը կանգնած էր անշարժ, Սեւակն էր:
…………………
Շարունակելի