Աշխատանքը Գանձ է

Հայր մը կ’ուզէ բացատրել իր զաւակներուն, թէ աշխատութիւնն է աշխարհի ամենէն թանկագին գանձը:

Աշխատանքը Գանձ է

Մարդ մը երկու ծոյլ որդիներ ունէր: Օր մը շատ հիւանդացաւ եւ զգաց որ պիտի մեռնի: Ուստի իր մօտ կանչեց իր որդիները եւ ըսաւ անոնց.

– Զաւակներս, մեր պապերը գանձ մը թաղեր են մեր պարտէզին մէջ: Ես ձեզի ցոյց պիտի չտամ թէ ո՞ւր թաղուած է այդ գանձը: Ով որ շատ աշխատի, փորէ հողը, խորերը հասնի, պիտի գտնէ այդ գանձը եւ պիտի տիրանայ անոր:

Տղաքը երբ իմացան գանձ բառը, եռանդով սկսան փորել պարտէզը: Օրերով փորեցին հողը: Ուզեցին հասնիլ խորերը, որպէսզի գտնեն գանձը: Անոնք շատ աշխատեցան, սակայն չյոգնեցան: Անոնցմէ ամէն մէկը կ’ուզէր որ ի՛նք գտնէ գանձը եւ տիրանայ անոր :

Այսպէս, փորուած հողը անյքան լաւ հերկուեցաւ , այնքան լաւ մշակուեցաւ որ ժամանակի ընթացքին սկսաւ առատ խաղող տալ:

Երկու որդիներն ալ շնորհիւ այս աշխատանքին՝ հարստացան:

Գրեց: Վարդան Այգեկցի