Ափսո՜ս Ոջիլ

Օրիորդին ձայնը հնչեց դասարանին մէջ եւ նոյնիսկ տարածուեցաւ ամբողջ դպրոցին մէջ ու դպրոցը ցնցուեցաւ: – Ոջիիիիիիիիիիիիիիիիիիիի՜լ

Ափսո՜ս Ոջիլ

Վարդուհի քերեց գլուխը՝ «Խա՛րդ, խա՛րդ, խո՛ւրդ խո՛ւրդ»:
Երկու օրէ ի վեր գլուխը անուշ անուշ կը քերուէր: Ի՞նչ կը նշանակէր անուշ անուշ քերուիլ:

Արդեօք Վարդուհիին մազերուն մէջ շաքար, օշարակ կամ շոքոլա՞յ կար: Անուշ անուշ քերուիլ կը նշանակէր անզսպելիօրէն գլուխը քերել: Քերելով հանգստանալ, երջանիկ ըլլալ եւ ժպտիլ:

Վարդուհի շարունակեց անուշ անուշ քերուիլ:

Դպրոց գացած էր: Դասարանն էր: Օրիորդ Նաթալի դաս կը պատմէր:

Վարդուհիի մատիկները բաւարար չեղան գլուխը քերելու: Կ’ուզէր իր տասը ոտնամատերուն աւելցնել ձեռքերուն տասը մատերը եւ այդպէս քերել, ճիշդ կապիկի մը նման՝«Խա՛րդ, խա՛րդ, խո՛ւրդ խո՛ւրդ»:

Ծոծրակին արմատները, ականջներուն ետեւները քերեց ու քերեց: Չբաւեց, մատիտին ետեւով ալ քերեց:
Արդեօք ինչե՞ր կը պատահէին Վարդուհիի մազերուն մէջ:
Վարդուհիի ոսկեգոյն մազերուն մէջ կը տեղաւորուէր ոջիլի ընտանիք մը: Հայր ոջիլ, մայր ոջիլ եւ իրենց երեք ձագերը:
Հայր ոջիլը գտած էր Վարդուհիի գլուխը:

Իր զաւակները եւ գեղեցիկ կինը Տիկին Ոջիլ ուրիշ գլխու մը վրայ կ’ապրէին՝ Արարատին գլխուն վրայ: Բայց Արարատին հայրիկը որոշած էր իր տղան սափրիչի տանիլ եւ մազերը լաւ մը կտրել: Արարատ այդ օր դպրոցէն վերադարձին սափրիչի պիտի երթար: Ան սափրիչի երթալէ առաջ պէտք է անոր գլխէն ոջիլները հեռանային:

Թէեւ անոնք շատ ուրախ էին Արարատին մազերուն մէջ: Գանգուր մազեր ունէր ան: Մանուկ ոջիլները ոլորուն մազերուն մէջ կը վազէին, կը խաղային, կը սահէին եւ հաճոյքով կը գլորուէին:

Յետոյ Արարատ աղտոտ էր: Չէր սիրեր լուացուիլ: Մայրիկն ալ քիչ մը ծոյլ էր: Չէր ուզեր տղան տեւական լոգցնել եւ սաւանները փոխել: Աւելին՝ Արարատ չէր սիրեր նաեւ ձեռքերը լուալ: Ուստի, մեր ոջիլի ընտանիքին համար առատ սնունդ կար հոն: Իրենց կեանքը հիանալի էր: Բայց Արարատին մազերը կարճ պիտի կտրուէին: Այսպէսով անոնք մէջտեղ պիտի ելլէին:

Պարոն Ոջիլ սկսաւ նոր տուն մը փնտռել եւ անմիջապէս գտաւ: Դպրոցի հանրակառքին մէջ Արարատին քով նստող Վարդուհիին երկար եւ առատ մազերը ճիշդ իրենց յարմար էին:

Պարոն Ոջիլ լաւ մը քննեց այս գեղեցիկ գլուխը: Ի՞նչ կը նշանակէր քննել՝ պտըտիլ, խուզարկել ու գլխուն յարմարութեան նայիլ:

Վարդուհիին գլուխը ճիշդ իրենց յարմար էր: Ուստի անոնք ընտանեօք տեղափոխուեցան Վարդուհիի մազերուն մէջ: Անոր մազերը շատ անոյշ կը հոտէին: Մետաքսի նման էին:

Մանուկ ոջիլները մազերուն կառչելով սահիլ սկսան: Շատ զուարճացան: Մայր Ոջիլը մաքուր մազերու արմատներուն միջեւ տեղաւորեց իրենց կարասիները: Նոյնիսկ ամուսինին եւ զաւակներուն անակնկալ մը ունէր՝ նոր ոջիլ մանուկներ պիտի ունենային: Ոջիլները կ’աճին հաւկիթներու մէջ: Մայր Ոջիլը հաւկիթները տեղաւորեց ամենալաւ տեղեր: Ահաւասիկ այս ամենալաւ տեղերը Վարդուհիին ծոծրակն ու ականջներուն ետեւներն էին: Հաւկիթները կ’աճէին, ապա կը ճաթէին եւ անոնց մէջէն նորածին ոջիլներ դուրս կու գային: Յետոյ անոնք կը մեծնային եւ կ’ածէին:

Վերջապէս այս ոջիլի ընտանիքը Սեւանին եւ Երազին մազերուն մէջ ապրող ազգականներուն պէտք չզգալով հոս բազմացան: Ուրիշ մազերու մէջ ապրող ազգականները այցելեցին անոնց: Նոյնիսկ զարմիկ ոջիլները իրենց արձակուրդը անցուցին Վարդուհիին մազերուն մէջ: Եւ իբր նուէր, անոնք ոջիլի հաւկիթներ այսինքն անիծներ ձգեցին: Գիտէ՞ք, ոջիլներու հաւկիթներուն անիծ կ’ըսենք:

Վարդուհիին գլխուն վրայ շատ բազմութիւն կար: Քերուըտուքները սկսան զինք անհանգստացնել: Վերջապէս խելագարած, իր գլուխը քերեց, քերեց ու քերեց:

Օրիորդ Նաթալի ուշադրութեամբ կը դիտէր: Նոյնիսկ բոլոր դասընկերները իրեն կը նայէին: Վարդուհիի մազը մացառի վերածուած, քերելէն տարտղնուած էր: Ուսուցչուհին մօտեցաւ.

– Վարդուհի ի՞նչ է պատահածը մազերուդ մէջ:
– Ա՜խ օրիորդ, երանի գիտնայի:
– Եթէ արտօնես կրնա՞մ նայիլ:
– Անշուշտ:

Մազերուն մէջ ապրող ոջիլները զգուշութեամբ մտիկ կ’ընէին: Օրիորդին զարմացական նայուածքները տեսան եւ հասկցան թէ ինչե՞ր պիտի պատահէին:

Օրիորդին ձայնը հնչեց դասարանին մէջ եւ նոյնիսկ տարածուեցաւ ամբողջ դպրոցին մէջ ու դպրոցը ցնցուեցաւ:

– Ոջիիիիիիիիիիիիիիիիիիիի՜լ

Ոջիլները անմիջապէս սկսան հաւաքուիլ:

Դպրոցէն վերադարձին Վարդուհիի մազերուն դեղ դրուեցաւ:

Մայրիկը իր աղջկան մազերը սանտրեց, սանտրեց ու սանտրեց: Վարդուհի շատ ձանձրացաւ բայց ոջիլներէն ազատելու միակ ճարը համբերել էր: Այս պատճառով, գիրք մը առաւ: Ինք գիրքը կարդալու ատեն, մայրիկը մազերը կը սանտրէր:

Յետոյ Վարդուհի լուացուեցաւ:

Վարդուհի երազեց մազերուն մէջ գտնուող ոջիլներուն մասին: Ինչպէ՞ս ապրած էին կամ ինչե՞ր ըրած էին: Պատմածներուս նման էին իր երեւակայածները:

Գալով ոջիլներուն… Դեղի հոտէն քնաշրջիկ դարձած էին: Դեդեւելով, գլտորելով Վարդուհիի մազերէն կ’իջնէին ու կը փախչէին: Իրենց մէջ կային անկարգելով ցատկողներ, լեռնագնացներու նման չուաններով իջնողներ, օդապարիկով թռողներ եւ նոյնիսկ իրենց չմուշկներով կամ սահամոյկերով փախչողներ:

Իրականութեան մէջ, Վարդուհի իր գլխէն հեռացող ոջիլները այսպէս կ’երեւակայէր:

Թէեւ Վարդուհի չիմացաւ, բայց ոջիլները իրմէ հրաժեշտ տուին ըսելով.

– Շնորհակալ ենք որ այսքան ժամանակ մեզի պահեցիր մազերուդ մէջ: Աշխարհը շատ խոշոր եւ գեղեցիկ է: Եւ բոլորիս համար բաւարար տեղ կայ, նոյնիսկ ոջիլի մը համար: Այս պատճառով է որ բոլորս պէտք է ապրինք զիրար սիրելով, նոյնիսկ ոջիլ մը ըլլալով: Մենք ապրելու համար վնաս պատճառեցինք քեզի, ներողութիւն: Ոչ ոք պէտք է վնաս պատճառէ մանուկներուն, նոյնիսկ ոջիլ մը: Մնաս բարով Վարդուհի:

Գրեց: Շէպնէմ Իշիկիւզէլ
Թարգմանեց: Սարին Ագպաշ