Դպրոցին Առաջին Օրը

Դասարանը փոքրիկ աշակերտներով լեցուն էր: Ճիմ գրասեղանի մը առջեւ նստաւ ու սկսաւ ուշադրութեամբ մտիկ ընել օրիորդը:  Անուններէն ոմանք լսեց. «Չարլս, Էրնէսթ, Ալվին…»:

Դպրոցին Առաջին Օրը

Ճիմ անունով փոքրիկ տղայ մըն էր՝ ան. միակ զաւակը բժիշկ Լուի Տէյվիի:

Ճիմ մայր չունէր: Մայրը ծննդաբերութեան միջոցին մեռած էր: Միակ կինը զոր իրեն շատ մօտիկ կը զգար, Շուէտացի Էմին էր, որ տան բոլոր գործերը կը կատարէր: Էմին էր որ զինքը դպրոց տարած էր՝ կիրակնօրեայ զգեստներով: Դպրոցի իր առաջին օրն էր:

Ճիմ կը սիրէր Էմին. բայց բնաւ չէր ախորժած որ ան զինքը դպրոց տարած էր եւ այս պարագան յաճախ ըսած էր իրեն՝ ճամբու ընթացքին:

– Ես քեզ չեմ սիրեր: Ես քեզ ա՛լ բնաւ չեմ սիրեր:

– Բայց ես քեզ կը սիրեմ:

– Քանի որ զիս կը սիրես, ինչո՞ւ դպրոց կը տանիս:

– Ամէն ոք պէտք է որ դպրոց երթայ:

– Դուն դպրոց գացա՞ծ ես:

– Ո՛չ:

– Ուրեմն ես ինչո՞ւ պէտք է որ երթամ…:

– Դպրոցը պիտի սիրես, կը խորհիմ թէ պիտի սորվիս անուշիկ երգեր ու խաղեր:

– Չեմ ուզեր:

– Ամէն ցերեկէ վերջ պիտի գամ քեզ առնել դպրոցէն:

Կինը շատ տխուր էր տղուն դպրոց երթալուն համար, բայց նաեւ լաւ գիտէր թէ ան պարտաւոր էր երթալ:

Դպրոցին շէնքը իրեն եւ տղուն շատ տգեղ երեւեցաւ. Դասարաններն ու սենեակները շատ վախ պատճառեցին Ճիմին եւ Էմիին, ինչպէս տնօրէն Պրն.Պարպըրը:
Նոյնպէս չախորժեցան դպրոցի յատուկ այդ տարօրինակ հոտէն: Էմի արհամարհանք զգաց Պրն. Տնօրէնին հանդէպ:

– Ձեր զաւկին անունը ի՞նչ է,- հարցուց տնօրէնը:

– Անիկա բժիշկ Լուի Տէյվիի զաւակն է: Անունը Ճիմ է: Ես իրենց հոգատար կինն եմ:

– Ճէ՞յմս:

– Ո՛չ, միմիայն Ճիմ:

– Շատ լաւ, անգամ մը փորձենք զինքը առաջին դասարան դնել, եթէ չկարենայ, մանկապարտէզ կը տանինք:

– zԲժիշկ Տէյվի խնդրեց, որ ան առաջին դասարանէն սկսի եւ ո՛չ թէ մանկապարտէզէն,- պատասխանեց Էմի:

Էմի գիտէր, թէ փոքրիկ Ճիմ որքա՜ն վախցած էր նստած աթոռին վրայ: Ինք ջանաց ցոյց տալ, թէ զինք որքա՜ն կը սիրէր եւ տխրած էր այս բոլոր անհաճոյ նիւթերուն պատճառով: Ուզեց անոր անոյշ խօսք մը ընել, բայց չկրցաւ. շատ հպարտացաւ իրմով, երբ տեսաւ, թէ Ճիմ ինչպէս կրթեալ եւ շնորհալի ձեւով մը աթոռէն վար իջաւ եւ գնաց Պրն. Պարպըրին քով, որպէսզի ան զինքը առաջնորդէ դէպի իր նոր դասարանը:

Օր. Պիննի՝ առաջին դասարանի ուսուցչուհին, տարեց, նիհար կին մըն էր. դասարանը փոքր մանչուկներով եւ աղջիկներով լեցուն էր: Ճիմ գրասեղանի մը առջեւ նստաւ ու սկսաւ ուշադրութեամբ մտիկ ընել օրիորդը: Անուններէն ոմանք լսեց. Չարլս, Էրնէսթ, Ալվին, Նորման, Պէթի, Հաննա, Ժիւլիէթ, Վիօլա, Բօլի…:

Ճիմ ուշադրութեամբ մտիկ կ’ընէր, երբ յանկարծ լսեց Օր. Պիննիին ձայնը, որ կ’ըսէր.

– Հաննա Ուինթըր ծամածդ ի՞նչ է:

– Ծամոց,- պատասխանեց Հաննա:

– Աղբաման նետէ՛ ատիկա,- ըսաւ ուսուցչուհին:

Աղջնակը դասարանին դէպի առաջամասը քալեց եւ ծամոցը բերնէն հանելով աղբաման նետեց:

Ճիշդ այդ միջոցին Օր. Պիննիի ձայնը, դարձեալ լսեց որ կը հարցնէր այս անգամ Էրնէսթ Կասքինի:

– Ի՞նչ է ծամածդ:

– Ծամոց,- պատասխանեց տղեկը:

Ճիմ, Էրնէսթը սիրած էր:

Զբօսանքին, դպրոցին բակին մէջ երբ իրարու հանդիպեցան, Էրնէսթ քանի մը սրամիտ փոքր կատակներ պատմեց:

Իրիկուան արձակուրդին, Էմի կը սպասէր իրեն: Մինչեւ զայն տեսնելը երեսը կախ եւ մտահոգ էր:

Շատ զարմացաւ որ պզտիկը փոխուած չէր. ո՛չ վիրաւորուած ոչ ալ մեռած էր: Այս առաջին դպրոցական օրը եւ անոր վերաբերեալ ամէն ինչ կարծես աւելի վախցուցած էին զինքը, քան թէ փոքրիկ Ճիմը:
Էմի պզտիկին ձեռքէն բռնեց ու անոնք դէպի տուն քալել սկսան մտահոգ, բայց հպարտ…:

Այդ գիշեր հայրիկը շատ լուռ էր ճաշի միջոցին:

Ճիմ սկսաւ հարցումներ ուղղել իր հօրը եւ Էմիին այն անիմաստ կատակներուն մասին որոնք սորված էր Էրնէսթէն:

– Փողոցային տղո՛ց ի՞նչ կ’ըսեն:

– Լակոտ,- ըսաւ հայրիկը:

– Երեսդ է կեղտոտ,- ըսաւ Ճիմ:

Յաջորդ առաւօտ Ճիմ, քիչ մը դրամ ուզեց հօրմէն:

– Ի՞նչ պիտի ընես այդ դրամով,- հարցուց հայրը:

– Ծամոց պիտի գնեմ,- պատասխանեց ան:

Դպրոցի ճամբուն վրայ, Ճիմ Պրն. Թէյլըրի խանութէն ծամոց մը գնեց:

– Դպրոցը սիրեցի՞ր,- հարցուց Էմի:

Ճիմ վստահ չէր, բայց սիրած էր ծամոցի դէպքը, ինչպէս նաեւ Հաննա Ուինթըրը եւ Էրնէսթ Կասքինը:

– Չեմ գիտեր,- ըսաւ:

– Երգեցի՞ք:

– Ո՛չ, չերգեցինք:

– Խաղ խաղացի՞ք:

– Ո՛չ դպրոցին մէջ, բայց բակը այո՛,- պատասխանեց մանչուկը:

«Ամէն ինչ լաւ է» մտածեց փոքրիկ Ճիմ, «դպրոցի կացութիւնները շատ ալ նեղացուցիչ չեն»:

Օր. Պիննի դասարանին մէջ ըսաւ.

– Ճիմ Տէյվի, ի՞նչ կը ծամես:

«Հա՛, հա՛», խորհեցաւ եւ «Ծամոց» պատասխանեց: Յետոյ տեղէն ելաւ, դէպի աղբաման քալեց, ծամոցը նետեց եւ տեղը նստաւ:

Հաննա Ուինթըր եւ Էրնէսթ Կասքին երկուքն ալ զինքը տեսան: Այս պարագան դպրոցական այդ օրուան ամենալաւ մասն էր:

Զբօսանքի պահուն, Ճիմ, Էրնէսթին հարցուց թէ ի՞նչ ունի բերնին մէջ:

– Փիղի հում միս,- ըսաւ Էրնէսթ Կասքին. – Հապա դո՞ւն Ճիմ Տէյվի:

Ճիմ փորձեց ծամելիք շատ տարօրինակ բան մը մտաբերել, բայց չկրցաւ:

– Ձիւթ, ըսաւ:

Այս պատասխանին վրայ Էրնէսթ Կասքին շատ աւելի բարձր ձայնով սկսաւ խնդալ քան Ճիմը, երբ ինք խօսած էր փիղի հում միսի մասին:

– Ծիծաղելի էր, ինչ ըսած ըլլալդ կարեւոր չէ:

Երբ զբօսանքը վերջացած էր եւ անոնք դասարան կ’երթային Ճիմ նշմարեց Հաննան եւ հարցուց.

– Հաննա՛, ի՞նչ կը ծամես:

Աղջնակը շատ շուարած եւ տպաւորուած տարօրինակ հարցումէն, ուզեց շատ անոյշ պատասխան մը տալ, որովհետեւ Ճիմ իր անունը այնքան անկեղծութեամբարտասանած էր ու իրմով հետաքրքուած:

Դասարանին մօտեցած էին, շատ ալ ժամանակ չկար խորհելու. ուստի շուարած՝.«թութթի ֆրութթի», պատասխանեց ան աճապարանքով:

Ճիմ ամբողջ օրուան ընթացքին այս երկու բառերը կրկնեց . «թութթի ֆրութթի – թութթի ֆրութթի»:

Երբ Էմի եկաւ, «թութթի ֆրութթի» ըսաւ: Իրիկունը՝ ճաշի ընթացքին, հօրը պատմեց օրուան բոլոր անցուդարձերը Յետոյ յանկարծ «թութթի ֆրութթի» աղաղակեց Ճիմ:

– Այդ ի՞նչ է,- հարցուց հայրը շուարած:

– Ծամոց,- պատասխանեց Ճիմ. Հաննա Ուինթըրի ծամած տեսակէն:

– Հաննա Ուինթըրը ո՞վ է,- հարցուց հայրիկը:

– Իմ դասարանի ընկերուհիս է,- պատասխանեց Ճիմ:

– Օ՜, օ՜,- ըսաւ հայրիկը:

«Ամէն ինչ լաւ է» կրկին մտածեց փոքրիկ տղան: Դպրոցը գէշ չէ, սակայն ծամոցի խնդիրը շատ աղուոր է, իսկ Հաննա Ուինթըր շատ անուշիկ:

Մեծ ուրախութեամբ փիղի հում միսի մասին մտածեց. բարձրաձայն կրկնեց ամէն մէկը իր հօրը դառնալով: Ան իր թերթը կը կարդար երբ լսեց տղուն ձայնը, ծալլել սկսաւ լրագիրը, եկաւ տղուն քովիկը նստաւ:

Էմի երբ հայր ու զաւակը տեսաւ այսպէս գետինը, միասին, քով քովի, պատճառը առանց գիտնալու աչքերը արցունքով լեցուեցան…:

Գրեց: Ուիլիըմ Սարոյեան