Ստախօս Վարդուհի եւ Պարոն Մողէզը

Վարդուհի հետաքրքիր աղջիկ մըն է, եւ քիչ մըն ալ չարաճճի: Մայր ու հայր չունի, առանձին կ’ապրի…:

Օր մը «բուտինկ» եփել կ’ուզէ ե՜ւ ուզածը կ’ընէ, բայց ինչպէ՞ս: Ճիշդ է՞…: 

Ստախօս Վարդուհի եւ Պարոն Մողէզը

Կաղանդը կը մօտենար, մարդիկ կը պատրաստուէին Նոր Տարին դիմաւորելու: Ես եւ ընկերներս ուրախ ու զուարթ խօսակցեցանք տօնածառի զարդերու մասին: Երբ մեր փողոցը հասանք, երջանիկ տարիներ մաղթեցի անոնց ու դպրոցի ինքնաշարժէն իջայ:

Դէպի վեր, մեր տան պատուհանին նայեցայ: Վիզէս կախուած բանալիով շէնքին ծանր դուռը բացի, ու շէնքէն ներս մտայ:

Ուղղակի վերելակին(յարկէ յարկ փոխադրող գործիք) դրան մօտեցայ: Այդ պահուն շէնքին երկրորդ յարկին բնակիչներէն Պարոն Մողէզն ալ եկաւ: Ամէն մարդ այսպէս կ’անուանէ զինք, ո՛չ թէ միայն ես: Եթէ անգամ մը տեսնէիք, դուք ալ այդպէս կը կոչէիք, որովհետեւ Պր.Մողէզ միշտ այնպիսի հագուստ մը կը հագնի որ գոյնը միջավայրին համեմատ կը փոխուի: Ինչպէս միշտ, ահա՛, նորէն Գուչուն գիրկը՝ վերելակին գոյնը ստացած իր հագուստով դէմս կեցած է. ուշադրութեամբ կը նայի եւ կը խօսի:

– Մանուկները չեն կրնար առանձինն վերելակ բարձրանալ. վտանգաւոր է: Մայրդ ու հայրդ բնաւ չըսի՞ն քեզի:

Գուչուն փոքրիկ լեզու մը ունէր եւ շատ սիրունիկ:

– Հիմա, պզտիկ օրիորդ, ստիպուած քեզի հետ պիտի գամ մինչեւ ձեր յարկաբաժինը:

Գուչուն սկսաւ հաջել, կարծես իմ տեղս ան կը պատասխանէր Պր.Մողէզին: Պահ մը խորհեցայ. «Յուսանք թէ անասուններու մասին տեղեկութիւն ունենաք: Շուներու մասին ո՛չ, մողէզներու մասին: Սա ըսել կ’ուզեմ որ, արդեօք գիտէ՞ք, թէ ինչո՛ւ Մողէզ անունը տուած եմ իրեն: Մոռցած կրնամ ըլլալ ըսելու թէ մողէզները իրենց գոյները կը փոխեն գտնուած տեղին համեմատ: Այնպէս չէ՞… ինչ որ է…»:

– Դո՛ւն,- ըսաւ Պր.Մողէզ,- լեզո՞ւդ կլլեցիր, ինչո՞ւ չես խօսիր:

Այդ պահուն վերելակը արդէն իսկ հասած էր մեր յարկը:

– Շնորհակալ եմ,- ըսի, եւ լեզուովս ալ Գուչուին, «մնաս բարով» ըսի:

Վերելակը չմեկնեցաւ, հասկցած էի, Պր.Մողէզը կը սպասէր որ տունս մտնէի:
Դրան զանգակը հնչեցուցի, շնիկը դարձեալ հաջեց: Պր.Մողէզ բարկացաւ Գուչուկին, «Լռէ՛». ըսաւ, «Փոքրիկ օրիորդը թող տունը մտնէ»:

Վիզէս կախուած բանալիով, այդքան անձայն եւ վարպետութեամբ բացի որ դուռը, Պր.Մողէզ, դուռը ներսէն մէկը բացաւ կարծած ըլլալու է: Հայրիկիս շնորհիւ կարգ մը կախարդական գաղտնիքներ սորված էի: Այդ պատճառով ձեռքերս շատ արագ գործածել սկսած էի…:

Ներս մտայ եւ անմիջապէս դուռը գոցեցի: Պր.Մողէզը դեռ հոն էր: Դրան ետեւը սպասեցի ան մինչեւ որ վերելակ մտաւ եւ աշխատցուց, ես դրան վրայի խոշորացոյցէն դիտեցի զայն:

«Անոր հագուստները սա պահուս վերելակին եւ սանդուխներուն գոյները առած ըլլալու են», խորհեցայ: Վերջապէս վերելակը աշխատեցաւ ու գնաց:

Իմ տարիքիս աղջիկ մը անպայման իր մօրը, հօրը հետ պէտք է ապրի: Շատ ճիշդ է բայց ես այդ բախտաւոր տղոցմէ չեմ: Ոմանք ալ ինծի բախտաւոր կը նկատեն…:

Մայր ու հայր չունիմ ես… ազգականներս ալ, իրենց քով չուզեցին զիս:

Հօրաքոյրս, մաս-մաքուր շքեղ տան մը մէջ կ’ապրի, իր սիրունիկ փիսոյին հետ միասին: Չուզեց զիս, խորհելով որ ես իրեն չափ մաքուր չեմ կրնար ըլլալ:

Հօրեղբայրս շատ թափթփած եւ աղտոտ տան մը մէջ կը բնակի: Յետոյ. «Ես ամէն օր խաշած լուբիայ չեմ ուտեր» ըսի իրեն: Ան ալ չընդունեց զիս: Ան պարապ թիթեղներ(մետաղի թերթ) կը պահէ, հին լրագիրներով տախտակամածը կը ծածկէ, խխունջներ ման կու գան պարապ շաքարի ամաններու մէջ, սարդի(մամուկ) ոստայններով հիւսուած վարագոյրներ ունի, ու դեռ ինչե՜ր, ինչե՛ր…: Չմոռնամ ըսելու, մէկ մըն ալ թափառական կրիայ մը ունի. գիշերները ճեմիշը կը քնանայ:

Իրարմէ անճոռնի միւս ազգականներս, ա՛լ չպատմեմ… Ազգականներէս մէկը, զիս որբանոց մը տեղաւորել առաջարկեց: Երբ ես «Առանձին կրնամ ապրիլ» ըսի, բոլորն ալ շատ ուրախացան: Եւ «Առանց մօր եւ հօր, ինչպէ՞ս պիտի ապրիմ» չհարցուցին:

Ազգականներէս ամէն մէկը ամէն ամիս փոքր գումար մը կը յատկացնէ… այդքան միայն:

Հօրաքոյրս դրամատան մը մէջ հաշիւ բացաւ, եւ ինծի սորվեցուց թէ, քարդով ինչպէս պիտի ստանամ դրամս:

Այդ դրամով, նախ ճաշ պատրաստելու վրայ գիրք մը գնեցի: Անօթի չէի կրնար մնալ, հետեւաբար ճաշ եփել պէտք է սորվէի: Ճաշ եփելը շատ դժուար գործ էր. մանաւանդ սոխ մաքրելը: Այդ միջոցին կարծես մայրս ձեռքէս կը բռնէր հացն ու սոխը միասին կը ջարդէինք: Սկսայ, մանրուած սոխ եւ շերտ շերտ կտրուած հաց գնել, գործս դիւրացուցած էի:

Մեր տունը շատ պզտիկ էր, այնքան որ երբ ձեռքս բանալով շուրջ-բոլորս դառնալ ուզէի, մատներուս ծայրերը խոհանոցին պատերուն կը զարնուէին: Այնքան պզտիկ էր որ երբ թեւերս վեր բարձրացնէի, ձեռքերս ձեղունին(առաստաղ) կը հասնէին:

Թէեւ, աւելի մեծ էր մեր նախապէս բնակած շարժատունէն(քարաւան): Ես հոն ծնած էի, քանի որ մայրս ու հայրս գործի պատճառով յաճախ կը ճամբորդէին…: Եթէ շարունակէին հոն ապրիլ, թերեւս այսօր այդ կառքը ես պիտի գործածէի:

Խորհելով, երազելով, սկսայ «բուտինկ» շինել: Այլեւս «բուտինկ» եփելն ալ սորված էի: Հազիւ թէ «բուտինկ»ը եփած էր, դրան զանգակը հնչեց:

Ձեր մտքին մէջ միշտ հարցում մը կայ, այնպէս չէ՞, իմ տարիքիս աղջնակ մը ինչպէ՞ս առանց մօր ու հօր կրնայ ապրիլ: Այս հարցումին պատասխանը աւելի վերջ պիտի տամ:

Վազեցի դուռը բանալու, առանց մոռնալու, «Ո՞վ էք» ըսելը: Եկողը Պր. Մողէզն էր, որուն հագուստին գոյնը մեր դրան գոյնին հետ նոյնացած էր: Երբ դուռը բացի, պարոնը ըսաւ,-

– Մայրիկդ կրնա՞ս կանչել, փոքրիկ Վարդուհի:

– Մայրիկիս գլուխը շատ կը ցաւի, պառկած է,- ըսի:

Առանց ծնողքի կարենալ ապրելու համար դիւրութեամբ սուտ խօսիլ սորված էի: Պր.Մողէզը կասկածանքով նայեցաւ ինծի ու.

– Կը ներես, անհանգիստ ըրի,- ըսաւ, ու քայլ մը առաւ դէպի դուռ: Յանկարծ ետ դարձաւ եւ ուղղուեցաւ դէպի խոհանոց:

– Այրած «բուտինկ»ի հոտ կայ,- ըսաւ:

– Մայրիկիս համար պատրաստեցի,- ըսի:

Նայուածքին մէջ դեռ կասկած կար: Ծաղկաւոր վարագոյրին առջեւ կեցած ու անոր գոյները ստացած էր: Քիչ մը ջղայնացած էի: Ժամ առաջ «բուտինկ»ս ուտել կ’ուզէի: Պր.Մողէզը վերջապէս գնաց ու ես ախորժակով «բուտինկ»ս կերայ: Քիչ մը այրած էր, բայց վնաս չունէր:

Քիչ վերջ դուռը կրկին հնչեց: Ան էր նորէն. ձեռքը ունէր փունջ մը ծաղիկ, ծրար մը եւ տուրմով կարկանդակ մը:

– Այս ծաղիկները մայրիկիդ համար են, իսկ այս կարկանդակը եկո՛ւր, նստէ՛ միասին ուտենք,- ըսաւ:

Ան հիւրանոց անցաւ. ես ալ պնակները բերի: Պահ մը նշմարեց իր հագուստներուն գոյնի փոփոխութիւնը:

– Երբեք այսքան հետաքրքրական գոյներով բազկաթոռ մը չէի տեսած,- ըսաւ.

– Ասիկա, անուշիկ հայրիկիս բազկաթոռն է…:

– Աղուոր աղջիկս, ես հին օրերուն հետախոյզ(հետապնդող, հետքը փնտռող) էի,- ըսաւ, հետախոյզ ի՞նչ է, գիտե՞ս:

– Ես ապուշ չեմ… անշուշտ գիտեմ չարագործները կը հետապնդէք եւ կը ձերբակալէք…

– Ապրիս,- ըսաւ ու նստաւ: Նստած ատեն իր շուրջ գտնուող քանի մը առարկաներն ալ տապալեց: Ան եւ իր սիրունիկ Գուչուն վարժ էին փոքրիկ տան մը մէջ ապրելու, ճիշդ ինծի պէս:

– Գիտե՞ս,- ըսաւ. Գուչուն պարպուած պնակները լիզելը շատ կը սիրէ, խնդրեմ պնակդ անոր երկարէ:

Այդ միջոցին ոտքի ելայ ու մամայիս ձայնն է ըսելով՝ ներս վազեցի. Պարոն Մողէզն ալ ետեւէս եկաւ, ականջէս բռնելով սենեակ տարաւ եւ ըսաւ.

– Նստէ՛, քեզի չարաճճի, ինծի հետ մի՛ խաղար, ես երբեք չեմ խաբուիր: Շատ համբերատար հետախոյզ մըն եմ ես:

– Խնդրեմ, զիս որբանոց մի՛ տանիք:

– Ո՛չ, ոչ ես ալ որբ մեծցած եմ, օգնել կ’ուզեմ քեզի:

Պարոն Մողէզին հետ համաձայնեցանք իրարու օգնելու մասին:

Ան ինծի ամէն գիշեր համով ճաշեր կը բերէր, ես ալ անոր գիրքերը կը կարդայի: Ինծի աղուոր հագուստ մը նուիրեց, ես ալ խոստացայ ամէն առաւօտ Գուչուն պտըտցնել:

Ան ինծի քերականութիւն սորվեցուց, ես ալ ամէն օր անոր գրադարանին փոշիները մաքրեցի:

Չէ՞ք հարցներ թէ, Պր.Մողէզին ինծի բերած ծրարին մէջ ի՛նչ կար: Ըսեմ. պատմուածքներս գրելու համար սիրուն տետրակ մը…:

– Պատիժը վերջացա՛ւ…:

«Ահա՛, մայրիկիս ձայնը»…: Ես իրականութեան մէջ մայր ալ ունիմ, հայր ալ:
Ահաւասի՛կ մայրս, որ սենեակս մտաւ:

– Ասկէ վերջ առանձին «բուտինկ» եփել, վարագոյրները այրել չկայ, հասկցա՞ր Վարդուհի…

Դուք ալ հասկցաք այնպէս չէ՞, չարաճճիութիւն ըրած ու պատժուած էի: Սենեակիս մէջ երկար ատեն պատժուած մնացի ու այդ միջոցին, քիչ առաջ ձեզի պատմած հեքիաթը երեւակայեցի:

Այսինքն ես ծնողազուրկ(առանց ընտանիքի) չեմ, մայրս ու հայրս շատ կը սիրեմ…:

Ահաւասի՛կ, երեքս միասին խոհանոցն ենք եւ կը ճաշենք:

– Սենեակդ պատժուած մնալ, յուսամ որ քեզի դաս մը տուած ըլլայ,- ըսաւ մայրս: Ան մէկ կողմէ ալ պնակիս մէջ ոլոռն կը լեցնէր:

– Այո՛ մամաս, այդ միջոցին, առանձին ապրող աղջնակ մը երեւակայեցի:

– Հը՜մ…-ըսաւ հայրս…:

– Հը՜մ…-ըսաւ մայրս…:

– Գրելն ու կարդալը շատ հաճելի բաներ են,- ըսի:

– Շատ մի՛ խօսիր ու ճաշդ կե՛ր,- ըսաւ մայրս, որ շատ յոգնած կ’երեւէր:

– Ճաշելն ալ շատ յոգնեցուցիչ է,- ըսի: Ակռաներուս միջեւ ճզմուելէն ազատիլ փափաքող ոլոռնի հատիկը, աճապարանքով կոկորդէս անցաւ ու ստամոքսիս ճամբան բռնեց: Այդ վայրկեանին «ոլոռնի հատիկ»ին մասին խորհեցայ…:

Կարծեմ յաջորդ պատմուածքիս նիւթը գտած էի: