Վարդի Փուշը

 Օր մը փոքրիկ իշխանուհին ելաւ պալատէն եւ սկսաւ պտըտիլ անուշաբոյր ծաղիկներուն մէջ։  Մանիշակներուն տերեւները արեւու ճառագայթներուն տակ կը փայլէին, նրբակազմ կակաչները կը պարէին մեղմ հովուն տակ։

Վարդի Փուշը

Դարեր առաջ շքեղ պալատի մը մէջ կ’ապրէր փոքրիկ իշխանուհի մը։ Պալատին շուրջ կը գտնուէր ընդարձակ պարտէզ մը։
Պարտէզին մէջ կային մանիշակներ, կակաչներ, մեխակներ, յասմիկներ, նունուֆարներ եւ վարդի տունկեր։

Երբ գարունը կը հասնէր, ծաղիկները կը սկսէին ծիլ արձակել։ Իրենց անոյշ բոյրերը կը տարածէին ամէն կողմ։

Օր մը փոքրիկ իշխանուհին ելաւ պալատէն եւ սկսաւ պտըտիլ անուշաբոյր ծաղիկներուն մէջ։ Մանիշակներուն տերեւները արեւու ճառագայթներուն տակ կը փայլէին, նրբակազմ կակաչները կը պարէին հարսերու պէս, մեղմ հովուն տակ։

Մեխակներուն գանգուր մազերու նման տերեւները եւ թաւշեայգոյնզգոյն հագուստներ հագած վարդերուն անոյշ հոտերը իրար կը խառնուէին։ Փոքրիկ իշխանուհին մէկ առ մէկ բարեւեց բոլոր ծաղիկները։ Նախ մանիշակներուն քով գնաց եւ շոյեց փայլուն տերեւները¸յետոյ վազեց կակաչներուն եւ մասնակցեցաւ անոնց շուրջպարին։ Պարտէզին մէջ խնջոյք մը կար կարծես։
Մայր վարդերը, թէ ծիլերուն փուշերը կը տեղաւորէին եւ թէ ծափ բռնելով՝ շուրջպարը կը դիտէին։

Փոքրիկ իշխանուհին ալ ուզեց մօտէն տեսնել վարդերուն ծիլերը.
մօտեցաւ եւ ձեռքը երկարեց վարդերուն, բայց յանկարծ սաստիկ ցաւ մը զգաց ցուցամատին վրայ։

Վարդերուն փուշերէն մէկն էր, որ վիրաւորած էր փոքրիկ իշխանուհիին ցուցամատը։

-Ա՜յ,- գոչեց բարկութեամբ։ Զայրացաւ եւ ուզեց պատիժ մը տալ վարդերուն։ Խորհեցաւ թէ այս ի՛նչ տեսակ համարձակութիւն էր, որ փուշերը իշխանուհիի մը ցուցամատը խայթած էին:

-Զինուորնե՛ր¸զինուորնե՛ր,- պոռաց։

Երեք զինուորները վազելով եկան։

-Հրամեցէ´ք թագուհիս։

-Շո´ւտ¸հաւաքեցէ՛ք սա վարդերուն փուշերը։

Զինուորները¸ շուարած նայեցան իրարու։

Շուարած եւ զայրացած էին պարտէզին միւս ծաղիկներն ալ։ Ձայներ կը բարձրանային ամէն մէկ անկիւնէն։

-Վա՜յ գլխուս¸ այս ի՛նչ գործ է,- ըսին զայրանալով՝
մանիշակները։

-Վարդերուն փուշերը հաւաքե՞լ¸ ծըք-ծըք, աշխարհին վերջը
հասաւ կարծես,- ըսաւ մայր կակաչը։

Մեխակներն ալ վախէն իրարու փաթթուած դողալով կը դիտէին պատահածները։

Զինուորները ստիպողաբար գործադրեցին իշխանուհիին հրամանը եւ հաւաքեցին վարդերուն փուշերը։

Իշխանուհին յաջորդ օր դարձեալ ելաւ պարտէզ։ Եւ սկսաւ պտըտիլ ծաղիկներուն մէջ։ Ծաղիկները չէին նայեր իշխանուհիին երեսը։ Վարդերուն տերեւներն ալ դեղնած եւ փտած էին։ Ան շուարած պալատ վերադարձաւ։

Յաջորդ օր կրկին ելաւ պարտէզ. ուզեց բարեւել ծաղիկներուն, բայց ծաղիկները չառին իշխանուհիին բարեւը։
Անդրադարձաւ որ վարդերուն վիզերը կախ էին եւ չունէին այլեւս իրենց անոյշ բոյրը։ «Ի՞նչ եղաւ ասոնց։ Ինչո՞ւ տխուր կ’երեւին», մտածեց ան բարձրաձայն։

Վարդերուն ամենածերը պատասխանեց դողդոջուն ձայնով մը.

-Իշխանուհիս, փուշերը մեզ կը պահպանէին որդերէն եւ թռչուններէն։ Երբ մենք մնացինք առանց փուշի, անոնք ալ կրծեցին եւ փետեցին մեր տերեւները։ Այս պատճառով, մենք ալ կորսնցուցինք մեր բոյրերը եւ գոյները։

Երբ փոքրիկ իշխանուհին լսեց այս խօսքերը, զղջաց:
Կանչեց զինուորները եւ հրամայեց, որպէսզի տեղաւորեն ամէն մէկ փուշը իր տեղը:

Զինուորները, այս անգամ մեծ ուրախութեամբ տեղը բերին իշխանուհիին հրամանը։ Շուտով յանձնեցին վարդերուն փուշերը։

Յաջորդ օր, ծաղիկներէն կը բարձրանային գարնան գեղեցիկ մեղեդիներ։ Վարդերուն բոյրերն ալ կրկին լեցուցած էին պալատին պարտէզը։

Յաջորդող օրերուն ալ այդպէս պատահեցան։
Անկէ ի վեր, վարդերը երբեք չմնացին առանց փուշի։
Իսկ փոքրիկ իշխանուհի՞ն։ Ան դեռ կը պտըտի գոյնզգոյն պարտէզին մէջ։

Գրեց: Թալին Չորթան Կարիպկիւն