Ծերունիին Խրատները

Ատենօք, աղքատ երկիր մը կար: Այդքան մեծ էր ուտելիքի խնդիրը որ, երկրին թագաւորը օրէնք մը յայտարարեց. 

Ո՞վ որ իր ընտանիքին մէջ ծերունի ունի, թող անտառ տանի՛ ու հոն ձգէ՛: 

Ծերունիին Խրատները

Ատենօք, աղքատ երկիր մը կար: Երկրին բնակիչները դժուարութեամբ կը կշտացնէին իրենց փորը: Այդքան մեծ էր ուտելիքի խնդիրը որ, երկրին թագաւորը օրէնք մը յայտարարեց ժողովուրդին.

– Երկրիս մէջ սով կը տիրէ: Տարեց մը եթէ աշխատելու կարողութիւնը կորսնցուցած է, արգիլեցի անոր տան մէջ ապրիլը: Ո՞վ որ իր ընտանիքին մէջ ծերունի ունի, թող անտառ տանի՛ ու հոն ձգէ՛: Անոնք պիտի ապրին անտառին մէջ առանձինն: Անոնց կերակուրի բաժինները ձեր տուներուն մէջ երիտասարդներուն պիտի բաժնէք, որպէսզի անոնք աւելի լաւ սնանին եւ շատ աշխատին: Այս է հրամանս: Ո՛վ որ չհնազանդի օրէնքին, ծանրապէս պիտի պատժուի:

Մարդիկ, ստիպողաբար հնազանդեցան հրամանին: Ո՛չ ոք կրցաւ պահել ծերունի մը իր տան մէջ, որովհետեւ տեսնողը անմիջապէս մատնեց թագաւորին:

Ձմրան օր մըն էր: Ծերունին, որդին եւ թոռնիկը միասնաբար անտառ գացին: Ծերունին ձգեցին հոն ու մեկնեցան դէպի տուն: Ճամբան, թոռնիկը նշմարեց որ սահնակը չկայ: Յիշեց որ մեծհօրը քով մոռցած էր:

– Հա՛յր, պէտք է ետ դառնանք եւ սահնակը առնենք,- ըսաւ պզտիկը:

Հայրը անտարբերութեամբ դիմաւորեց պզտիկին խօսքերը եւ շարունակեց իր ճամբան:

– Բայց, առանց սահնակի ինչպէ՞ս պիտի բերեմ քեզ անտառ, երբ դուն ծերանաս,- շարունակեց պզտիկը։

Հայրը պահ մը կեցաւ, խորհեցաւ, եւ անդրադարձաւ որ, օր մը ինք ալ պիտի ծերանար, եւ անտառ պիտի յանձնուէր: Անմիջապէս դարձան ծերունիին քով, առին զայն, գաղտնօրէն բերին տուն ու պահեցին յարդանոցին մէջ: Սկսան ամէն օր կերակուր տանիլ անոր։

Ժամանակ անցաւ, գիւղի անասուններուն մօտ հիւանդութիւն մը ծայր տուաւ: Գիւղացիները յաջորդաբար սկսան կորսնցնել իրենց անասունները:

– Հիւանդ անասունները զատէ՛ առողջներէն։ Այս բոյսերէն դեղ մը պատրաստէ՛ հիւանդներուն համար։ Առողջներուն ալ տո՛ւր այդ դեղէն,- ըսաւ հայրը:

Շաբաթ մը ետք, երիտասարդին անասուններէն շատերը փրկուեցան, որովհետեւ ան կատարած էր հօրը խրատը:

Տօնական օր մըն էր, մարդիկ սկսեր էին մատաղպատրաստել, ինչպէս կ’ընէին ամէն տարի։ Ծերունին խրատեց տղուն.

– Գիտեմ, անասուններուն թիւը շատ պակսեցաւ գիւղին մէջ։ Մենք ա՛լ, քիչ թիւով անասուն ունինք արդէն: Այս տարի մատաղ մի՛ ըներ,- ըսաւ ան։

Հազիւ թէ երկու ամիս անցած էր, անասուն չէր մնացած գիւղին մէջ: Բացի այն երիտասարդէն որ հետեւած էր իր ծերունի հօրը խրատներուն:

Գարնան մօտ, գիւղացիները հաց պատրաստելու համար, ո՛չ

ալիւր ունէին, ո՛չ ցորենի հատիկ, եւ ո՛չ ալ սերմ: Շուարած մնացած էին: Չէին գիտեր՝ թէ ի՞նչ պիտի ընէին։ Ծերունին խրատեց իր զաւկին.

– Տղաս, ախոռին տանիքը յարդով լեցուն է։ Հանէ՛ զանոնք ու կրկին ծեծէ՛։ Հոնկէ կրնաս ցորենի հունտ ձեռք ձգել:

Տղան կատարեց հօրը խրատները։ Գիւղին մէջ միայն անոնք էին, որ հունտ ունէին։ Գիւղին ամբողջ ժողովուրդը սկսաւ հաւատալ, թէ երիտասարդը կախարդ մըն է, որովհետեւ այդ տան բնակիչները տարօրինակ կերպով լուծումներ կը գտնէին: Մարդիկ սկսան հեռուէն գաղտնօրէն քննել այդ տունը։ Վերջապէս հասկցան, որ ծերունի մը կ’ապրի տան մէջ։

Անշո՛ւշտ գիւղացիները անմիջապէս լուր տուին թագաւորին։

Թագաւորը նախ շատ բարկացաւ երիտասարդին անհնազանդութեան համար, բայց յետոյ, երբ լսեց պատահածները, ընդունեց որ լաւ խրատ մը շատ բան կրնայ փոխել: Հետեւաբար նոր օրէնք մը յայտարարեց ծերերու մասին: Ան ըսաւ.

– Այլեւս զաւակներն են որ պիտի խնամեն իրենց ծերունի մայրերն ու հայրերը: Ծերունիները պիտի պատսպարուին իրենց տուներուն մէջ: Եթէ դժուար լուծելի հարց մը ունենաք, պիտի դիմէք անոնց կարծիքին: Պիտի գոհացնէք զանոնք, որովհետեւ անոնցմէ շատ բան կրնաք սորվիլ եւ կրնաք օգտուիլ անոնց կեանքի փորձառութիւններէն:

Լատվիական Հեքիաթ