Գնալըի Ուրուականը

Մեծ մայրիկին քովի շէնքը ծեր մարդու մը ուրուականը կը գտնուէր: Պարտէզի պտուղները գողերէն պաշտպանելու համար, 200 տարիէիվեր հոն կ’ապրէր: Ուրուակա՞ն…:

Գնալըի Ուրուականը

Նարէն ու Առատը շաբաթ մը պիտի մնային մեծ մօրը ամառանոցը՝
Գընալը Կղզին:

Մայրը զանոնք պիտի տանէր մինչեւ մեծ մօրը տունը, յետոյ պիտի վերադառնար իր աշխատանքին:

Մեծ խանդավառութեամբ պատրաստեցին իրենց պայուսակները, զանոնք շալկեցին ու դէպի Գապաթաշ ճամբայ ելան:

Երբ կղզի հասան ուրախութեամբ շոգենաւէն իջան եւ սկսան քալել դէպի մեծ մօրը տունը: Ծանր պայուսակներով զառիվեր ելլել դժուար պիտի ըլլար իրենց համար: Բայց առանց գանգատելու հասան մեծ մօրը փայտաշէն տան, որ ունէր ընդարձակ պարտէզ մը, ուր կը գտնուէին ծիրանի ծառեր, սալորենիներ եւ կեռասենիներ:
Մեծ մայրը ուրախութեամբ դիմաւորեց զանոնք դրան առջեւ: Երկու թոռնիկները, երկու թեւերուն մէջ գրկելով՝ ըսաւ.

– Բարի եկաք, փոքրիկ հրէշներս:

Նարէն ու Առատը երբ կը փաթթուէին մեծ մօր, յանկարծ կարկանդակին հոտը առին եւ միաբերան գոչեցին.

– Լեմոնով կարկանդա՜կ …

Կարկանդակին բոյրը այդքան գրգռիչ էր որ պայուսակները մէկդի նետեցին եւ ուղղակի խոհանոց մտան:

– Նախ ձեռքերը լուացէ՛ք, տեղաւորուեցէ՛ք, յետոյ կ’ուտէք կարկանդակէն, -ըսաւ մայրը: Եւ շարունակեց.

– Պէտք է մեկնիմ որպէսզի շոգենաւին հասնիմ: Չնեղէք մեծ մայրիկը, պատուիրեց ան իր զաւակներուն:

– Մա՜յր, դուն ա՛լ մնացիր մեզի հետ, – Նարէն պնդեց մայրիկին:

– Ի՞նչպէս մնամ աղջիկս, գիտես որ կ’աշխատիմ,- ըսաւ: Համբուրեց զաւակները ու մեկնեցաւ:

– Տղաքը կարկանդակը աղուոր մը լափեցին: Քիչ մըն ալ հանգչելէ ետք …

– Առէ՛ք սա տոպրակները եւ քիչ մը ծիրան հաւաքեցէ՛ք. ծիրանի անուշ պիտի պատրաստենք,- ըսաւ մեծ մայրը:

Տղաքը պարտէզ ելան ուրախութեամբ ու սկսան ծիրան հաւաքել: Թէ՛ ծիրան կը հաւաքէին եւ թէ՛ կը խօսակցէին իրենց միջեւ:

– Վերի ծիրանները հաւաքելու համար սանդուխի մը պէտք ունինք,- ըսաւ Առատը:

– Ուրկէ՞ կրնանք գտնել որ,- հարցուց Նարէն:

Յանկարծ, անծանօթ ձայն մը «Քովի պարտէզը հատ մը կայ» ըսաւ:
Երկուքն ալ ձայնին կողմը դարձան: Տեսան Արասը՝ դիմացի դրացիին տղան, որ պատշգամէն տեսած էր եւ լսած՝ Նարէի ու Առատի խօսակցութիւնը:

– Բայց կ’ըսեն որ այդ տան մէջ ծեր մարդու մը ուրուականը կը գտնուի: Պարտէզի պտուղները գողերէն պաշտպանելու համար, 200 տարիէ ի վեր հոն կ’ապրի,- ըսաւ Արասը:

– 200 տարի՞, ի՞նչ կ’ըսես,- զարմացած մնացին Նարէն ու Առատը:

Իրարու կից տուներ էին. մեծ մօրը տան հետ, ուրուականին տունը: Պարտիզաւոր, փայտաշէն, հին տուն մըն էր: Այդքան հին էր, որ պատուհանները ապակի անգամ չունէր եւ կարծես թէ քանդուելու վրայ էր:

– Ես ուրուականներէն չեմ վախնար,- ըսաւ Առատ, ձայնը քիչ մը դողալով:

– Ուրեմն, սանդուխը մինակդ կրնաս առնել,- ըսաւ Արաս, ծիծաղելով:

Առատ քիչ մը երկչոտ մտաւ քովի տան պարտէզը: Զգոյշ քննեց շուրջը, եւ դանդաղ քայլերով սկսաւ յառաջանալ պարտէզին մէջ:

Ականջ տուաւ անծանօթ խորհրդաւոր շշուկներուն: Օդին մէջ կը պտըտէր իր շնչառութեան ձայնը: Ե՜ւ ահաւասի՛կ, տեսաւ սանդուխը, որ կը կենար իրմէ քիչ մը հեռուն՝ բակին մէկ անկիւնը:

Շարունակեց յառաջանալ դէպի սանդուխ: Մօտեցաւ անոր, բայց յանկարծ ներսէն ձայն մը լսեց: Աչքերը կոտրուած պատուհանէն ներս պտըտցուց: Այդ ա՛լ ի՞նչ է. զոյգ մը փայլուն աչք՝ սենեակին մէկ անկիւնը կեցեր իրեն կը նայի:

– Ուրուակա՜ն, ուրուակա՜ն գոչելով վազեց պարտէզէն դուրս՝ այդքան արագ որ, ոտքը քարի մը կառչեցաւ ու գետին ինկաւ:

Ճիշդ այդ պահուն էր որ սեւ կատու մը ցատկեց պատուհանէն դուրս:
Նարէն եւ Արասը կը դիտէին Առատը: Եւ ուր որ է, խնդալէն պիտի մարէին:

– Ուրուակա՜ն, հա՜ հա՜ հա՜, ուրուական,- գոչեցին:

Առատ, ամօթով մնացած կը զգար զինք. բարկութեամբ խոհանոց մտաւ, Նարէն ալ անոր ետեւէն:

– Ո՞ւր են ծիրաններս, ո՞ւր մնացիք, ի՞նչ պատահեցաւ, ինչո՞ւ կասկարմիր են ձեր դէմքերը,- հարցուց մեծ մայրը:

Նարէն խնդալով պատմեց պատահածը:

– Հիմա ուրուականը մէկ կողմ ձգենք, այլեւս՝ անուշը պատրաստենք,- ըսաւ մեծ մայրը:

Նարէին հաւաքած ծիրանները նախ աղուոր մը լուացին: Յետոյ կուտերը հանեցին: Զանոնք կաթսայի մը մէջ լեցուցին, վրան շաքարը աւելցուցին եւ աղուոր մը եռացնելով՝ եփեցին: Անուշը պաղելէն ետք լեցուցին պահեստամաններուն մէջ:

– Մեծ մայրիկ, իսկապէս այդ հին տան մէջ ուրուականներ կը գտնուի՞ն:

– Ես ուրուական, մուրուական չեմ տեսած, ինծի կրնաս վստահիլ, աղուոր աղջիկս:

Գիշեր եղաւ: Նարէն եւ Առատը անկողին մտան, մտան բայց չկրցան քնանալ:

Տեղատարափ անձրեւ մը սկսած էր: Ամպերը կ’որոտային, իսկ կայծակը կը լուսաւորէր մութ երկինքը: Հովը այդքան զօրաւոր կը փչէր, որ բաց մնացած դուռ մը, երբ գոցուեցաւ ուժգնօրէն, տղաքը սարսափեցան ձայնէն: Երկուքը միասին պատուհանէն քիչ մը անձրեւը դիտեցին: Յանկարծ ստուեր մը յայտնուեցաւ պարտէզին մէջ:

– Ուրուակա՜ն, իսկական ուրուակա՜ն մը,- գոչեցին:

Այդքան վախցան որ մեծմօրը սենեակը վազեցին:

– Մեծ մայրի՜կ, մեծ մայրի՛կ, ուրուականը մեր պարտէզն է:

Սակայն տեսան որ մեծ մայրիկը սենեակը չէ: Ոտքի մատներուն վրայ կոխելով վարի յարկը իջան: Բայց մեծ մայրիկը հոն ալ չկար:
Առատին ու Նարէին սրտերը սկսան ուժգին տրոփել: Արդեօք, ուրուակա՞նը փախցուցած էր մեծ մայրիկը:

Ուրուականին ոտքի ձայնը կը լսուէր: Ան հետզհետէ կը մօտենար դրան: Եւ յանկա՜րծ դուռը բացուեցա՜ւ: Առատ եւ Նարէ իրարու փաթթուած՝ սառած մնացին: Ուրուկանը այլեւս ներսն էր … հիմա, դէմ դիմաց էին ուրուականին հետ:

Ե՜ւ լոյսը բացուեցաւ, սենեակը լուսաւորուեցաւ: Մեծ մայրիկը անձրեւանոցը հանեց, ու թոռնիկներուն ըսաւ.

Դուք չքանացա՞ք դեռ …

– Մե՛ծ մայրի՛կ, քեզ ուրուական կարծեցինք,- բացագանչեցին միաբերան:

– Ուրուական չեմ գիտեր, բայց բան մը կայ որ շատ լաւ գիտեմ: Ան ա՛լ դուք էք. իմ երկու հրէշներս: Մէկը Նարէ, միւսը Առատ,- ըսաւ ու գուրգուրանքով փաթթուեցաւ անոնց:

Քաղեց : Գարին Գոչ