Երկու Ընկերներ

Երկու ընկերներ Ճամբայ կ’իյնան եւ մարդու մը տունը հիւր կ’ըլլան:

Տանտիկինը Նազարին առջեւ աման մը գարի կը դնէ, իսկ Ղազարին առջեւ՝ աման մը ոսկոր:

Երկու Ընկերներ

Երկու ընկերներ կ’որոշեն հեռու տեղ մը երթալ աշխատիլ ու հարստանալ: Ճամբայ կ’իյնան եւ կ’երթան:

Իրիկուն կ’ըլլայ, մութը կը կոխէ, գիւղ մը կը մտնեն եւ մարդու մը տունը հիւր կ’ըլլան:

Տանտէրը անոնց անունները կը հարցնէ՝: Մէկուն անունը Ղազար է, իսկ միւսինը՝ Նազար: Կը ծանօթանան իրարու, կը յայտնեն իրենց մտադրութիւնը եւ հոսկէ հոնկէ կը խօսին:

Նազարը քանի մը վայրկեանով դուրս կ’ելլէ: Տանտէրը Ղազարին կը հարցնէ.

– Տղա՛յ Նազարը լա՞ւ ընկեր է ազնի՞ւ մարդ է թէ…

– Չէ՜- կ’ըսէ,- Ղազար, իշուն մէկն է, տանիմ զինք աշխատցնեմ…

Տանտէրը ձայն չի հաներ:Ընկերը ներս կը մտնէ, մինչեւ որ տանտիկինը ընթրիքի սեղանը պատրաստէ, անոնք կը խօսին իրենց տեսածէն եւ չտեսածէն: Մինչ այդ, միւսը դուրս կ’ելլէ: Տանտէրը կը հարցնէ Նազարին.

– Տղա՛յ, տունէն, տեղէն կը բաժնուիք, օտարութեան կ’երթաք, ընկերդ ինչպիսի՞ տղայ է, ազնիւ մէկն է թէ ոչ…

– Է՜հ, շունին մէկն է,- կ’ըսէ Նազար:

Տանտէրը դարձեալ ձայն չի հաներ: Ընկերը ներս կու գայ, տանտիկինը սեղան կը պատրաստէ եւ բոլորը կը նստին հաց ուտելու: Տանտիկինը Նազարին առջեւ աման մը գարի կը դնէ, իսկ Ղազարին առջեւ՝ աման մը ոսկոր:

– Հրամեցէք,- կ’ըսէ, կերէ՛ք:

Տէր եւ տիկին իրենց առջեւ մարդավայել կերակուր կը դնեն եւ կը սկսին ուտել: Ընկերները եղածը կը հասկնան, իրենք զիրենք կը ճանչնան, կ’ամչնան եւ իրենց գլուխները վար կը կախեն:

Տանտէրը կը դառնայ եւ անոնց կ’ըսէ.

– Տղա՛ք, ընկերները զիրար պէտք է սիրեն ու յարգեն, թէ ոչ, իշու եւ շան ընկերակցութեամբ օտարութեան չեն երթար:

Երկու ընկերները այդ գիշեր կը քնանան թէ ոչ՝ ատիկա իրենք գիտեն, բայց առաւօտեան սեւերես կը վերադառնան իրենց տուները:

Անանուն հեղինակ