Ամէնէն Պիտանի Բանը

Թագաւոր մը կը փափաքի լեցնել իր շտեմարանը այնպիսի բանով մը, որ այդ բանը աշխարհի ամենէն պիտանի բանը ըլլայ:  Ըստ Աւետիք Իսահակեանի՝ արդեօք ի՞նչ է աշխարհի ամենապիտանի բանը. ուրեմն կարդանք ու հասկնանք թէ…

Ամէնէն Պիտանի Բանը

Ժամանակին արդար ու խելացի թագաւոր մը կ’ապրէր արեւելքի հիանալի աշխարհի մը մէջ:

Ան այլեւս շատ ծերացած էր: Այս պատճառով ալ, երկրին ղեկավարութիւնը կ’ուզէր յանձնել իր ժառանգորդ երեք զաւակներէն մէկուն: Բայց այդ դժուար գործին համար պէտք էր ընտրէր անոնցմէ ամենակարողը:

Օր մը երեք զաւակները իր մօտը կանչեց ու ըսաւ.

– Սիրելի՛ տղաքս, կը տեսնէք որ ձեր հայրը ծերացած է, ու այլեւս չի կրնար կառավարել երկիրը: Երկար տարիներէ ի վեր գաղափար մը ունիմ, որ մինչեւ այսօր կատարուած չէ: Ձեզմէ, ո՞վ որ այս փափաքս իրականացնէ, ան գահ պիտի բարձրանայ եւ պիտի կառավարէ ժողովուրդը:

Տղաքը միասնաբար ըսին.

– Կեցցէ՜ մեր հայրը, մենք միշտ պատրաստ ենք քու կամքդ կատարելու, միայն ըսէ՛ թէ ի՞նչ է այդ գաղափարդ:

– Սա մէջը պարապ շտեմարանը կը տեսնէ՞ք, որ շատոնց շինած եմ: Հիմա կը փափաքիմ լեցնել զայն այնպիսի բանով մը, որ այդ բանը աշխարհի ամէնէն պիտանի բանը ըլլայ:

– Ահաւասի՛կ, ձեզմէ ո՛վ որ, կարենայ լաւագոյն բանով մը լեցնել զայն իր բոլոր անկիւններով, երկրին թագաւորը ան պիտի ըլլայ: Ի՛նչ որ պէտք է, կրնաք առնել իմ գանձատունէս: Երեք անգամ քառասուն օր ժամանակ կու տամ ձեզի: Գացէ՛ք ու աշխատեցէ՛ք:

Տղաքը իրենց հօրը ձեռքը համբուրեցին եւ ճամբայ ինկան:

Անոնք շրջեցան քաղաքէ քաղաք, աշխարհէ աշխարհ. տեսան ուրիշ ուրիշ մարդիկ, ուրիշ ուրիշ բարքեր: Օրեր անցաւ, իրենց տրուած ժամանակը լրացաւ, ու տղաքը վերադարձան թագաւորին մօտ:

Հայրը մէկ-մէկ հարցուց անոնց, թէ արդեօք ի՞նչով պիտի լեցնէին շտեմարանը:

Մեծ տղան ըսաւ.

– Այս մեծ շտեմարանը ես հացով պիտի լեցնեմ, հա՜յր, որովհետեւ հացէն աւելի պիտանի բան մը չկայ աշխարհի վրայ. ո՛չ ոք կրնայ ապրիլ առանց հացի:

Միջնեկ տղան ըսաւ.

– Հա՜յր, ես զայն պիտի լեցնեմ հողով, որովհետեւ աշխարհիս վրայ ամէնէն պիտանի բանը հողն է, առանց հողի հաց չ’ըլլար, առանց անոր ո՞վ կրնայ ապրիլ:

– Իսկ դո՞ւն,- հարցուց հայրը իր պզտիկ զաւկին.

– Հա՜յր իմ, ես, շտեմարանդ լոյսով պիտի լեցնեմ: Շա՜տ թափառեցայ, շա՜տ պրպտեցի, սակայն լոյսէն աւելի պիտանի բան չգտայ:

– Առանց լոյսի հողը հաց չի տար, առանց լոյսի հողին վրայ կեանք չ’ըլլար: Շա՜տ աշխարհներ տեսայ, եւ հասկցայ որ ամենապիտանի բանը գիտութեան լոյսն է: Միայն գիտութեան լոյսով կարելի է աշխարհ կառավարել:

– Ապրի՛ս տղաս,- բացագանչեց թագաւորը, եւ իր թագաւորութեան գահը անոր յանձնեց:

– Կեցցէ՜ մեր երիտասարդ լուսաւոր թագաւորը,- գոչեցին պալատականները, նաեւ այդ հիանալի երկրին ամբողջ ժողովուրդը:

Գրեց: Աւետիք Իսահակեան