Պտըտիլ Սիրող Ծառը
Ատենօք, կար ծառ մը, որ կ’ապրէր կափ-կանանչ պարտէզի մը մէջ:
Այդ ծառը չարաճճի տղոց նման, վազել, խաղալ, լեռներն ի վեր մագլցիլ, լողալ կ’ուզէր:
Պտըտիլ Սիրող Ծառը
Ատենօք, կար ծառ մը, որ կ’ապրէր կափ-կանանչ պարտէզի մը մէջ: Այդ ծառը չարաճճի տղու մը կը նմանէր, միշտ անհանդարտ էր, եւ սակայն իր ընկերներուն նման, ստիպուած էր հողին կապուած մնալ, աճիլ ու մեծնալ առանց շարժելու:
Մինչդեռ մեր ծառը, տղոց նման, վազել, խաղալ, լեռներն ի վեր մագլցիլ, լողալ կ’ուզէր: Իր շուրջ գտնուող բազմաթիւ տուներն ալ գրաւիչ էին իրեն համար:
Շատ հետաքրքիր էր, կ’ուզէր գիտնալ, թէ այդ տուներէն ներս մտնող-ելլող տղաքը ի՞նչ կ’ընէին, տուներուն մէջ արդեօք ինչե՞ր կային:
Խեղճ ծառը, իր արմատներով հողէն իր սնունդը կ’առնէր, իր տերեւներով հանգիստ կը շնչէր, բայց չէր կրնար քալել, վազել, պտըտիլ: Օրեր ու ամիսներ շարունակ ան ստիպուած էր նոյն տեղը անշարժ մնալ:
Ամրան վերջաւորութեան, օր մը մեղմ հով մը կը փչէր:
Հովը պտոյտը շատ սիրող ծառին շուրջ կը դառնար, կը կենար, պար կը բռնէր: Կը ջանար դժբախտ ծառը զուարճացնել, խնդացնել, բայց ի զուր… ծառը այնքա՜ն յուզուած էր որ…:
– Ինչո՞ւ այսքան շատ յուզուած ես ծառ եղբայր,- հարցուց հովը:
– Ի՞նչպէս չյուզուիմ,- պատասխանեց ծառը,- աշխարհի բոլոր կենդանի էակները կը քալեն, կը վազեն, կը լողան, իսկ ես հոս՝ հողին մէջ անշարժ մնալու դատապարտուած եմ: Որքա՜ն կ’ուզէի ամբողջ աշխարհը պտըտիլ, նոր բաներ տեսնել եւ սորվիլ…:
– Հոգ մի՛ ըներ,- ըսաւ հովը,- ճար մը կը գտնենք հարկաւ, տերեւներէդ մէկը ինծի տո՛ւր ու տե՛ս թէ ինչե՜ր պիտի պատահին:
Այսպէս ըսելով հովը սկսաւ քիչ մը ուժով փչել: Այդ փչումը, տերեւներէն մէկը փրցնելով առաւ, ու տուներէն մէկուն բաց պատուհանէն ներս քշեց: Տերեւը շարժտկելով սենեակին ճիշդ մէջտեղը ինկաւ:
– Ահա՛, տեսա՞ր, տունէ մը ներս մտար, իսկ հիմա ո՞ւր երթալ կ’ուզես,-ըսաւ հովը:
Ծառը ուրիշ տերեւ մը եւս հովուն յանձնեց:
Այս երկրորդն ալ գնաց գետի մը մէջ ինկաւ: Գետը տերեւը առաւ ու տարաւ դէպի հեռաւոր ծով մը:
Այլեւս շատ երջանիկ էր մեր ծառը: Ան իր տերեւները սկսաւ յաջորդաբար յանձնել հովուն, որոնք ման գալով, թռչտելով զանազան տեղեր գացին:
Տերեւ մը ինքնաշարժի մը պատուհանին փակաւ, ու շա՜տ հեռաւոր երկիրներ ճամբորդեց: Ուրիշ մը արձակուրդի ելաւ,
եւ վերջապէս ծառը մնաց առանց տերեւի: Բայց՝ «Հոգ չէ, աշնան բոլոր ծառերուն տերեւները կը թափին, երբ գարունը մօտենայ դարձեալ պիտի տիրանամ իմ սիրելի տերեւներուս…», խորհեցաւ ան:
Ծառը սկսաւ մտածել, թէ յաջորդ աշնան իր տերեւները ո՞ւր պիտի կարենար ղրկել: Պտոյտը սիրող ծառը ի վերջոյ երջանիկ էր…:
Ժպիտ Մանկաթերթէն Քաղուած