Մեր Թաղին Լակոտները / Գ

Դուք ձեզ աւազա՞կ կը կարծէք: Իսկական աւազակները իրենց աչքերէն մէկը պանտով կը գոցեն: Աւազակները նաւ կ’ունենան, ասոր պէս լաստ մը չէ, ըսաւ Գրիգոր հեռուէն:

Մեր Թաղին Լակոտները / Գ

Ամառը եկած էր: Անի, Արարատ եւ Գրիգոր նոյն կղզիին մէջ ամարանոց ունէին: Օր մը Արարատ եւ Անի ծովեզերքը կը խաղային, իսկ Գրիգոր հեռուէն կը դիտէր զանոնք:

– Հէ՜յ, մենք վախազդու աւազակներ ենք,- ըսին Անի եւ Արարատ:

Աւազակ Արարատը նաւուն ղեկը կը կառավարէր, իսկ անվախ Անին կը պատերազմէր թշնամիներու հետ:

– Դուք ձեզ աւազա՞կ կը կարծէք: Իսկական աւազակները իրենց աչքերէն մէկը պանտով կը գոցեն: Աւազակները նաւ կ’ունենան, ասոր պէս լաստ մը չէ, ըսաւ Գրիգոր հեռուէն:

Արարատ, չէր արտօներ որ Գրիգոր զինքը բարկացնէր: Բայց նորէն ալ չկրցաւ ինքզինքը զսպել: Գրիգոր իրաւունք ունէր անոնց լաստը չունէր առագաստ մը, կայմ մը եւ ղեկ մը:

– Դուն կը տեսնես: Իսկական աւազակի նաւ մը ի՛նչպէս կ’ըլլայ, ցոյց պիտի տամ քեզի,- ըսաւ ու հեռացաւ Արարատ:

Արարատ եւ Անի գացին իրենց շէնքին գետնայարկը: Հոն կը գտնուէին բազմաթիւ չգործածուած առարկաներ: Անոնց մէջէն ընտրեցին այն ինչ որ պէտք էր իրենց:

Արարատ հին սաւան մը գտաւ: Անին կոտրուած հեծելանիւ մը տեսաւ: Ասոնցմէ զատ գտան կապ մը, թոկ մը եւ ելեկտրապարան մը:
Ամէնը տուփի մը մէջ տեղաւորեցին:

– Այս տուփը մեր շտապօգնութեան մակոյկը թող ըլլայ,- ըսաւ Անի:

– Հրաշալի գաղափար, Գրիգորին բերանը բաց պիտի մնայ,- ըսելով խնդաց Արարատ:
Արդեօք ի՞նչ պէտք էր Արարատ եւ Անիին կայմ մը շինելու համար: Իրեն գտած տախտակը շատ երկար էր:

Սղոցով – պիտի կտրեմ եւ պիտի կրճատեմ,- ըսաւ Արարատ:

– Ասիկա առանձինն ընելդ արդեօ՞ք ճիշդ է,- հարցուց Անի, հայրիկէդ պէտք է արտօնութիւն առնես:

Արարատին հոգը չէր, բայց աւազակը անպայման կայմ մը պէտք էր ունենար: Եւ Արարատ շատ լաւ գիտէր թէ հայրիկը ո՛ւր կը դնէր սղոցը: Բանալին առաւ եւ գործիքներու պահարանը բացաւ:

– Ո՞ր սղոցը ամենալաւն է, – հարցուց Արարատ:

– Բնաւ գաղափար չունիմ,- պատասխանեց Անի:
Արարատ ամենապզտիկ սղոցը առաւ: Տախտակէ կայմը գետին դրաւ, լաւ մը տեղաւորեց, եւ փորձեց կտրել. բայց յանկարծ սղոցը սահեցաւ եւ կտրեց բթամատը:

– Օգնութի՛ւն, ձեռքս կ’արիւնի,- պոռաց Արարատ. եւ տուն վազեց:
Հայրիկը երբ իմացաւ Արարատին ձայնը շուտով եկաւ: Անմիջապէս նայեցաւ Արարատին վիրաւորուած մատին.

– Ասիկա միայն սկրթուք մըն է,- ըսաւ եւ վէրքի երիզ մը փակցուց:

– Բայց ինչպէ՞ս վիրաւորեցիր մատդ,- հարցուց հայրիկը: Այս գործիքները խաղալիք չեն: Սղոցը առանձինն պէտք չէ որ գործածես, ասիկա շատ լաւ գիտես: Աւելի լուրջ բան մը կրնար պատահիլ,- ըսաւ հայրը նեղուած:

Արարատ լալ սկսաւ:
– Բայց մենք իսկական աւազակ ըլլալ կ’ուզենք: Աւազակի նաւ, առագաստ եւ կայմ մը պէտք է ունենանք:

– Բայց նորէն ալ պէտք չէ որ գործիքները առանձինն գործածէք:

– Այն ատեն, դուն մեզի կրնա՞ս օգնել:

– Ա՜խ հարկաւ,- ըսաւ հայրը:

Միասնաբար գացին գետնայարկ: Երբ հայրը տեսաւ երկար տախտակը.

– Արդէն ասիկա առանձինն չէիք կրնար կտրել, հիմա, ըսէ՛ք, ուրկէ՞ կտրեմ:

Անի եւ Արարատ նշանակեցին ու սկսան միասնաբար աշխատիլ եւ շինեցին իրենց աւազակի նաւը: Սաւանէն շինեցին մեծ առագաստ մը, վրան գծեցին գանկ մը եւ ոսկորներ: Հեծանիւին անիւը գործածեցին իբր ղեկ:
Յաջորդ առտու հայրիկը, Անի եւ Արարատ ծովեզերք գացին: Գրիգորը շատոնց եկած էր: Երբ տեսաւ իրենց նաւը շատ շուարեցաւ: Իսկական աւազակի նաւու դարձած էր:

Գրեցին: Գարին Գոչ / Էլիզապէթ Գորթուն