Թագաւորը Վարտիկ Շապիկ

Օր մը, թագաւորը հրաւիրեց իր դերձակները ու խնդրեց անոնցմէ, որ իրեն համար այնպիսի հագուստ մը կարէին, որուն նմանը երբեք հագած չ’ըլլար: Այս հեքիաթին մէջ պիտի գտնէք շոշորթ թագաւոր մը, խաբեբաներ եւ շողոքորթներ:

Թագաւորը Վարտիկ Շապիկ

Ժամանակին երկրի մը մէջ կ’ապրէր շոշորդ թագաւոր մը: Ան շատ կը սիրէր նոր հագուստներ հագուիլ:

Իր միակ հաճոյքն էր, մասնակցիլ տողանցքներու միշտ նոր հագուստներով:

Օր մը, թագաւորը հրաւիրեց իր դերձակները ու խնդրեց անոնցմէ, որ իրեն համար այնպիսի հագուստ մը կարէին, որուն նմանը երբեք հագած չըլլար:

Դերձակները իրարանցումի մատնուեցան: Անոնք իրենց կարելին ըրին, բայց թագաւորը չգոհացա՜ւ ու չգոհացաւ:

Օր մը պալատ ներկայացան երկու խաբեբաներ եւ ըսին.

– Մենք դերձակներ ենք: Իմացանք որ կը փափաքիք գեղեցիկ հագուստ մը ունենալ: Մենք ձեզի համար այնպիսի հագուստ մը պիտի պատրաստենք, որուն նմանը երբեք չէք հագած: Ո՛չ գոյնը կ’ըսենք ձեզի, ո՛չ ալ ձեւը: Այնպէս որ մեր պատրաստելիք հագուստը կրնան տեսնել միայն խելացիները:

«Ի՛նչ լաւ, գոնէ այսպէսով կրնամ զանազանել շուրջս գտնուող խելացիները ու յիմարները», կը մտածէ թագաւորը:

– Ուրեմն անմիջապէս լծուեցէ՛ք աշխատանքի: Շաբաթէ մը կ’ուզեմ պատրաստ տեսնել զայն,- կը հրամայէ:

Խաբեբաները, թանկագին մետաքսներ կ’ապսպրեն, կերպաս գործող երկու կազմածն ալ մէջտեղ կը հանեն, եւ աշխատիլ կը ձեւացնեն:

Քանի մը օր ետք, թագաւորը անոնց մօտ կը ղրկէ իր նախարարը:

Ան կ’երթայ դերձակներու քով ..

.. բայց աչքերուն չի հաւատար.

«Զարմանալի բան ոչինչ կը տեսնեմ», կ’ըսէ ինքնիրեն:

«Այս մարդիկը խաբեբայ ըլլալու են, երթամ եւ անմիջապէս լուր տամ թագաւորին: Բայց ինչպէ՞ս .. Հապա՞ եթէ թագաւորը զիս յիմար կարծէ, հապա՞ եթէ զիս գործէն վռնտէ», կը մտածէ նախարարը:

Ան երբ կը վերադառնայ թագաւորին մօտ, կ’ըսէ.

– Տէ՛ր արքայ դերձակները հրաշալի հագուստ մը պատրաստած են ձեզի համար: Վստահ եղէ՛ք, որ անոր նմանը ոչ ոք հագած է աշխարհի վրայ:

– Ի՜նչ կ’ըսես, երբ հագուիմ գեղեցիկ կ’երեւի՞մ, ժողովուրդը կը հաւնի՞ զիս:

– Անկասկած տէր:

Թագաւորը ուրախութենէն մեծ գումար մը կ’ուղարկէ դերձակներուն:

Միջոց մը վերջ, ուրիշ պաշտօնեայ մը եւս կը ղրկէ: Անոր ալ նոյն բանը կը պատահի: Կը նայի, կը նայի, բան մը չի կրնար տեսնել:

Բայց երբ թագաւորին մօտ կու գայ.

– Աննման եւ գլուխ գործոց, հիանալի կերպաս մըն է ,-ըսելով կը գովէ:

Այլեւս կերպասին գեղեցկութիւնը բոլոր քաղաքին մէջ լսելի կը դառնայ:

Վերջապէս օր մըն ալ թագաւորը տեղւոյն վրայ, իր աչքերով տեսնել կ’ուզէ կերպասը եւ կ’երթայ դերձակներուն մօտ:

«Կարելի բան չէ, ո՛չ մէկ բան կը տեսնեմ, արդեօք անմի՞տ եմ, թէ ոչ այս դիրքին արժանի չեմ, զարմանալի բան» կը մտածէ թագաւորը:

Բայց անմիջապէս կ’անդրադառնայ եւ կը բացագանչէ:

– Շա՛տ հաճելի, շա՛տ գեղեցիկ, շատ հաւնեցայ:

Օգնականներն ալ թագաւորին հետ միասին նոյն բաները կը կրկնեն եւ թագաւորին կը յանձնարարեն, որ մօտակայ տօնական հանդէսին այս հագուստը հագուի:

Տօնական օրէն մէկ օր առաջ, երկու դերձակներ կերպասը լրացնելու համար իբրեւ թէ մինչեւ առաւօտ կ’աշխատին: Յետոյ օդին մէջ կարծես թէ կերպասը կը կտրեն, կը ձեւեն, կը կարեն եւ ի վերջոյ կը յայտնեն թէ հագուստը պատրաստ է :

Թագաւորը հագուստը քննելու կ’երթայ: Խաբեբաները իրենց պարապ ձեռքերը օդին մէջ բարձրացնելով կ’ըսեն.

– Ահա՛ տաբատ, ահա՛ վերարկու: Տեսէ՛ք, մամուկի մը չափ թեթեւ է, ծանրութիւնը բնաւ պիտի չզգաք: Ահա՛, այս է կերպասին յատկութիւնը:

– Անկասկած, անկասկած,- ըսելով կը հաստատեն օգնականները, սակայն անոնք ալ բան մը չեն տեսներ:

– Ձեր բարձր թագաւորութիւնը կը հաճի հանուիլ եւ հայելիին առջեւ հագուստը փորձել,-կ’ըսեն խաբեբաները:

Թագաւորը կը հանուի, օգնականները հագուեցնել կը ձեւացնեն ու կ’ըսեն:

– Գլուխ գործոց, տէր արքայ, որքան վայլեց ձեզի: Հանդէսի կազմակերպիչը այդ միջոցին ներս կը մտնէ.

– Տողանցքը պատրաստ է, ձեզ կը սպասենք:

– Լաւ, ես ալ պատրաստ եմ, -կ’ըսէ թագաւորը եւ կ’սկսի հպարտ քայլերով յառաջանալ:

Փողոցի մարդիկը եւ պատուհաններէն դիտողները կը գոչեն:

– Ի՜նչ աղուոր հագուստ, ի՜նչ հաճելի փէշ:

Ոչ ոք կը համաձարկի բան մը ըսել, կը վախնան որ անմիտ կը համարուին: Յանկարծ բազմութեան մէջէն փոքրիկ տղայ մը կը բացագանչէ:

– Ա՜ .. ա՜.. Թագաւորը վարտիկ շապիկ դուրս ելեր է:

Քիչ վերջ տղուն խօսքերը կը տարածուի ամբողջ քաղաքին մէջ: Վերջապէս ժողովուրդը կը սկսի կրկնել.

– Թագաւորը մերկ է, թագաւորը մերկ է…

Թագաւորը կ’անդրադառնայ իր վիճակին: Երկա՜ր երկա՜ր կը խորհի եւ կ’որոշէ, թէ ինչ որ ալ ըլլայ, յայտնի պիտի չընէ:

Յետոյ հպարտօրէն կ’սկսի քալել եւ սպասաւորներն ալ կը շարունակեն յարգանքով կրել՝ գոյութիւն չունեցող հագուստին փէշը:

Գրեց: Անտէրսէն Թարգմանեցին: Սիլվա Ճէրանեան-Ժանէթ Ալթունեան