Երջանիկ Իշխանը / Բ

Ծիծեռնակը տեղէն հանեց թանկարժէք զմրուխտը, կտուցին մէջ առաւ եւ թռաւ դէպի աղքատիկ խրճիթը:

Անցաւ ճերմակ մարմարներով զարդարուն տաճարին տանիքին վրայէն:

Երջանիկ Իշխանը / Բ

Երջանիկ Իշխանը այնքան տխուր էր, որ ծիծեռնակին սիրտը այլեւս չկրցաւ դիմանալ:

– Թէեւ այստեղ ցուրտ է, բայց կ’ընդունիմ այս գիշեր քու քով մնալ եւ փափաքդ իրականացնել:

– Շնորհակալ եմ, սիրելի ծիծեռնակ,- ըսաւ Իշխանը:

Յետոյ, ծիծեռնակը տեղէն հանեց թանկարժէք զմրուխտը, կտուցին մէջ առաւ եւ թռաւ դէպի աղքատիկ խրճիթը: Անցաւ ճերմակ մարմարներով զարդարուն տաճարին տանիքին վրայէն: Երբ կ’անցնէր պալատին քովէն, իր ականջին հասան պարի ու զուարճութեան մեղեդիներ: Գեղեցիկ աղջիկ մը իր սիրականին հետ պատշգամ ելաւ: Սիրականը անոր կ’ըսէր.

– Ի՜նչ աղուոր են աստղերը եւ որքա՜ն գեղեցիկ բան է սիրահարիլը:
– Կը յուսամ որ նոր հագուստս պատրաստ կ’ըլլայ, մինչեւ պարահանդէս: Կ’ուզեմ որ ծաղիկներով զարդարուն հագուստ մը ըլլայ, բայց ի՜նչ մեղք, որ ծոյլ կարուհի մը ունիմ:

Ծիծեռնակը շարունակեց թռչիլ գետին վրայէն ու վերջապէս հասաւ աղքատ ընտանիքին մօտ, պատուհանէն ներս մտաւ ու շուրջը դիտեց:
Մանկիկը, ջերմին ազդեցութեան տակ աջ ձախ կը դառնար, իսկ մայրը կարը ձեռքին մէջ, ուժասպառ, կը քնանար իր նստած տեղը:
Ծիծեռնակը անմիջապէս զմրուխտը դրաւ սեղանին վրայ, կնոջ մատնոցին քով: Յետոյ սկսաւ մանկան գլխուն վերեւ թռչտիլ ու իր փետուրներով հովահարել մանկան կրակի պէս տաք մարմինը:

– Ո՜հ, որքան զովացայ,- ըսաւ մանուկը հանգիստ շունչ մը առնելով: Կարծես հիմա աւելի լաւ եմ:

Յետոյ ան քնացաւ մշիկ-մշիկ:
Վերադարձաւ ծիծեռնակը Երջանիկ Իշխանին քով եւ պատմեց ամէն ինչ:

– Պիտի զարմանաս թերեւս, բայց, հակառակ, որ օդը պաղ է, սիրտս տաքցաւ այս բարիքէն,- ըսաւ ծիծեռնակը:

– Որովհետեւ շատ ազնիւ գործ մը տեսար,- պատասխանեց Իշխանը:

Փոքրիկ ծիծեռնակը թաղուեցաւ մտածումներու մէջ եւ քիչ վերջ քնացաւ:
Յաջորդ առաւօտ, ծիծեռնակը թռաւ դէպի գետ եւ լուացուեցաւ անոր ջուրերուն մէջ: Այդ միջոցին, հոնկէ կ’անցնէր թռչուններու մասնագէտ գիտնական մը: Երբ ան տեսաւ ծիծեռնակը, աչքերուն չհաւատաց:
«Ձմրան եղանակին ծիծեռնակ մը, զարմանա՜լի բան», մտածեց գիտնականը, եւ առանց ժամանակ կորսնցնելու, յօդուած մը հրատարկեց տեղական թերթի մը մէջ:
Այս նիւթը օրերով զբաղեցուց ժողովուրդը, որովհետեւ ո՛չ ոք կը հասկնար թէ ինչո՞ւ այդ ծիծեռնակը դէպի Եգիպտոս չէր գաղթած:
– Այս գիշեր, Եգիպտոս կը մեկնիմ,- ըսաւ ծիծեռնակը:

Այդ օր, ինքզինքը երջանիկ կը զգար: Ամբողջ օրուան ընթացքին, պտըտած էր քաղաքին մէջ եւ երկար երկար թառած էր եկեղեցիին զանգակատան վրայ: Ճնճղուկները կը ճռուողէին ու իրարու կ’ըսէին ծիծեռնակը ցոյց տալով. «Որքա՜ն սիրուն օտարական մըն է այս»: Այս խօսքերը հաճոյք կը պատճառէին ծիծեռնակին:
Գիշերը, երբ լուսինը բարձրացաւ, ծիծեռնակը գնաց Երջանիկ Իշխանին մօտ եւ ըսաւ.

– Եգիպտոսէն բան մը կ’ուզե՞ս: Ճամբայ կ’ելլեմ այլեւս:

– Ծիծեռնա՜կ, ծիծեռնա՜կ, փոքրիկ ծիծեռնա՜կ,- պատասխանեց Իշխանը: Եթէ խնդրեմ, գիշեր մը եւս իմ քով չե՞ս մնար:

Ծիծեռնակը հաճոյքով կատարեց Իշխանին խնդրանքը: Տեսաւ հոյակապ շէնքեր, ուր հարուստները կ’ապրէին ուրախ եւ անհոգ: Տեսաւ անոնց ճոխ սեղաններուն վրայ դրուած ուտելիքները ու ըմպելիները:
Տեսաւ նաեւ հարուստներու դռներուն առջեւ փշրանքներ սպասող մերկ ու անօթի չքաւորներ: Տեսաւ նեղ ու աղտոտ փողոցներ, կիսափուլ խրճիթներ, որոնց մէջ կը տառապէին գունատ ու նիհար դէմքերով, տկարակազմ, հիւանդ մանուկներ:
Կամուրջի մը կամարին տակ, տեսաւ երկու տղաք, որոնք տաքնալու համար իրարու փաթթուած էին: «Շա՜տ անօթի ենք», կ’աղաղակէին անոնք:
Պահապան մը, որ հոնկէ կ’անցնէր. «Հոս չէք կրնար պառկիլ», պոռաց անոնց: Խեղճ տղաքը, դողդղալով սկսան պտըտիլ անձրեւին տակ:
Ծիծեռնակը վերադաձաւ եւ իր տեսածները պատմեց Իշխանին:

– Սիրելի թռչնիկս, իմ ամբողջ մարմինը ոսկեայ թերթիկներով ծածկուած է,- ըսաւ Իշխանը: Թերթիկները փրցուր, տար բաժնէ բոլոր աղքատներուն ու խեղճերուն:

Ծիծեռնակը մէկիկ մէկիկ փրցուց այդ ոսկեայ թերթերը ու տարաւ բաժնեց բոլոր դժբախտներուն, մինչեւ որ Իշխանին մարմինը մերկացաւ իր ոսկեայ թերթիկներէն եւ դարձաւ գորշ ու անհրապոյր արձան մը: Ատոր փոխարէն, աղքատ տղոց դէմքերը հետզհետէ կարմրեցան, տղաքը աշխուժացան եւ ուրախութեամբ խաղալ սկսան փողոցներուն մէջ, գոչելով. «Կեցցէ՛, այլեւս ուտելիք ունինք, անօթի չենք»:
Սաստիկ ցուրտերը սկսան, ձիւնը ծածկեց երկիրը: Սառոյցները կախուեցան տանիքներէն:
Ծիծեռնակը սաստիկ կը մսէր, բայց չէր ուզեր բաժնուիլ իր սիրելի Իշխանէն: Ան տաքնալու համար արագօրէն կը շարժէր իր թեւերը, եւ իր փորը կը կշտացներ հացագործին խանութին առջեւ թափած հացի փշրանքներ ուտելով գաղտնօրէն: Բայց ի զո՜ւր: Զգաց, որ այլեւս չի կրնար ապրիլ ու պիտի մեռնի: Իր վերջին ուժը հաւաքեց, թառեցաւ Երջանիկ Իշխանին ուսին վրայ ու շշնջեց.

– Մնա՜ս բարով, սիրելի Իշխան: Կ’արտօնե՞ս, որ քու ձեռքը համբուրեմ:

– Շատ գոհ եմ, որ վերջապէս Եգիպտոս պիտի երթաս,- պատասխանեց Իշխանը: Երկար ատեն մնացիր հոս: Քեզ շատ կը սիրեմ, սիրելի ծիծեռնակ: Կրնա՞մ քեզ անգամ մը եւս համբուրել:

– Ես Եգիպտոս չեմ երթար, ես կ’երթամ մահուան աշխարհը,- մրմնջեց ծիծեռնակը: Բայց դուն մի՛ մտահոգուիր, ես այլեւս չեմ մսիր: Քունս կուգայ ու քնանալ կ’ուզեմ,- ըսաւ թռչնիկը. համբուրեց Իշխանը ու ինկաւ մեռած անոր ոտքերուն առջեւ:

Նոյն պահուն տարօրինակ եւ ուժգին ձայն մը լսուեցաւ արձանին մէջէն: Կարծես բան մը կոտրած էր: Երջանիկ Իշխանին պողպատէ սիրտն էր, որ պայթած էր իր վիշտէն:
Օդը սաստիկ ցուրտ էր: Յաջորդ առաւօտ, քաղաքապետը Խորհրդարանի անդամներուն ընկերակցութեամբ, հանրապարտէզին մէջ կը պտըտէր:
Ճիշդ այն պահուն, երբ կ’անցնէր մեծ սիւնին առջեւէն, վեր բարձրացուց իր աչքերը ու տեսաւ արձանը:

– Աստուա՜ծ իմ, գոչեց,- սա Երջանիկ Իշխանին վիճակը տեսէք: Որքա՜ն թշուառ երեւոյթ մը ունի:

– Ո՜հ այո՛, շատ տգեղ երեւոյթ մը ունի,- ըսին Խորհրդարանին անդամները, որոնք միշտ համակարծիք էին իրենց քաղաքապետին հետ:

– Սուրին զմրուխտը ինկեր է, աչքերուն քարերը կորսուեր են, ոսկեայ թերթերէն ալ հատ մը իսկ չէ մնացեր մարմնին վրայ,- ըսաւ Քաղաքապետը: Ան իր այս երեւոյթով մուրացկանէ տարբերութիւն չունի:

– Այո՛, մուրացկանէ տարբերութիւն չունի,- ըսին Խորհրդարանի անդամները:

– Եւ ոտքերուն տակ մեռած թռչունի մը դիակը կայ,- շարունակեց քաղաքապետը: Թռչունները պէտք է գիտնան, որ հոս մեռնելու իրաւունք չունին:

Քարտուղարը անմիջապէս նօթագրեց քաղաքապետին այս հրահանգը:
Յաջորդ օր, քանդեցին Երջանիկ Իշխանին արձանը: Համալսարանի գեղարուեստի ճիւղի դասախօսը ըսաւ.

– Այս արձանը ոչ մէկ օգուտ ունի, քանի որ գեղեցիկ չէ:
Յետոյ հնոցին մէջ հալեցուցին արձանը: Քաղաքապետը իր օգնականները ժողովի հրաւիրեց, որպէսզի ճշդուի, թէ ի՞նչպէս պիտի օգտագործուի կապարին հալոցը:

– Հարկաւ ասով նոր արձան մը պէտք է շինենք,- ըսաւ Քաղաքապետը: Եւ հարկաւ այդ արձանը պէտք է ըլլայ ի՛մ արձանը: Բայց օգնականները կողմնակից չէին, որովհետեւ անոնք ալ կ’ուզէին, որ շինուի իրենց արձանը: Կռիւ մը ծայր տուաւ եւ այդ կռիւը մինչեւ այսօր ալ կը շարունակուի:

– Որքա՜ն տարօրինակ է,- ըսաւ հալոցապետը: Ի՜նչ որ ալ ըրի, չկրցայ հալեցնել սա արձանին կապարէ սիրտը: Այդ սիրտը բնաւ պիտի չհալի: Զայն նետելէ ուրիշ ճար չկայ: Վերջապէս ծիծեռնակին մեռած մարմնին քով նետեցին պողպատէ այդ սիրտը:  Աստուած իր հրեշտակներէն մէկուն հրահանգեց.

– Բե՛ր ինծի այս քաղաքին ամէնէն արժէքաւոր երկու բաները: Հրեշտակը բերաւ պողպատէ սիրտն ու մեռեալ ծիծեռնակը:

– Լաւ ընտրութիւն մը ըրիր,- ըսաւ Աստուած: Այս փոքրիկ թռչունը դրախտի պարտէզին մէջ յաւիտեանս պիտի ճռուողէ: Իսկ Երջանիկ Իշխանը պիտի ապրի իմ ոսկեայ քաղաքին մէջ եւ միշտ փառք պիտի տայ ինծի:

Գրեց: Օսքար Ուայլտ
Թարգմանեց: Մաքրուհի Պ.Յակոբեան