Թէ Ինչպէս Յայտնուեցան Ուղտերը

Ե՜ւ օր մը, ձին բարակ սրունքներով, կարապի նման երկար ու նուրբ վիզով, լայն կոնքերով ու կռնակը թամբի նման ցցուածքով անասուն մը կ’ըլլա՜յ:

Թէ Ինչպէս Յայտնուեցան Ուղտերը

Օր մը ձին, մարդոց եւ անասուններու չաստուած՝ Լուսնթագին կը ներկայանայ եւ կ’ըսէ.

– Դո՛ւք, մարդոց, անասուններուն, եւ ամբողջ աշխարհին թագաւորն էք: Ձեզմէ խնդրանք մը ունիմ:

– Ըսէ՛ տեսնեմ, ի՞նչ է եղեր խնդրանքդ,- կ’ըսէ Լուսնթագ:

– Երբ կը տեսնեմ պատկերս ջուրին մակերեսին վրայ, շատ կը հաւնիմ ես զիս: Համեստ ըլլալու պէտք չկայ. գիտեմ, գեղեցիկ անասուն մըն եմ, սակայն ունիմ կարգ մը թերութիւններ:

– Ինչե՞ր են ատոնք,- կը հարցնէ Լուսնթագը դէմքին վրայ ծիծաղով մը: Եթէ կարենամ, կ’ուզեմ քեզի օգնել, ինչո՛ւ չէ…:

Յաւակնոտ Ձին առանց նշմարելու Լուսնթագին դէմքին ծիծաղը, կը շարունակէ.

– Եթէ սրունքներս քիչ մըն ալ բարակ եւ նուրբ ըլլան, աւելի արագ կրնամ վազել:

– Այսքա՞ն է ամբողջ խնդրանքդ:

– Ո՛չ անշուշտ, վիզս. վիզս թէեւ գայլին եւ ոչխարին վիզէն աւելի գեղեցիկ է, սակայն կ’ուզէի կարապի նման երկար, նուրբ վիզ մը ունենալ:

– Ուրի՛շ,- կ’ըսէ Լուսնթագը:

– Կոնքերս աւելի լայն եւ ուժեղ պէտք է ըլլան, որպէսզի կարենամ աւելի շատ բեռ կրել:

– Լա՛ւ, ուրի՛շ,- կ’ըսէ Լուսնթագը:

– Ե՜ւ մէջքիս վրայ այնպիսի բնական ցցուածք մը ունենամ որ հանգիստ կրեմ բեռս կամ մարդիկ հանգիստ նստին իմ վրայ, եւ ես ալ աւելի հանգիստ կարենամ շարժիլ:

– Լաւ,- կ’ըսէ Լուսնթագը, ուրեմն հիմա քիչ մը համբերէ՛:

Յանկարծ Լուսնթագը իր ձախ ձեռքը ուժգնօրէն դէպի վեր կը բարձրացնէ: Այս շարժումէն ետք ամպերը կը սկսին շարժիլ երկինքի վրայ: Խոշոր ամպ մը կը մօտենայ դէպի երկիր ու կը գոյացնէ սեփ-սեւ մշուշ մը իր ետին: Քանի մը վայրկեանի մէջ, ամպերը դարձեալ երկինք կը բարձրանան: Այդ պահուն ձին կը նշմարէ այնպիսի անճոռնի անասուն մը, որ առաջին անգամ կը տեսնէր կեանքին մէջ:

– Բարակ սրունքներով, կարապի նման երկար ու նուրբ վիզով, լայն կոնքերով ու կռնակդ թամբի նման ցցուածքով անասուն մը ըլլալ կ’ուզէիր: Ահաւասի՛կ եղար,- կ’ըսէ Լուսնթագը Ձիուն:

– Ո՛չ, ո՛չ, երբե՜ք,- կ’ըսէ ձին, տեսնելէ ետք կերպարանքը այդ անասունին:

– Ուրեմն ասկէ վերջ, դուն դո՜ւն եղի՛ր ունեցածովդ գոհացի՛ր: Այս անասունն ալ ահա՛, կը թողում երկրագունտին մէջ, քեզի դաս մը տալու համար,- կ’ըսէ անասուններու չաստուած Լուսնթագը:

Ահաւասի՛կ, այսպէս ստեղծուեր է «Ուղտ»ը:

Յունական Հեքիաթ