Տօնածառ Ոզնին

Կաղանդէն մէկ օր առաջ՝ հովը հանդարտեցաւ եւ ձիւնը դադրեցաւ:

Ընկերները որոշեցին հաւաքուիլ Ոզնիին տունը:

Տօնածառ Ոզնին

Օդը ցուրտ էր եւ անդադար կը ձիւնէր: Ամէն տեղ ձիւնով ծածկուած էր, այնպէս որ անտառին մէջ ոչ Ոզնին, ոչ Իշուկը եւ ոչ ալ Արջուկը շաբաթէ մը ի վեր չէին կրցած իրենց տուներէն դուրս ելլել։

Կաղանդէն մէկ օր առաջ՝ հովը հանդարտեցաւ եւ ձիւնը դադրեցաւ: Ընկերները որոշեցին հաւաքուիլ Ոզնիին տունը:

-Մենք տօնածառ չունինք,- ըսաւ Արջուկը։

-Ճիշդ է,- ըսաւ Իշուկը տխրագին։

-Ես ալ գիտեմ, որ տօնածառ չունինք,- ըսաւ Ոզնին։

Արջուկը նայեցաւ շուրջը եւ ըսաւ.

-Պէտք է անտառ երթալ ու տօնածառ բերել։

-Հիմա ուրկէ՞ կրնանք տօնածառ գտնել,- հարցուց
Իշուկը։- Անտառը արդէն մութ է։

– Եւ ամէն տեղ ձիւնակոյտեր գոյացած է,- մրթմրթաց
Ոզնին։

-Ամէն պարագայի, պէտք է տօնածառ մը գտնել։

Երեքը միասին տունէն դուրս ելան։ Մրրիկը հանդարտած էր, բայց ամպերը դեռ կախուած էին օդին մէջ եւ ոչ մէկ աստղ կ’երեւէր երկինքի վրայ։

-Նոյնիսկ լուսինը չ’երեւիր, ինչպէ՞ս պիտի գտնենք
եղեւինը,- հարցուց Իշուկը։

-Շօշափելով կրնանք գտնել,- պատասխանեց Արջուկն ու բարձրացաւ ձիւնակոյտի վրայ։

Սկսան շօշափել, բայց ոչինչ գտան։ Միայն մեծ եղեւիններուն հանդիպեցան, բայց անոնք, Ոզնիի տունը չէին մտներ, իսկ փոքրիկ եղեւինները պահուըտած էին ձիւնի տակ։

Տխրագին վերադարձան Ոզնիին տունը։

-Առանց տօնածառի Կաղանդ կը տօնուի՞,- հարցուց
Արջուկը։

Ոզնին ջուր եռացուց թէյ պատրաստելու համար։ Սեղանը սարքեց մեղրով՝ Արջուկի համար, եւ տերեւներով՝ Իշուկի համար: Ոզնին չէր մտածեր տօնածառի մասին։ Բայց տխուր էր, արդէն քանի մը օրէ ի վեր ժամացոյցը չէր աշխատեր: ժամագործ Կաչաղակը խոստացած էր, պիտի նորոգէր, բայց այդ ալ չեղաւ։

-Մենք ինչպէ՞ս պիտի հասկնանք, երբ ժամը տասներկու
ըլլայ,- Ոզնին հարցուց Արջուկին։

-Մենք կը զգանք,- պատասխանեց Իշուկը։

-Կը զգա՞նք, այդ ինչպէ՞ս պիտի ըլլայ,- զարմացած
հարցուց Արջուկը։

-Շատ պարզ։ Ժամը տասներկուքը ճիշդ մեր քնանալու
ժամն է: Երբ մեր քունը գայ, պիտի հասկնանք թէ ժամը
տասներկու է:

-Ճիշդ է,- ուրախացաւ Ոզնին եւ աւելցուց,- տօնածառի
համար դուք մի՛ մտահոգուիք։ Աթոռակ մը կը դնենք
անկիւն մը, և ես կը կանգնիմ անոր վրայ, իսկ դուք իմ
փուշերուս վրայ խաղալիքներ կը կախէք։

Այդպէս ալ ըրին։ Անկիւն մը տեղաւորեցին աթոռակը և Ոզնին կանգնեցաւ անոր վրայ։

-Խաղալիքները մահճակալի տակն են,- ըսաւ Ոզնին։

Իշուկն ու Արջուկը հանեցին խաղալիքները եւ զանոնք կախեցին Ոզնիի փուշերուն վրայ։

– Լուսազարդերը չմոռնաք,- յիշեցուց Ոզնին։

– Բայց դուն պիտի չյոգնի՞ս, Տօնածա՛ռ,- հարցուց Արջուկը եւ ինք նստաւ թէյ խմելու։

Ոզնին անշարժ կանգնած էր աթոռակի վրայ, իսկական տօնածառի մը պէս, եւ կը ժպտէր։

– Չէ՛,- պատասխանեց Ոզնին։

Իշուկը քնանալու վրայ էր, Ոզնին հարցուց.

– Ժամը քանի՞ն է։

– Հինգ վայրկեան ետք տասներկու պիտի ըլլայ։ Իշուկը կը քնանայ, Նոր Տարի պիտի ըլլայ քիչ ետք,- պատասխանեց Արջուկը։

– Ուրեմն մեզի համար հիւթ լեցո՛ւր բաժակներուն մէջ։

– Դուն հիւթ կ’ուզե՞ս,- հարցուց Արջուկը Իշուկին։

– Հիմա ժամացոյցի զանգակները պէտք է հնչեն,-
մրթմրթաց ան։

Տօնածառ Ոզնին զգուշութեամբ վերցուց բաժակը, որպէսզի չթափին վրայի զարդերը։ Իսկ իր ոտքով՝ ժամացոյցի նման հարուածեց աթոռակը:

– Տինկ-տոնկ, տինկ-տոնկ,- ըսաւ ան։

– Արդէն չորս զարկ եղաւ,- ըսաւ Արջուկը։

– Հիմա ես հարուածեմ ժամացոյցի նման։ Ու ոտքով չորս անգամ հարուածեց յատակին՝ ըսելով.- Տինկ-տոնկ,
տինկ-տոնկ։ Հիմա կարգը քուկդ է, Իշո՛ւկ։

Իշուկը կիսաքուն՝ կամաց մը զարկաւ յատակին՝ քունի մէջ մրթմրթալով.- Տինկ-տոնկ, տինկ-տոնկ։

– Ուռա՜,- բացագանչեց Արջուկը, իսկ Իշուկը խոր քունի
մէջ մտաւ։

Շուտով քնացաւ նաեւ Արջուկը։ Միայն Տօնածառ Ոզնին էր, որ կանգնած էր աթոռակի վրայ ու չէր գիտեր թէ ի՛նչ պիտի ընէր։

Ան երգեր երգեց մինչեւ առաւօտ, որպէսզի յանկարծ չքնանայ եւ խաղալիքները չկոտրին։

Տօնածառ ջան տօնածառ,
Ի՛նչ սիրուն ես ու պայծառ,
Այս ի՛նչ լաւն ես, այս ի՛նչ լաւն ես,
Չորս կողմդ լոյս ու փայլ է:

Գրեց: Սերկէյ Կոզլով
Թարգմանեց: Ն.Բուռնուչեան
Արեւմտահայերէնի թարգմանեց: Մարի Գալայճը