Նոյան Տապան

Նոյը, իր ընտանիքը, եւ անոնք որոնք գոյութիւն ունէին, բոլորը դուրս ելան տապանէն: Եւ իջան Արարատեան դաշտ:

Նոյ, Արարատեան դաշտին վրայ առաջին որթատունկը տնկեց եւ այգի մը շինելով՝ խաղողագործութեամբ զբաղեցաւ:

Նոյան Տապան

Աստուած՝ Ադամն ու Եւան ստեղծեց եւ զանոնք սիրուն պարտէզի մը մէջ տեղաւորեց: Այդ պարտէզին անունը դրախտ էր:

Այդ տեղէն գետ մը կը բխէր ու այդ գետը կը բաժնուէր չորս ճիւղերու. Փիսոն-Գեհոն–Տիգրիս ու Եփրատ: Ուրեմն դրախտը կը գտնուէր Միջագետքի մէջ: Այդ չորս ճիւղաւոր գետը մինչեւ այսօր կայ եւ կը շարունակէ հոսիլ:

Ադամ եւ Եւայի զաւակները բազմացան, սակայն չարացան:

Օր մը Աստուած բարկացաւ, եւ ամենէն անմեղ մարդը՝ Նոյը կանչեց եւ ըսաւ անոր:

– Տապան մը շինէ՛, հետդ ա՛ռ կինդ, զաւակներդ, զաւակներուդ կիները, հետդ ա՛ռ նաեւ իւրաքանչիւր անասունի տեսակէն զոյգ մը եւ մտի՛ր անոր մէջ: Ես աշխարհի մնացեալ բոլոր էակները պիտի ոչնչացնեմ, որովհետեւ անոնց պատճառով աշխարհը չարութեամբ լեցուած է:

Նոյ կատարեց Աստուծոյ հրամանը:

Տապան մտնելէն անմիջապէս ետք քառասուն օր քառասուն գիշեր անձրեւ տեղաց:

Ջուրը ամենէն բարձր լեռներէն ալ վեր բարձրացաւ:

Երկրի վրայ ապրող էակ չմնաց:

Երբ ջրհեղեղը դադրեցաւ, Նոյեան Տապանը հանգչեցաւ Արարատ լերան վրայ:

Ջրհեղեղէն եօթ օր ետք Նոյ աղաւնի մը թռցուց. աղաւնին շուտով վերադարձաւ, որովհետեւ ամէն կողմ ջուրով լեցուն էր:

Եօթ օր վերջ Նոյ՝ աղաւնին կրկին թռցուց, բայց այս անգամ աղաւնին իր բերնին մէջ ձիթենիի ճիւղով մը վերադարձաւ: Նոյ այսպէս հասկցաւ, թէ ջուրերը քաշուիլ սկսած էին:

Նոյ, եօթ օր եւս սպասեց եւ նորէն աղաւնին թռցուց, այս անգամ աղաւնին չվերադարձաւ, որովհետեւ բոլոր ջուրերը քաշուած էին:

Նոյ տապանին դուռը բացաւ իր կինը, իր զաւակները եւ անոնց կիները, ինչպէս նաեւ տապանի մէջ առնուած անասունները դուրս ելան եւ իջան Արարատեան դաշտ: Նոյ, Արարատեան դաշտին վրայ առաջին որթատունկը տնկեց եւ այգի մը շինելով՝ խաղողագործութեամբ զբաղեցաւ:

Ջրհեղեղէն յետոյ Աստուած նայեցաւ աշխարհին, անոր գեղեցկութեան վրայ հիացաւ, եւ խոստացաւ անգամ մըն ալ մարդոց մեղքին համար աշխարհը չպատժել եւ անձրեւին դադրիլը ցոյց տալու համար երկինքի վրայ գծեց ծիրանի գօտի մը: Այսպէս, մարդկութիւնը երկրորդ անգամ Արարատեան դաշտէն ծնունդ առաւ, բազմացաւ եւ տարածուեցաւ աշխարհի չորս կողմերուն:

Նոյի զաւակները եւ անոնց յաջորդները նոյն լեզուն կը խօսէին եւ գիտէին որ նոյն ժողովուրդի զաւակներն են: Անոնք Բաբելոնի մէջ շինել որոշեցին մինչեւ երկինք հասնող աշտարակ մը, որովհետեւ միշտ կը յիշէին ջրհեղեղը, խորհելով որ երբ ջրհեղեղ ըլլար, հոն պիտի բարձրանային եւ այսպէսով պիտի ազատէին:

Աստուած զայրացաւ, խորհելով որ մարդիկ իր խօսքին չէին հաւատացած, ուստի փոթորիկ մը հանեց, ու աշտարակը փլցուց, եւ անոնց լեզուները իրարու խառնեց, որպէսզի զիրար չհասկնան եւ կրկին չկարենան շինել աշտարակը: Այսպէսով ալ տարբեր լեզուներ խօսող զանազան ազգեր գոյացան:

Գրեց: Երուանդ Տէմիրճեան