Մարգարտաշար Շապիկը

Շապիկի մը շնորհիւ մարդ մը կամ ընտանիք մը երջանի՞կ կ’ըլլայ: Եթէ այդ շապիկը մարգարիտներով զարդարուած է, այո՛…: 

Մարգարտաշար Շապիկը

Ատենօք, Մանազկերտ քաղաքին մօտ, գիւղի մը մէջ կին մը կ՚ապրէր իր մէկ հատիկ տղուն հետ: Երբ տղան կը մեծնայ մայրը զայն աշխատանքի կը ղրկէ: Ամէն օր, տղան կը սկսի կովերը դաշտ տանիլ արածելու համար:

Օր մը տղան, գիւղապետին հորթուկը կը կորսնցնէ:

–    Գտի՛ր հորթուկս, թէ ո՛չ, քեզ կը պատժեմ,- կ’ըսէ գիւղապետը:

Տղան, ամէն տեղ կը փնտռէ, բայց չի կրնար գտնել կովիկը: Կը սկսի աղօթել.

–   Սուրբ Սարգի՛ս, դուն հասնիս ինծի…:

Կ՚ըսէ-չ՚ըսեր, Սուրբ Սարգիս կը հասնի տղուն օգնութեան:

Կ՚առնէ տղան, կը դնէ իր ձիուն վրայ: Կը տանի գեղեցիկ հեռաւոր երկիր մը՝ Եգիպտոս: Ամէն ինչ կու տայ անոր՝ ոսկիներ, արծաթներ, թանկագին քարեր: Եւ տղան կ’ամուսնացնէ Եգիպտոսի թագաւորի աղջկան հետ: Միայն կը պատուիրէ որ ամէն օր քնանալէ առաջ «Հայր մեր» ըսէ եւ իրեն աղօթէ:

Ժամանակ կ’անցնի, իրիկուն մը, տղան կը մոռնայ եւ առանց աղօթելու կը քնանայ: Առաւօտուն աչքերը կը բանայ որ ի՛նչ տեսնէ. իրենց հին տան չոր խսիրին վրայ պառկած է: Քովը՝ ո՛չ կինը, ոչ պալատը, ոչ ոսկիները եւ ոչ ալ թանկագին քարերը կային:

Միայն չի հասկնար թէ ինչպէս բերեր էր իրեն հետ շատ գեղեցիկ թանկագին շապիկ մը: Ճերմակ փայլուն մարգարիտներով զարդարուած էր շապիկը:

Մայր ու տղայ, գիւղապետին վախէն մարգարտաշար շապիկը անմիջապէս կը պահեն, որ գիւղապետը չառնէ, չտանի հորթուկին տեղ: Տղան կը սկսի իր առօրեայ կեանքը ապրիլ եւ աշխատիլ իր գիւղին մէջ:

Գալով թագաւորի աղջկան՝  աղջիկը իր ամուսինը անսպասելիօրէն կորսնցուցած ըլլալուն պատճառով շատ կը յուզուի: Բայց անոր տխրութիւնը միջոց մը ետք ուրախութեան կը դառնայ, որովհետեւ ան մանչ զաւակ մը կ’ունենայ իր կորսուած ամուսինէն: Այո՛, շատ կ’ուրախանայ, բայց օրերու ընթացքին երախան գիշեր-ցերեկ լալ կը սկսի: Ի՛նչ կ՚ընեն-չեն ըներ, երախային ձայնը չեն կրնար կտրել: Զանազան խաղալիքներով եւ խաղերով կը ջանան դադրեցնել երախային լացը, բայց ո՛չ, ո՛չ, ո՛չ… չեն կրնար յաջողիլ:

Ի վերջոյ թագաւորին իմաստունները խորհուրդ կու տան աղջկան որ հետը շատ շատ ոսկի առնէ, ձին հեծնէ եւ պտըտի երկրէ երկիր: Թէ՛ աշխարհը տեսնէ, թէ քաղաքներ ու կամուրջներ շինէ, եւ բարիք գործէ: Թերեւս Աստուած կ’օգնէ իրեն եւ երախային անիմաստ լալն ալ դադրի:

Աղջիկը ճամբայ կ’ելլէ: Կը հասնի Շամ, Հալէպ, Տիյարպէքիր, Սասուն-Խութ: Կ՚իջնէ Մշոյ դաշտը: Կ’երթա՜յ, կ’երթա՜յ, կը հասնի Մանազկերտի Ակներ գիւղը: Հոն Մուրատ գետին վրայ մեծ կամուրջ մը կը շինէ, որուն շնորհիւ անգործ մարդիկ, գործի տէր կ՚ըլլան եւ անօթի մարդ չի մնար գիւղին մէջ:

Խեղճ տղան ալ կու գայ, անոնց կը խառնուի եւ կը սկսի կամուրջի շինութեան մէջ աշխատիլ:

Իրիկունը դրամը կ՚առնէ, եւ տուն կ՚երթայ: Հեքիաթը կ’ըսէ թէ թագաւորին աղջիկը ու տղան զիրար կը տեսնեն, բայց չեն ճանչնար: Սուրբ Սարգիս անոնց աչքերն ու միտքը մթցուցած էր, որովհետեւ տղան Սուրբ Սարգիսին պատուիրանքը չէր պահած:

Թագաւորին աղջիկը, երախան օրն ի բուն օրօրելէ կը հոգնի: Օր մը հրաման կու տայ բոլոր բանուորներուն որ մէկ մէկ մտնեն իր սենեակը, երախան օրօրեն, յետոյ երթան իրենց տուները: Կարգը երբ մեր տղուն կու գայ, որպէսզի երախան օրօրէ. ձեռքը կը նետէ-չի նետեր, երախան յանկարծ կը կտրէ իր ձայնը:

Տղան երբ կ՚երթայ, երախան նորէն կը սկսի լալ: Այնպէս մը կու լայ որ մարդիկ իրենց ականջները կը գոցեն: Ի՛նչ կ՚ընեն-չեն ըներ, ճար չ՚ըլլար: Երախան կու լայ ու կու լայ: Թագաւորին աղջիկը կ՚ըսէ.

– Շուտ գացէ՛ք, այդ տղան ետ բերէ՛ք:

Տղան կը բերեն: Երախան ձայնը կը կտրէ: Սակայն տղան սենեակէն ելլելուն պէս երախային ձայնը կը բռնէ աշխարհ: Աղջիկը նորէն կը կանչէ տղան: Տղան կու գայ, երախան ձայնը կը կտրէ: Վերջապէս երախան կը քնանայ: Թագաւորին աղջիկը շատ շատ ոսկի կու տայ տղուն, եւ անուշ-անուշ կը նայի անոր աչքերուն: Տղան տուն կ’երթայ եւ եղածը կը պատմէ մայրիկին.

–   Մարէ,- կ՚ըսէ,- թագաւորին աղջիկը ինծի շա՜տ անոյշ կը նայի: Մեզ առատ դրամի տէր ըրաւ: Փոխարէնը մենք ի՞նչ ընենք:

–   Մարգարտաշար շապիկը տո՛ւր անոր: Թո՛ղ հագնի: Թէ՛ բարիք ըրած կ՚ըլլանք, թէ՛ կ՚ազատինք գիւղապետին վախէն,- կ’ըսէ մայրը եւ իր ձեռքերով մարգարիտէ շապիկը կը ծալլէ, կը փաթթէ նախշուն եազմայի մը մէջ, կու տայ տղուն ձեռքը: Կը ղրկէ տղան թագաւորին աղջկան մօտ: Երբ տղան կը մտնէ աղջկան սենեակը, երախան ձայնը կը կտրէ:

Տղան, մարգարտաշար շապիկը կու տայ աղջկան: Աղջիկը երբ ձեռքը կ’առնէ շապիկը, իսկոյն հրաշք մը կը պատահի: Տղան ու աղջիկը զիրար կը ճանչնան: Ամէն ինչ կը հասկնան: Երախան կը գրկեն, կու գան մայրիկին մօտ: Զայն կ՚առնեն, կ’երթան Եգիպտոս: Տղան կը դառնայ՝ թագաւոր, աղջիկն ալ՝ թագուհի:

Սպիտակ ձիաւոր Սո՛ւրբ Սարգիս, զօրութիւնդ շուտով թո՛ղ հասնի այս հեքիաթը ըսողին եւ լսողին՝ ամէն:

Հաւաքեց ու գրի առաւ: Սահակ Մովսիսեան