Ինքնահաւան Եղնիկը

Եղնիկներու ամէնէն աշխոյժն էր ան։ Այնքան արագօրէն կը վազէր, որ ո՛չ վայրի անասուն մը, ո՛չ ալ որսաշուն մը կրնար հասնիլ իրեն։

Ինքնահաւան Եղնիկը

Ատենօք եղնիկ մը կ՚ապրէր փառաւոր անտառի մը մէջ, ուր մեծաշուք ծառեր երկինք կը բարձրանային։

Եղնիկներու ամէնէն աշխոյժն էր ան։ Այնքան արագօրէն կը վազէր, որ ո՛չ վայրի անասուն մը, ո՛չ ալ որսաշուն մը կրնար հասնիլ իրեն։ Ան իր նիհար սրունքներով, կը մրցէր նոյնիսկ հովուն հետ։ Առուակներուն հոսուն ջուրերը նոյնիսկ չէին կրնար արգիլել զինքը: Անգամ մը կը ցատկէր, հո՜փ, կ՚անցնէր դիմացի ափ։ Բայց երբեք չէր հաւներ իր նուրբ եւ ուժեղ սրունքները, ան միշտ կը հպարտանար իր խոշոր ու երկար եղջիւրներով։

Անտառին մէջ, ուր եղնիկը կ՚ապրէր, կար տեղ մը, ուրկէ կը ծնէին ու կը հոսէին մաքուր ջուրեր։ Այդ ջուրերէն գոյացած էր փոքրիկ լիճ մը։ Անտառին բոլոր անասունները հոն կը հաւաքուէին ջուր խմելու համար։

Եղնիկն ալ յաճախ կու գար լիճին եզերքը։ Նախ կը խմէր ջուրը եւ յետոյ ժամերով կը դիտէր իր տեսքը, որ հայելիի պէս կը ցոլանար ջուրին փայլուն մակերեսին վրայ։ Կը զմայլէր իր շքեղ եղջիւրներուն վրայ: Ան շատ կը սիրէր իր եղջիւրները, իսկ նիհար սրունքները երբեք չէր վայլեցներ իրեն։ Յաճախ կը գանգատէր: «Մարմնիս ու շքեղ եղջիւրներուս յարմար չեն սրունքներս» կ’ըսէր միշտ ինքնիրեն: «Պէտք է ես ըլլամ անասուններու թագաւորը, քանի որ ունիմ եղջիւրներ, որոնք թագի պէս են գլխուս վրայ։ Այս անտառին մէջ չկայ անասուն մը, որ ինձմէ աւելի ազդեցիկ երեւի, երբ դէպի վեր բարձրացնէ իր գլուխը։ Բայց չեմ կրնար ըլլալ անտառներու թագաւորը, որովհետեւ նիհար սրունքներս կ’աւրեն գեղեցկութիւնս» կը մտածէր ան յաճախ։

Օր մը, երբ այսպէս կը դիտէր իր պատկերը լիճին վրայ, յանկարծ երեւցաւ որսաշուն մը։ Շունը երբ տեսաւ գեղեցիկ եղնիկը, սկսաւ հաջել։ Եղնիկն ալ տեսաւ շունը, բայց բնա՜ւ չվախցաւ։ Ցատկելով անցաւ լիճը ու սկսաւ վազել դէպի անտառ։ Սակայն շունն ալ արագօրէն սկսաւ հետեւիլ եղնիկին։ Եղնիկը երբ ետ նայեցաւ, տեսաւ, թէ որսաշունին կը հետեւէին նաեւ ուրիշ շուներ։

Քիչ ետք, անտառ հասան։ Եղնիկը կը վազէր, սակայն իր երկար ու խոշոր եղջիւրները յաճախ կը կառչէին ծառերու ճիւղերուն: Այս պատճառով երբեմն կը դանդաղէր վազքը։ Բայց ան յամառօրէն կը վազէր ու կը վազէր դէպի անտառին խորերը: Այնքան արագ կ’անցնէր որ ծառերուն բարակ ճիւղերը կը փրցնէր: Երբ հասաւ անտառին այն տեղը ուր ծառերը իրարու շատ մօտ էին, եղնիկին եղջիւրները բոլորովին կառչեցան ծառերու ճիւղերուն։ Եղնիկը, հասկցած էր որ այլեւս պիտի չկարենար վազել:

Յուսահատութեան մատնուած՝ ան ստիպուեցաւ սպասել որ շուները հասնին իրեն: «Որքա՛ն անարդար էի, երբ արհամարհեցի սրունքներս, որոնք զիս միշտ կը փրկէին։ Որքա՛ն մեծամիտ էի, երբ կը հիանայի գեղեցիկ եղջիւրներուս վրայ։ Սրունքներս կը փրկէին զիս ու ես զանոնք անօգուտ կը կարծէի: Իսկ հիմա, եղջիւրներուս պատճառով հասաւ վերջս, որոնք ինծի համար շքեղ թագ մըն էին». կը մտածէր ան:

Ֆրանսական Հեքիաթ