Եսասէր Հսկան

Հսկան, եօթը տարի բարեկամի մը մօտ ապրելէ ետք՝ վերադարձաւ իր տունը:

Երբ տեսաւ պարտէզին մէջ խաղացող մանուկները, շատ բարկացաւ:

Եսասէր Հսկան

Ամէն երեկոյ, թաղին մանուկները իրենց դասերը աւարտելէ ետք Հսկային գեղեցիկ ու ընդարձակ պարտէզը կը հաւաքուէին խաղալու համար:

Զանազան ծաղիկներ եւ պտղատու ծառեր կը բարձրանային պարտէզին մէջ: Գարնան, պարտէզին ծառերը կը ծածկուէին ճերմակ եւ վարդագոյն ծաղիկներով, իսկ աշնան՝ առատօրէն պտուղ կու տային: Թռչունները կը պատսպարուէին անոնց ճիւղերուն վրայ:

Հսկան, եօթը տարի բարեկամի մը մօտ ապրելէ ետք՝ վերադարձաւ իր տունը: Երբ տեսաւ պարտէզին մէջ խաղացող մանուկները, շատ բարկացաւ: Տղաքը երբ տեսան Հսկային բարկութիւնը, վախցան ու անմիջապէս հեռացան պարտէզէն:

– Դուք, ի՞նչ կ’ընէք հոս: Այս պարտէզը ինծի կը պատկանի,
ինձմէ զատ ոչ ոք իրաւունք ունի հոս խաղալու,- պոռաց
հսկան մանուկներուն:

Եսասէր էր Հսկան: Ան անմիջապէս շրջապատեց իր պարտէզը բարձր պատերով: Մինչ այդ ծանուցում մըն ալ գրեց ու կախեց պատին վրայ. «Ո՛վ որ պարտէզս մտնէ, պատիժի պիտի ենթարկուի»: Այդ օրէն սկսեալ տղաքը այլեւս չկրցան խաղալ Հսկային պարտէզը, եւ խաղալու ուրիշ տեղ ալ չունեցան:

Վերջապէս գարուն եկաւ եւ ամբողջ շրջակայքը զարդարուեցաւ գոյնզգոյն ծաղիկներով:

Միայն եսասէր Հսկային պարտէզին մէջ էր, որ տակաւին ձմեռ կը տիրէր: Ո՛չ թռչունները կ’երգէին, ո՛չ ծառերը կը ծաղկէին, որովհետեւ տղաքը այլեւս չէին խաղար հոն: Միայն ձիւնն ու սառնամանիքը գանգատ չունէին:

– Ի՜նչ լաւ է, որ գարունը մոռցեր է այս պարտէզը,- կ’ըսէին
եւ կ’ուրախանային անոնք:

Ձիւնը ուրախութեամբ ծածկեց ամբողջ պարտէզը: Սառնամանիքն ու ձիւնը իրենց հիւր կանչեցին հովը: Հովը օրերով փչեց պարտէզին մէջ: Ան ալ հրաւիրեց կարկուտը: Կարկուտը եկաւ: Օրը երեք ժամ շարունակ ծեծեց ամրոցին տանիքը:

– Չեմ հասկնար, ինչո՞ւ այս տարի գարունը այսքան
ուշացաւ,- կ’ըսէր Հսկան ինքնիրեն, երբ պատուհանին
առջեւ նստած կը դիտէր իր պարտէզը: Երանի՜
եղանակը շուտով փոխուէր:

Բայց ո՛չ գարունը, ո՛չ ալ ամառը կու գային: Աշունը բացի Հսկայի պարտէզէն, բոլոր պարտէզներու համար ոսկեայ պտուղներ բերած էր:

Այսպէս՝ հովը, կարկուտն ու սառնամանիքը իրարու հետ շուրջպար կը բռնէին Հսկային պարտէզին մէջ:

Առտու մը Հսկան նոր արթնցած էր քունէն, երբ յանկարծ սոխակ մը սկսաւ երգել անոր պատուհանին տակ:

Ան երկար ատենէ ի վեր չէր լսած թռչունի երգ: Կարկուտն ու հովը դադրեցուցեր էին իրենց պարը: Տան բաց պատուհանէն ներս կը մտնէր ծաղիկներուն բուրմունքը:

– Կարծեմ վերջապէս գարունը եկաւ,- ըսաւ Հսկան
ինքնիրեն եւ պատուհանէն դուրս նայեցաւ:

Ի՜նչ տեսնէ: Պատի փոքրիկ ծակէ մը մանուկները պարտէզ մտած էին ու ծառերու վրայ բարձրացած կը խաղային: Ամէն մէկ ծառի վրայ նստած էր պզտիկ տղայ մը: Իսկ ծառերը շատ ուրախացեր էին տղոց վերադարձէն: Թռչունները ուրախ կը թռչտէին ու կը ճռուողէին, իսկ ծաղիկներն ու խոտերը սիրալիր կը ժպտէին: Միայն պարտէզի մէկ անկիւնը տակաւին ձմեռ էր: Հոն կեցած էր փոքրիկ, շատ փոքրիկ տղայ մը: Ան չէր կրնար ծառին վրայ ելլել եւ կու լար: Խեղճ ծառն ալ տակաւին ծածկուած էր ձիւնով եւ հովը սուրալով կը պտըտէր անոր շուրջ:

Եւ յանկարծ Հսկային սառած սիրտը հալեցաւ, երբ տեսաւ պարտէզին մէջ խաղացող տղոց ուրախութիւնը: Ան իսկապէս զղջաց իր ըրածին վրայ: Առանց աղմուկի բացաւ դուռը, իջաւ պարտէզ: Երբ մանուկները տեսան զինքը, անմիջապէս փախան պարտէզէն եւ պարտէզը իսկոյն ձմեռնային տեսք մը ստացաւ: Պզտիկ տղան միայն կեցեր մնացեր էր արցունքոտ աչքերով: Հսկան, դանդաղ քայլերով մօտեցաւ տղուն եւ զգուշութեամբ բարձրացնելով պզտիկը ծառին վրայ դրաւ: Եւ ծառը յանկարծ ծաղկեցաւ ու թռչունները երգելով թառեցան անոր վրայ: Միւս տղաքը երբ տեսան որ Հսկան այլեւս չի բարկանար, ներս վազեցին ու անոնց հետ վերադարձաւ նաեւ գարունը:

– Ասկէ վերջ, այս պարտէզը ձերն է, տղա՛քս,- ըսաւ Հսկան ու քանդեց իր հիւսած պատերը:

Տարիներ անցան, Հսկան ծերացաւ. ան նստած իր հսկայական բազմոցին վրայ, կը դիտէր տղոց խաղերը ու կը հիանար իր պարտէզին վրայ:

– Ես շատ գեղեցիկ ծաղիկներ ունիմ, բայց մանուկները
ծաղիկներէն ալ գեղեցիկ են,- կ’ըսէր յաճախ:

Գրեց: Օսկար Ուայլտ